Լոքոմոթիւ Մոսկուայի հետ ելոյթ ունեցող Արշակ Քորեան, որ հայկական արմատներ ունի, Ռուսիոյ ֆութպոլի պատանիներու հաւաքականին հետ կոլ մը նշանակեց Նորվեկիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:
Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ան նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը (3-0):


