Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ` Կովսականի Մէջ Աշխատատեղեր Պիտի Բացուին

June 21, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապառաժ»

0619davitishkanianՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ կը նախատեսուի առեւտուրի նպատակով տարածք կառուցել եւ տրամադրել գործարարներու:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի համաձայն` ՀՅԴ-ի մտահոգութիւններուն կարգին միշտ ալ եղած է վերաբնակեցուած շրջաններուն մէջ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը, եւ բաւարար արդիւնք ապահովելու համար պէտք է նոր աշխատատեղեր բացուին:

Ան դիտել տուած է, որ մեկնելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային ծանր պայմաններէն` Կեդրոնական կոմիտէն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ իր ուժերը լարած է` փորձելով լուծել կարգ մը ընկերային հարցեր:

Այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին կուսակից ընկերներու, ինչպէս նաեւ համակիրներու նուիրատուութիւններուն միջոցով` Կովսականի մէջ առեւտուրի պայմաններ ստեղծելու առումով:

Բոլոր գործարարներուն պիտի տրամադրուի տարածք, որ կարելիութիւն պիտի տայ մանաւանդ կիներուն, որ աշխատավայր բանան:

Ան յոյս յայտնած է, որ այս նախաձեռնութեան կը միանան նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի ընկերները եւ համակիրները:

«Ինչպէս բազմիցս նշուել է` Դաշնակցութիւնը նաեւ աշխատանքի կուսակցութիւն է: Որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն` մեզ համար երկրում սոցիալական խնդիրների լուծման, սոցիալական արդարութեան հաստատման հարցը միշտ առաջնային տեղում է: Համոզուած ենք, որ մնայուն եկամուտներ ապահովելու համար կարեւոր է մնայուն աշխատանք ունենալը, եւ միայն այդ ճանապարհով է, որ ձեռք բերուած եկամուտները կարող են նպաստել սոցիալական իրավիճակի բարելաւմանը», նշած է Դաւիթ Իշխանեան:

Յիշեցնենք, որ հիմնականին մէջ Կովսականի մէջ կեդրոնացած են սուրիահայերը, որոնք, հակառակ այն հանգամանքին, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութենէն եւ կարգ մը կազմակերպութիւններէ ստացած են տարբեր օժանդակութիւններ, այնուամենայնիւ անոնց համար մնայուն աշխատանք ունենալը տակաւին առանցքային եւ չլուծուած խնդիրներէն է:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ

 

Նախորդը

Հրապարակախօսական-Բանախօսական-Գրախօսական Ընտրանի Էջեր. (Քննարկումներ, Վերլուծումներ, Դիտարկումներ, Հաստատումներ) (Հեղինակ` Պարոյր Աղպաշեան)

Յաջորդը

«Հեռու Իր Աւանդութիւններէն` Ազգ Մը Կը Հեռանայ Իր Ինքնութենէն». Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.