Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեգ» Թատերախումբի Աշակերտներու Բաց Դասարանը Ստեղծեց Հետաքրքրութիւն

June 18, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_5570Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի երկրորդ դասարանի աշակերտները ուրբաթ, 13 եւ շաբաթ, 14 յունիս 2014-ին, «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» եւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոններուն մէջ իրենց ծնողներուն ու բարեկամներուն ներկայացան բաց դասարանի ընդմէջէն:

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, դպրոցական երկրորդ տարուան  աւարտին աշակերտները իրենց սովորական դասը կը կատարեն հանրութեան ներկայութեան, որպէսզի ծնողները ծանօթանան տարուան ընթացքին դասարանին մէջ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, որդեգրուած աշխատելաոճին, իրենց զաւակներուն տաղանդներուն եւ զանոնք կատարելագործելու իմաստով գործադրուող ճիգերուն:

Ուրբաթ օր «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ աշակերտները իրենց ընթացիկ վարժութիւններուն, թատերական հմտութեան վերաբերող դասերուն զուգահեռ ներկայացուցին «Սուտասան»¬ը, նաեւ ներկաները ծանօթացնելով բեմադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, իսկ շաբաթ օր «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի աշակերտները իրենց կարգին պատրաստեցին եւ ներկայացուցին դաստիարակիչ խորք ունեցող ներկայացում մը, որուն մէջ մայր մը իր երկու դուստրերուն կամքը անտեսելով իր մայրը` անոնց մեծ մայրը, կ՛ուղարկէ ծերանոց: Աղջիկները տեսնելով իրենց մօր առած այս քայլը, ո՛չ միայն կը նեղանան, այլեւ իրենց մօր կը յայտնեն, թէ նոյն ինքնաշարժը, որ իրենց մեծ մայրը հեռացուցած էր իր հարազատ բոյնէն, օրին մէկը նոյնը պիտի ընէ նաեւ իրեն:

IMG_5575Դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ծնողներուն եւ ներկաներուն ներկայացուց երկու տարիներու աշխատանքային ծրագիրը, դասաւանդութիւնները, աշակերտներուն հետ տարուած աշխատանքը, տաղանդները յայտնաբերելու եւ զանոնք զարգացնելու ձեւերը եւ այլն:

Գեղարուեստի դպրոցներու վարիչ տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են Համազգայինին, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին, որ բծախնդիր եւ հետեւողական կերպով կը հետեւի մանուկներուն ու պատանիներուն թատերական հմտութիւններու կատարելագործման: Ան նաեւ խօսեցաւ մեր կեանքին մէջ առհասարակ թատրոնի կարեւորութեան մասին` յատուկ կերպով անդրադառնալով հայկական իրականութեան մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան:

Աւարտին յայտարարուեցաւ, որ արդէն իսկ հաստատուած է «Արեգ» թատերական դպրոցի երրորդ դասարան, եւ աշակերտները պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի կարենան այդ դասարանին մէջ հետեւիլ թատերական ձայնամարզութեան եւ պարի դասընթացքներուն:

Զոյգ ներկայացումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին, որովհետեւ անոնք կենդանի եւ շօշափելի կերպով ծնողներուն ներկայացուցին երկու տարիներ շարունակ դասարաններու փակ դռներուն ետին տարուած աշխատանքին ամփոփումը:

 

Նախորդը

Քեսապահայերը Կը Վերադառնան Իրենց Բնօրրանը

Յաջորդը

«Ուքրանիան Կ՛աղքատանայ. Տեղացի Սակաւապետերը Միլիառաւոր Տոլարներ Կը Կորսնցնեն» Կը Գրէ «Ֆորպզ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.