Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Հայաթափումը – Ահազանգի Ղօղանջներ. 4. Հայ Դատի Ի՞նչ Ռազմավարութեամբ Կը Ներկայանանք Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակին

June 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քեսապի հայաթափումը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան աղէտալի վիճակը, իրենց հնչեցուցած ահազանգի ղօղանջներով, ծանրակշիռ հարցականներու առջեւ դրած են հայ ազգային ռազմավարութիւնը` Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման սեմին:

Ո՞ւր է կամ ո՞ր մէկն է համազգային այն ռազմավարութիւնը` պետական-հասարակական եւ ազգային-քաղաքական, որուն իրագործումով պիտի կարենանք Հայ դատի պայքարը իր արդար լուծման առաջնորդել` հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք:

Հարցականը նոր չէ, անշո՛ւշտ:

Միեւնոյն հարցականը կը դիմագրաւէինք Մեծ եղեռնի յիսնամեակին ալ, երբ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութեան տեղահանութենէն, աքսորէն ու սպանդէն, աւելի՛ն. հայրենի հողին յափշտակումէն եւ թրքացումէն յիսուն տարի ետք, առաջին անգամ ըլլալով Երեւանը ողողուեցաւ «Մեր հողերը, մեր հողերը» պահանջող հարիւր հազարաւորներու բողոքի ցոյցերով:

Խորհրդային լուծի տակ ապրող հայրենաբնակ հայութիւնը բողոքի այդ պոռթկումէն անդին չանցաւ եւ ի վիճակի չեղաւ Հայ դատի հետապնդման ռազմավարութիւնը մշակելու:

Իսկ սփիւռքի հայութիւնը կեանքի կոչեց Հայ դատի ուժական պայքարի ռազմավարութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քաշուած լռութեան պատի քանդումն էր` նպատակ ունենալով քաղաքական ճնշումի ազդու ալիքի բարձրացումը միջազգային տարողութեամբ, Թուրքիան եւ մեծապետական ուժերը դնելով Հայկական հարցին քաղաքական արդար լուծումը գտնելու հարկին տակ:

Մեծ եղեռնի յիսնամեակէն ետք որդեգրուած Հայ դատի ուժական պայքարի ռազմավարութեան պակսող գլխաւոր լծակը հայրենի հողի վրայ համախումբ ապրող եւ պահանջատէր կանգնող հայութիւնն էր, աւելի պարզ` պայքարը հողի վրայ յառաջ մղելու հայ ազգային ուժականութիւնն էր:

Այդ պատճառով էր, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ հակաթուրք ուժական գործողութիւնները նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ գրաւեալ հայկական հողերուն վրայ մղուող ազատագրական պայքարով փոխարինելու տարրական փորձերը կատարուեցան, որոնք սակայն թափ չկրցան հաւաքել:

Իսկ Հայկական պահանջատիրութեան յիսնամեակի զարթօնքէն կէս դար ետք, ահա դարձեալ եւ աւելի ծանր շեշտով, կը դիմագրաւենք Հայ դատի պայքարը հայրենացնելու ռազմավարութեան միեւնոյն մարտահրաւէրը:

Այդ առումով ծայր աստիճան ծանր կը ճնշէ այն գիտակցութիւնը, որ սուրիահայութեան տկարացումով եւ Քեսապի հայաթափումով Հայ դատի ռազմավարութիւնը կը դիմագրաւէ իր հաստատակամութեան եւ վճռականութեան հողը կորսնցնելու վտանգը…

Հայաստանի վերանկախացումով Հայ դատի ուժական պայքարի սփիւռքեան ռազմավարութիւնը փայփայեց այն յոյսը, որ վերջապէս պահանջատէր հայութիւնը պիտի կարենար պետականօրէն իրաւատէր ներկայանալ` հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութեան համար մարդկային, հողային եւ քաղաքական հատուցում պահանջելով:

Հայեւթուրք տխրահռչակ արձանագրութիւնները ծանր հարուած հասցուցին այդ յոյսերուն:

Հայ դատի պայքարը հայրենացնելու ռազմավարական մարտահրաւէրը վերստին ընկրկումի մատնուեցաւ եւ տագնապի մատնեց հայ քաղաքական միտքը, նոյնիսկ սուրիական տագնապէն եւ, մանաւանդ, Քեսապի հայաթափումէն առաջ:

Եւ ինչպէս որ հայեւթուրք արձանագրութեանց ստորագրութեամբ, այնպէս ալ սուրիահայութեան տկարացումով եւ Քեսապի հայաթափումով թրքական պետութիւնը ի միջի այլոց հաշուեյարդար կատարեց հայկական պահանջատիրութեան հետ:

Որքան ալ աջէն ու ձախէն փորձ կատարուի մեր ժողովուրդը ապակողմնորոշելու, թէ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս հայկական Քեսապին ողբերգութիւնը պէտք չէ կապել թրքական յատուկ ռազմավարութեան, իրողութիւնը դառնօրէն եւ դաժանօրէն կը մնայ այն, որ սուրիական ներքին պատերազմը բնաւ պիտի չյանգէր այս աստիճան հակահայ դրսեւորումներու, եթէ թրքական սադրանքի քաղաքականութիւնը ի գործ չդրուէր այսքան հետեւողականօրէն…

Ահազանգի ղօղանջներուն վերջինն ու մնայուն արձագանգ ունեցողը գիտակցութիւնն է այն անզօրութեան, որ մեր ժողովուրդը ի վիճակի չէ, Մեծ եղեռնի 100-ամեակին առիթով, աշխարհի չորս ծագերէն փութալու դէպի Տէր Զօր եւ հոնկէ աշխարհին լսելի դարձնելու Հայ դատի իրաւատէրի իր պահանջատիրական ձայնը:

Առանց նաեւ Տէր Զօրէն եւ Հալէպէն, Գամիշլիէն ու Քեսապէն պոռթկացող Հայ դատի պահանջատիրութեան` մեր ժողովուրդը չի կրնար քաղաքական արժանի պատասխանը տալ թրքական պետութեան ցեղասպանական շարունակուող այն յոխորտանքին, թէ հայերը եթէ հող կ՛ուզեն, թող գան եւ առնեն…

Հայկական Քեսապի վերականգնումը առանցքային նշանակութիւն ունի Մեծ եղեռնի 100-ամեակին ոգեկոչումը Հայ դատի պահանջատիրութեան հունով յառաջ մղելու ճամբուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Համար Համերգը Միացուց Ուրուկուէյահայութիւնը

Յաջորդը

Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.