Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապստամբ Ժողովուրդին Միայն Աստուած Կարող Է Յաղթել»

May 28, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զինանշան. ժանեակը հիւսուածքն է Շաքէ Գապագեան-Փիլաւճեանին:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զինանշան. ժանեակը հիւսուածքն է Շաքէ Գապագեան-Փիլաւճեանին:

19-րդ դարավերջին սկիզբ առած հայոց ազգային ազատագրական զինեալ պայքարը 28 մայիս 1918-ին իր լրումին հասաւ, երբ հայ ժողովուրդը վեցդարեայ երկարատեւ ընդհատումէն ետք վերստին տիրացաւ իր երբեմնի պետականութեանն ու սեփական հողին վրայ ազատ-անկախ ապրելու եւ արարելու իրաւունքն ու հնարաւորութիւնը ձեռք ձգեց: Վասնզի «իրաւունքը ուժի հասկացողութիւնն է, այլ ոչ` տրամաբանական»:

Գ. ՆԺԴԵՀ

Ասպատակութիւններու ենթարկուած ու պետականութենէն զրկուած ժամանակաշրջանին հայուն միտքն ու հոգին եւ անոր տոհմային ենթագիտակցութիւնը յարատեւօրէն յագեցած էր ազգային-պատմական յիշողութեամբ, ուր կորուսեալ պետականութեան վերականգնման գաղափարը, որպէս աւանդ ու կենսական պարտադրանք, փոխանցուած էր սերունդէ սերունդ` դառնալով գերիշխող անոր ծիներուն մէջ:

Մայիս 28-ն յաղթանակ էր համայն հայութեան, սակայն պատմութեան առջեւ չմեղանչելու համար ըսենք, որ թէեւ մայիսեան գոյամարտը համաժողովրդական պայքար էր յանուն արդարութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ կազմակերպչական առումով անիկա ունէր իր յստակ հասցէատէրը յանձինս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեանը, որուն օրուան ղեկավարութեան անձնուրաց ու նպատակասլաց գործունէութեան շնորհիւ իրականացաւ ու կայացաւ սերունդներու երազած ու հայ մտքին ու սրտին մէջ երկար ժամանակ փայփայուած հայոց ազգային պետութիւնը: Քանզի, «այն օրից, ընթերցող, երբ հայը վախենալ սկսեց մահից, այն օրից օտարը թագաւորեց Հայաստանում»:

Գ. ՆԺԴԵՀ

Պատմական իրադարձութիւններու անդրադառնալու փոխարէն, որոնք յայտնի են շատերուս, պիտի խօսիմ ամենակարեւոր գործօնին մասին, որուն շնորհիւ իրականացաւ մեր այս երազանքը. խօսքս հայոց միաբանութեան մասին է, որ դարեր շարունակ ջլատուած մնալով հանդերձ, ի վերջոյ Վարդանանց ասպետներու ոգիով նոյնինքն Աւարայրի մայիսեան ոգիով կրկին միաւորուեցաւ այս անգամ Հայաստանի սրտին` Արարատեան դաշտավայրի մէջ եւ մէկ ոգի ու մէկ բռունցք դարձած` խոցեց անիրաւ ոսոխը` անոր հասցնելով բազում դարերու կուտակած վրէժի հարուածը:

Այդ պահուն միաբան էր հայ ժողովուրդը` իր զինուորով ու սպայով, կղերականով եւ աշխարհականով, աշխատաւոր բանուորով ու համեստ մշակով, մտաւորականով ու գիտնականով: Մէկ խօսքով, հայերը ազգովին ոտքի էին` մեծ ու փոքր, կին ու տղամարդ եւ մէկ մարդու նման ազատութեան կանչին անսալով` պատրաստ էին ազգին ապագան կերտելու: Տեղին է յիշատակել «Առակաց գիրք»-ին հետեւեալ խօսքերը` «Գեղեցիկ ընթացք ունի այն թագաւորը, որուն զօրքը իրեն հետ է»:

Հայ ժողովուրդը 1918-ի մայիս 28-ին անպարտելի մնաց իր միասնական կամքին ու անսասան հաւատքին շնորհիւ, ինչը իր շարունակութիւնը գտաւ 1992-ի մայիսի 9-ին` Շուշիի եւ առհասարակ ամբողջ Արցախի ազատագրութեան ժամանակ, ուր Վարդան Դուշմաններու, Աշոտ Ղուլեաններու, Մոնթէ Մելքոնեաններու կողքին, կռուի ելած էին Սարդարապատէն, Ղարաքիլիսէէն ու Բաշ Ապարանէն յարութիւն առած Դանիէլ Բէկ Փիրումեաններու, Դրաստամատ Կանաեաններու, Արամ Մանուկեաններու եւ այլոց անմահ հոգիները` զիրենք առաջնորդելով յաղթանակէ յաղթանակ: Շուշիի մէջ Աւարայրի ու Սարդարապատի ոգին էր, որ կը թեւածէր` իրեն հետ արմատախիլ ընելով ամէն տեսակ դաւ ու պառակտում: Հայու անմահ հոգին էր, որ զարթնելով դարերու թմբիրէն` դէպի յառաջ կը խոյանար: «Նա, ով ընդունում է Աստուծոյ գոյութիւնը, ընդունում է նաեւ իր պարտականութիւնը հանդէպ գերագոյն իրականութեանց` ազգ, հայրենիք, պետութիւն»:

Գ. ՆԺԴԵՀ

Մայիսեան յաղթանակներու ոգին այսօր եւս կը շարունակուի, այս անգամ` Հայ դատի արդարացի լուծմանն ու հայրենաշինութեան տեսքով, ամուր կռուանը հանդիսանալով այն տեսլականին, որ մենք` հայերս կ՛անուանենք` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան:

ԲԱՐՍԵՂ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Տեսուչ`
Զմմառեան միաբանութեան`
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց,
Ս. Միքայէլ ընծայարանի

 

Հալէպ

,

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1964)

Յաջորդը

Անկախութեան Ապագան Լիարժէքօրէն Մեր Ներկային Մէջ Չի Ցոլանար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.