Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Նախագահին Ուղղուած 100-Ամեակի Հրաւէրը… Կամ` «Թուրք Ուիլլի Պրանտ»-ի Առասպելը

June 20, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1970-ի դեկտեմբեր 7-ին Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլլի Պրանտ ծունկի կու գայ Բ. Աշխարհամարտին նացի գերմանացիներու կողմէ սպաննուած հրեաներու յուշարձանին առջեւ
1970-ի դեկտեմբեր 7-ին Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլլի Պրանտ ծունկի կու գայ Բ. Աշխարհամարտին նացի գերմանացիներու կողմէ սպաննուած հրեաներու յուշարձանին առջեւ

Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առիթով` Հայաստանի նախագահը հրապարակային եւ պաշտօնական հրաւէր մը ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին, որպէսզի ցեղասպան պետութեան այսօրուան ներկայացուցիչը 2015 թուականին այցելէ Երեւան:

Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին ուղղուած Սերժ Սարգսեանի նախագահական հրաւէրը թէեւ յստակօրէն չի ճշդեր, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ի՛նչ կ՛ակնկալեն նման այցելութենէ մը, բայց թէ՛ հրաւէրին շարժառիթը եւ թէ՛ հիւրընկալին ու հիւրին ինքնութիւնը երեւութապէս կարիքը չեն զգացներ յաւելեալ յստակացումի…

Ի վերջոյ, 2015-ին կը լրանայ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ աւելի քան ակնյայտ է, որ Հայաստանի նախագահը Երեւան կը հրաւիրէ Թուրքիոյ նախագահը, որպէսզի այլ պետութեանց ղեկավարներու շարքին ան եւս ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը եւ խոնարհի մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներու յուշակոթողին առջեւ:

Յատկանշականօրէն Հայաստանի նախագահին «հրաւէր»-ով մեր իրականութեան մէջ ոմանք այնքան շատ խանդավառուած են, որ աջ ու ձախ սկսած են գովազդել, թէ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առիթով հայկական կողմը ահա՛ դիւանագիտական կարեւոր քայլ մը նետած է, թրքական դիւանագիտութիւնը զգալապէս ճնշումի տակ ինկած է, եւ հիմա գնդակը կը գտնուի թրքական կողմի դարպասին մօտ…

Անտեղի չէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան բառամթերքին օգտագործումը վերջին նշումին մէջ:

Ինչպէս 2008-ին, այնպէս ալ 2014-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան կը գործէ դիւանագիտութիւն «խաղալու» միեւնոյն տրամաբանութեամբ:

2008-ին Հայաստանի նախագահը կը կարծէր, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման ուղղութեամբ հայկական կողմը դիւանագիտական յաջողութիւն մը կ՛արձանագրէր` Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն մրցախաղը միասնաբար դիտելու համար Թուրքիոյ նախագահը Երեւան հրաւիրելով:

Իսկ 2014-ին նախագահ Ս. Սարգսեան միեւնոյն տրամաբանութեամբ կը կարծէ, ըստ երեւոյթին, որ նորագոյն իր հրաւէրին շնորհիւ թրքական պետութիւնը առնուած կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան առջեւ խոստովանելու դիւանագիտական ճնշումին տակ:

Բայց որեւէ լուրջ հիմք կա՞յ իբրեւ այդպիսին` իբրեւ Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման դիւանագիտական յաղթաթուղթ ընկալելու եւ գովազդելու Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը:

Որեւէ հիմք չկայ ենթադրելու համար, որ միջազգային հանրութեան առջեւ թրքական պետութիւնը կրնայ դիւանագիտական անհանգստացնող ճնշումի տակ յայտնուիլ «100-ամեակի հրաւէր»-ին պատճառով:

Թրքական դիւանագիտութիւնը շատոնց յստակացուցած է եւ վարչապետ Էրտողան տարբեր առիթներով պաշտօնապէս հաստատած է, որ Թուրքիա կը դատապարտէ թէ՛ իթթիհատական, թէ՛ քեմալական իշխանութեանց օրով հայ ազգաբնակչութեան դէմ գործադրուած խժդժութիւններն ու զանգուածային սպանդները:

Թրքական դիւանագիտութիւնը եւ Թուրքիոյ վարչապետը նոյնպէս կարեւորութեամբ աշխարհին յայտարարած են, թէ`

– Միայն հայ ազգաբնակչութեան դէմ ուղղուած չէին անցեալի այդ ոճիրները, այլ ուղղուած էին նաեւ այլ փոքրամասնութեանց եւ մինչեւ իսկ նոյնինքն թուրք ազգի զաւակներուն դէմ…

– Իսկ աւելի կարեւորը` թրքական պետութիւնը երբեք հետամուտ չէ եղած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան, որովհետեւ թուրք ազգը եւ մանաւա՛նդ իսլամութիւնը իրենց էութեամբ դէմ են նման ոճիրներու…

Այսինքն` թրքական պետութեան մերօրեայ ղեկավարները բեմը արդէն յարդարած են, որպէսզի իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր ու ժողովուրդ աշխարհին ներկայանան սեփական անցեալին ու պատմութեան հետ հաշտ հոգուով ապրելու պատրաստակամութեամբ:

Աւելի՛ն. թրքական պետութեան ներկայացուցիչները դիւանագիտական անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնը արդէն տեսած են, որպէսզի Հայաստանէն ստացուած Երեւան այցի «100-ամեակի հրաւէր»-ին ամենայն հանգստութեամբ ընդառաջեն` պայման դնելով, որ Թուրքիոյ նախագահին այցը ծառայէ որոշապէս հայ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակը յարգելու նպատակին, այլ ոչ թէ Թուրքիոյ հասցէին ցեղասպանի մեղադրանքներ շպրտելու «քաղաքականութեան»:

Թէեւ ինքնին բաւականաչափ ուժեղ եւ ազդեցիկ պետութիւն է Թուրքիա, այդուհանդերձ, այնքան ալ առանձին չէ դիւանագիտական իր այս յաղթարշաւին մէջ:

Թուրքիայէն առաջ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը ահա քառորդ դարէ ի վեր յանկերգի պէս կը կրկնէ, թէ հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին փաստօրէն գործադրուած է Մեծ եղեռն, բայց պատահած ողբերգութիւնը միայն «ենթադրաբար», այլ ոչ թէ իրապէս… ցեղասպանութիւն է:

Թուրքիա եւ անոր թիկունքը պաշտպանող Մ. Նահանգները փաստօրէն պատրաստած են միջազգային դիւանագիտութեան բեմահարթակը, որպէսզի Հայկական հարցին իբր թէ արդար լուծում մը գտնելու իրենց պատրաստակամութիւնը ցուցադրեն աշխարհին:

Եթէ Թուրքիոյ նախագահը Մեծ եղեռնի

100-ամեակին առիթով Երեւան գայ եւ խոնարհի հայ ժողովուրդի նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, այդ պարագային գտնուած կ՛ըլլայ, Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլլի Պրանտի օրինակով, թրքական պետութեան այն «քաղաքակիրթ» եւ «արդարախոհ» ղեկավարութիւնը, որ խորհրդանշական մեծ քայլը նետած կ՛ըլլայ անցեալի տխուր եւ դառն էջը փակելու ուղղութեամբ:

«Թուրք Ուիլլի Պրանտ»-ի առասպելը տասնամեակներէ ի վեր կը քաշքշուի ոչ միայն թրքական եւ մեծապետական ուժերուն, այլեւ հայ քաղաքական միտքի տարբեր թեւերուն կողմէ:

1970-ականներուն շղթայազերծուած Հայ դատի պայքարը պատռեց կեղծիքի շղարշը, որ յանուն հայեւթուրք երկխօսութեան հիւսուած էր «թուրք Ուիլլի Պրանտ»-ի մը սպասելու այդ առասպելին շուրջ:

Հայ դատի պայքարը կտրեց ռուպիկոնը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման պահանջատիրութենէն անդին անցաւ եւ անդառնալիօրէն շեշտեց քաղաքական արդար հատուցման հրամայականը` իբրեւ նախապայմանը հայեւթուրք յարաբերութեանց իրաւ բնականոնացման:

Հայաստանն ու հայութիւնը Մեծ եղեռնի 100-ամեակին կ՛ուղղուին` Հայ դատի պահանջատիրութեան արդար ու ամբողջական հատուցման հրամայականը միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձնելու օրակարգով:

Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած` 2015-ին Երեւան այցի Հայաստանի նախագահին հրաւէրը համապատասխան չէ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին կիզակէտը հանդիսացող հրամայականին:

Ինչպէս որ ատենին Արեւմտեան Գերմանիան, նացիականութեան զոհ գացած հրեաներուն Ողջակիզման համար հատուցում կատարելէ ետք, Ուիլլի Պրանտով եկաւ իր գլուխը խոնարհելու հրեայ զոհերու յիշատակին առջեւ, այնպէս ալ Հայաստանն ու հայութիւնը իրաւունք ունին պահանջելու եւ սպասելու, որ ցեղասպան թրքական պետութեան ներկայացուցիչները, Հայ դատին արդար հատուցում կատարելով, Երեւան այցի հրաւէր ստանան, որպէսզի գան եւ քաղաքակիրթ աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ իրենց գլուխը խոնարհեն բիւրաւոր մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ Հալաճօղլուի, Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան Անդամներուն 80 Տոկոսը Հայ Է

Յաջորդը

ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութիւնը Խանգարեց Աթէնքի Մէջ Ազերիական Համերգի Կազմակերպումը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.