Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հռչակած Տարեցներու Տարուան Առիթով. Տարեցներու Յատուկ Ձեռնարկ` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

June 23, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2106jounieԿազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան,  շաբաթ, 21 յունիս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, հոգեւոր, ընկերային յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ ապա համանուն, յարակից սրահին մէջ, ներկայութեամբ ազգային երեսփոխան Սալբի Սիմիթեանի, շրջանի  քահանաներուն, տիկնանց եւ թաղական խորհուրդի կազմերուն, ԼՕԽ-ի անդամներու եւ տարեց թէ երիտասարդ  հաւատացեալներու բազմութեան: Արամ Ա. վեհափառին կողմէ 2014-ը «Տարեցներու տարի» հռչակման առիթով կազմակերպուած այս յատուկ ձեռնարկին բացումը կատարեց Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որ ողջոյնի եւ օրհնութեան հոգեւոր արարողութենէ ետք, ներկաները հրաւիրեց եկեղեցւոյ յարակից «Կարօ Գոնեալեան» սրահ: Այս առիթով Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ներկաներուն աւետեց, թէ ազնիւ բարերար մը սիրայօժար ստանձնած է մէկ տարուան տեւողութեամբ հաւատացեալներուն Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի երթեւեկի ծախսերը: Յատուկ փոխադրակառքեր ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ  հաւատացեալները Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն եւ Անթիլիասի «Սիմիթեան» շէնքերուն առջեւէն պիտի փոխադրեն դէպի Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցի:

Այս առիթով խօսք առաւ Սիմէոն քհնյ.  Կարապետեան, որ յայտնեց, թէ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը «եթէ ոչ միակը, գէթ առաջինը կը հանդիսանայ, որ կու գայ ընդառաջելու Արամ Ա. վեհափառի պատգամին, որ 2014-ը հռչակեց տարեցներու տարի»: «Այսօր այս սիրոյ սեղանին նպատակն է ձեզ մեծարել եւ ըսել` վարձքերնիդ կատար սիրելի մայրեր եւ հայրեր, դուք, որ ցեղասպանութեան ահռելի ջարդէն ետք, կեանքի դառն ու դժուար պայմաններուն մէջ կրցաք պահել ձեր օճախն ու հաւատքը եւ սերունդ պատրաստեցիք: Վարձքերնիդ կատար, որ յաջողեցաք ճշմարիտ հաւատք փոխանցել  յաջորդող սերունդին, որուն մաս կը կազմենք մենք, ներկաներս, երիտասարդներս», ընդգծեց Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան:

Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք ձայնի հաղորդավարն ու ծանօթ երգիչներ Յովսէփ Եսայեան եւ Սարգիս Հարմանտայեան օրուան յատուկ ժողովրդային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով ու մեկնումի պահուն ներկաներէն իւրաքանչիւրին բաժնուեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին  կողմէ տրամադրուած ու մակագրուած «Միշտ աղօթենք»  խորագիրով աղօթագիրք մը:

Նախորդը

Թուրք Ժխտողականները Չյաջողեցան Խափանել Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ելոյթը Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Յաջորդը

Միջին Արեւելքն Ու Հայկական Գաղութները Նիւթով Զրոյց

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.