Անգլիական մամուլին կողմէ հրապարակուած այն լուրը, թէ ՖԻՖԱ-ն արգելք պիտի հանդիսանայ Քաթարի, որպէսզի անիկա չհիւրընկալէ 2022-ի Մոնտիալը, ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըրի կողմէ կ՛որակուի իբրեւ ցեղապաշտական մեղադրանք:
«ՖԻՖԱ-ին շուրջ իսկական փոթորիկ ստեղծուած է այդ գծով: Դժբախտաբար սակայն կու գամ ըսելու, թէ այդ բոլորը պարզապէս ՖԻՖԱ-ի եւ Քաթարի հասցէին ուղղուած ցեղապաշտական մեղադրանքներ են: Այդ ուղղութեամբ այժմէն ոչինչ կարելի է ըսել, որովհետեւ միայն յառաջիկայ սեպտեմբեր-հոկտեմբերին ամէն ինչ կը յստականայ, երբ ՖԻՖԱ-ի գործադիր խորհուրդը հրապարակէ իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը», կ՛ըսէ ՖԻՖԱ-ի 78 տարեկան նախագահը:


