
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը 12 յունիս 2014-ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Հանդիպումին ընթացքին խօսակցութիւնը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին աշխատանքները, ընդհանրապէս հայկական եւ մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ շրջանային վերջին զարգացումները:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ քահանայապետին մօտեցման ու ծրագիրներուն:


