Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ՎՃՌԱԿԱՆ ՁԳՁԳՈՒՄ

July 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան մինչեւ սեպտեմբեր ժամանակ տուաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի վերջինս կողմնորոշուի եւ ճշդէ իր պատուիրակները` բանակցելու համար ՀԱՔ-ի (Հայ ազգային քոնկրես) արդէն իսկ նշանակուած խումբին հետ:

Սերժ Սարգսեան, իր 17 յունիսի ելոյթով պատասխանած էր ՀԱՔ-ի պահանջներուն եւ յստակ դարձուցած, թէ ինք մտադիր չէ պատուիրակութիւն կազմել եւ երկխօսութիւնը յառաջ տանիլ այդ ձեւաչափով:

Հիմա, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, պատասխանելով Սերժ Սարգսեանին, կը յստակացնէ, որ ՀԱՔ-ի համար միակ ընդունելի տարբերակը` հաւասարէ հաւասար բանակցիլն է` երկու կողմերը ներկայացնող պաշտօնական պատուիրակութիւններով, որոնց մէջ իշխանութեանց կողմէն կրնան ընդգրկուիլ նոյնիսկ կենդանական աշխարհէն մարդիկ (ակնարկը կ՛երթայ Ազգային ժողովի նախագահին, որուն «Մուկ» մակդիրը ժողովրդականացած է):

Բանակցութեանց օրակարգն ալ ՀԱՔ-ի կողմէ կանխորոշուած է` արտահերթ ընտրութիւններ եւ սահմանադրական կարգի վերականգնում: Երկրորդը մեկնաբանութեան հարց է, անշուշտ, ու նախագահը կրնայ այդ օրակարգը իւրովի մեկնաբանելով` լուծում մը տալ անոր: Արտահերթ ընտրութիւններու հարցը, սակայն, պիտի դառնայ այս երկխօսութիւնը փակուղիի առաջնորդող ազդակը, պարզ այն պատճառով, որ նախագահին ու իր կողմնակիցներուն համար բացարձակապէս առնուազն անընդունելի է նախագահական արտահերթ ընտրութիւններու գաղափարը:

Այս առաջին պահանջի քննարկման ճամբով հաւանակա՞ն է, որ ՀԱՔ-ը բաւարարուի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններով: Նման տարբերակի ընդունման պարագային, Տէր Պետրոսեան անգամ մը եւս կրնայ յայտարարել, թէ իշխանութեանց կրցած է մղել զիջումի, միեւնոյն ժամանակ տիրանալով խոստացուած կամ առաջարկուած աթոռներու խմբաքանակին` խորհրդարանին մէջ:

Յամենայն դէպս, առայժմ, ՀԱՔ-ի երկխօսելու տրամադրութիւնը կրնանք բնութագրել վճռական, բայց` նաեւ պատրաստ` ձգձգումներու:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

ՃԱՏՐԱԿ. ԹԱՆՄԻԷ ԱԿՈՒՄԲԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԺԻՐԱՅՐ ՕԳՆԱՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐՐՈՐԴ

Յաջորդը

8-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ «ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ»Ի «ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ» ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.