Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հեռու Իր Աւանդութիւններէն` Ազգ Մը Կը Հեռանայ Իր Ինքնութենէն». Արամ Ա. Կաթողիկոս

June 21, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

10441240_10152605586138714_4077481595870065484_nՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ներկայ տարեշրջանի Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը հասաւ իր աւարտին: Երեքշաբթի, 17 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով. «Իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն»: Ան նախ բացատրեց աւանդութիւն բառը` ըսելով, թէ` «աւանդութիւնը սովորութիւններու ամբողջութիւն մը չէ, եւ ոչ ալ մեր առօրեայ կեանքին մաս կազմող ընթացիկ երեւոյթ մը, բարք մը կամ կենցաղակերպ մը: Այս մօտեցումը աւանդութեան սխալ հասկացողութիւնն է: Աւանդութիւնը, իր հարազատ ըմբռնումով, արժէքներու ու իտէալներու ամբողջութիւն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Առաքեալը կոչ կ՛ուղղէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, ըսելով` հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները (2 Թեսղ. 2. 15): Առաքեալը կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական հաւատքին առնչուած արժէքներուն ու բարոյական սկզբունքներու, որոնք կ՛երաշխաւորեն քրիստոնեային ինքնութիւնը»:

Ապա Արամ Ա. ըսաւ. «Քրիստոնէական ինքնութիւնը կ՛արտայայտուի զանազան մշակոյթներու ու ազգութիւններու ճամբով, ստանալով տուեալ մշակոյթին ու ազգին իւրայատկութիւնները: Այլ խօսքով` քրիստոնէական ու ազգային արժէքները, սկզբունքները ու իտէալները կը կազմեն ազգի մը իւրայատուկ աւանդութիւնները»:

Մեկնելով այս իրողութենէն` կաթողիկոսը յիշեցուց, թէ այս ընթացքը ստացած է նաեւ մեր ազգի ինքնութեան կազմաւորումը: Երբ առաքեալներու ճամբով քրիստոնէութիւնը թափանցեց մեր կեանքին մէջ, ան հետզհետէ ստացաւ ազգային նկարագիր: Քրիստոնէական ու ազգային աւանդութիւնները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուելով` կազմաւորեցին մեր ինքնութիւնը, եւ այդ ինքնութենէն յառաջացան մեր աւանդութիւնները:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ  ետք մեր ինքնութիւնը առողջ պահպանող աւանդութիւններու, սկզբունքներու ու իտէալներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, լայնօրէն անդրադարձաւ այն երեք կառոյցներուն, որոնց ճամբով կարելի է մեր ազգին ինքնութիւնը կերտել ու պաշտպանել.-

10462788_10152605586048714_2658211132623723202_nա.- Հայ ընտանիքը: «Մեր ժողովուրդին համար հայ ընտանիքը սրբազան կառոյց է. ան այր ու կնոջ միասին ապրիլը չէ, այլ` հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու վրայ բարձրացած կառոյց մըն է հայ ընտանիքը: Հո՛ն է, որ մենք կը ստանանք մեր կրօնական, բարոյական ու ազգային դաստիարակութիւնը»: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը խստիւ դատապարտեց երկու երեւոյթներ, որոնք սկսած են վերածուիլ բնական ընթացքի մը` խառն ամուսնութիւն ու օտար դպրոցի ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ:

բ.- Հայ եկեղեցին: «Մեր աւանդութիւններու պահպանման ու ինքնութեան կազմաւորման աղբիւրը ու միջնաբերդը հայ եկեղեցին եղած է ու կը մնայ: Հետեւաբար, հայապահպանման գծով կարեւոր դերակատարութեան է կոչուած մեր եկեղեցին: Ան իր այս կոչումը պէտք է աւելի շեշտէ մանաւանդ սփիւռքի ապահայացնող պայմաններուն մէջ», ըսաւ վեհափառը:

գ.- Հայ դպրոցը: Կաթողիկոսը յիշեցուց, որ` «Հայ դպրոցը սովորական իմաստով գիտելիքներ չի փոխանցեր հայ աշակերտին, այլ` մեր քրիստոնէական հաւատքը, ազգային ոգին ու մեր բարոյական ու ազգային աւանդութիւնները: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր դպրոցին առաքելութիւնը միշտ բնորոշուած է որպէս հայակերտում: Այս երեք կառոյցներու առողջ պահպանումով մեր աւանդութիւնները պիտի մնան առողջ ու անոնց ճամբով` մեր ինքնութիւնը»:

Վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը եզրափակեց վերաշեշտելով մեր աւանդութիւններուն ու ինքնութեան ամուր կառչելու հրամայականը ու այդ գծով հայ ծնողներուն դերը:

Յայտնենք, որ շուրջ հարիւր յիսուն կիներ այս տարի մասնակից դարձան Սուրբ Գրոց սերտողութեան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ` Կովսականի Մէջ Աշխատատեղեր Պիտի Բացուին

Յաջորդը

Սերժ Գալուստեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.