Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Համար Համերգը Միացուց Ուրուկուէյահայութիւնը

June 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ

10464102_141844031844303Տասնամեակներու վրայ երկարող ուրուկուէյահայերու անմիաբանութիւնը պատմութեան մութ էջերու մէջ մնաց, երբ բոլորս միացանք, Քէսապի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն վիշտը կիսելու համար, համագաղութային համերգով մը պատգամ փոխանցելու մեր դարաւոր ոսոխին ըսելու համար, եւ թէ մենք չե՛նք մոռցած Քեսապի, Հալէպի եւ ընդհանրապէս սուրիահայերու այս դժնդակ օրերու աղէտալի վիճակը:

Ուս-ուսի տուած մեր գաղութի բոլոր կազմակերպութիւնները եւ երեք յարանուանութիւնները ի մի գալով, յաջողցուցին զօրակցական համերգ մը, յիշեցնելու մեր թշնամիին, որ չէ քնացած եւ կը շարունակէ մութի մէջ դաւեր լարել հայութեան դէմ, թէ մենք փաստը կու տանք, որ կ՛ապրինք եւ յառաջ կ՛երթանք` ըսելու թուրքին եւ իր բարեկամներուն, որ ձեր արիւնոտ ձեռքերու դիմաց, մենք հոս ենք, պիտի արարենք, ձեր կործանարար կենցաղին պիտի պատասխանենք մեր հայու հանճարով, մեր շինարար տաղանդով, կրկին անգամ փաստելով, որ հայու ոգին արթուն է կա՛յ ու կը գոյատեւէ:

10464102_1418440318443036_7178866807772353681_nԱյս մթնոլորտն ու շունչը կը թեւածէր Մոնթէվիտէոյի Մշակութային սրահին մէջ, որ կիրակի 8 յունիսին աննկարագրելի տեսք հագած էր, ոչ միայն տեղ չկար այդ հսկայ սրահին մէջ, այլ նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներ համերգին հետեւեցան ոտքի:

Բեմի վրայ կը տողանցէին երգչախումբեր, պարախումբեր, մեներգիչներ, երաժիշտներ, բոլորը այնպիսի ոգեւորութեամբ, յուզումով եւ հպարտութեամբ կը կատարէին իրենց դերերը, որ հանդիսատեսին տրամադրութիւնը բարձրացուցին այն աստիճանին, ուր բոլորս զգացինք, թէ հզօր ենք, աննկուն ենք երբ միասին ենք յատկապէս համահայկական կացութեան մը դիմաց, ինչպիսին է այսօր Քեսապի, Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան անբնական ու անմխիթար վիճակը եւ անոնց զօրակցելու հրամայականը:

Համերգին ընթացքին սկիզբ առաւ սրտաբուխ նուիրատուութիւն, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի:

Հոգեհարազատ եւ յուզիչ խօսքով հանդէս եկաւ քեսապցի մեր սրբազան առաջնորդը Յակոբ արք. Գըլնճեանը, որ ի միջի այլոց ըսաւ. «Երբ ամբողջ հայութիւնը միացած կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն, թուրքերը մտածեցին մեզի տալ շատ կարեւոր նուէր մը, որպէսզի երբեք չմոռնանք անոնց ինքնութիւնը եւ յաջողցուցին յարձակումն ու գրաւումը Քեսապի, երբ անոր խաղաղ բնակչութիւնը տակաւին կը քնանային: Այսօր ալ Հալէպի հայկական թաղերն են, որոնք թիրախ դարձած են Թուրքիոյ եւ Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներու աջակցութիւնը վայելող ոչ սուրիացի, այսպէս կոչուած ապստամբներու, այլեւ ծայրայեղական ահաբեկիչներու, որոնք իբր թէ ժողովրդավարութեան, անունով կը կռուին, այն ժողովրդավարութեան որ իրենց օժանդակող երկիրներու մէջ գոյութիւն չունի: Լուրերը, զորս կը ստանանք, ոչ միայն միակողմանի են այլ նաեւ սուտերով շաղախուած: Մենք, իբրեւ հայեր, տասնամեակներ ամբողջ արաբ բարեկամ երկիրներու եւ յատկապէս Սուրիոյ իսլամ մեր եղբայրներու հետ խաղաղութեամբ ապրած ենք եւ ոչ մէկ տեսակի խնդիր կամ հարց ունեցած ենք իրենց հետ, այդ կռուողները կապ չունին իսլամի հետ, անոնք վարձկան ահաբեկիչներ են», ըսաւ սրբազանը:

Այս զօրակցական համերգը իր աւարտին հասաւ, երբ բոլոր մասնակից խումբերը եւ հանդիսակաները, յոտընկայս եւ արցունքոտ աչքերով երգեցին «Երեւան-Էրեբունի» խմբերգը, որ քայլերգի հնչողականութեամբ կատարուեցաւ:

Մոնթէվիտէօ-Ուրուկուէյ

 

Նախորդը

Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը Կը Սգայ Ալիսիա Կիրակոսեանի Մահը

Յաջորդը

Քեսապի Հայաթափումը – Ահազանգի Ղօղանջներ. 4. Հայ Դատի Ի՞նչ Ռազմավարութեամբ Կը Ներկայանանք Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.