Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծ փոսեր յանկարծակիօրէն կը բացուին եւ կուլ կու տան մակերեսին վրայ ամէն ինչ, որ կը գտնուի: Սակայն ինչո՞ւ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը կազմուին անոնք:
Փետրուար ամսուն Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին «Քորվեթ» ինքնաշարժներու ազգային թանգարանին գետնին հսկայ փոս մը բացուեցաւ եւ անոր մէջ ինկան հաւաքածոյի թանկագին 8 ինքնաշարժներ: Այս փոսին տրամագիծը 12 մեթր էր, իսկ խորութիւնը` 9 մեթր: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կազմուեցաւ անիկա: Տակաւին ոչ մէկ պատասխան գտնուած է:
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նման բան մը կը պատահի. նման ուրիշ յանկարծակի փոսեր մեծ վնասներ հասցուցած եւ զոհեր խլած են: Մարտ 2013-ին Ֆլորիտայէն ամերիկացի մը «կուլ գացած» է իր անկողինին մէջ քնանալու ընթացքին: Անոր սենեակին տակը բացուած փոսը 30 մեթր տրամագիծ ունէր եւ` 15 մեթր խորութիւն:
***
Այս հսկայական փոսերը անգլերէնով կոչուած են «սինքհոլ», որ կը նշանակէ լուացարանի ծակ: Անոնք կրնան ունենալ 1-600 մեթր տրամագիծ:
Զօրաւոր անձրեւներէ, խողովակներուն կամ կոյուղիներուն մէջ ջուրի ծակ մը բացուելէ ետք գետնին տակ մեծ քանակով ջուր կը հոսի: Անիկա կը հալեցնէ կրային ժայռերը եւ մեծ պարապութիւն մը կը կազմուի: Մակերեսին վրայի հողը կը կքի:
***
Կուաթեմալայի մէջ 2010 թուականին 30 մեթր տրամագիծով եւ 70 մեթր խորութեամբ փոս մը բացուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ: Անիկա կուլ տուած Է 3 յարկանի շէնք մը եւ խաչմերուկ մը, բարեբախտաբար` առանց զոհեր խլելու: Գետինը կքած է փոթորիկէ մը ետք: Սակայն այս երեւոյթը արագացած է գետնին տակը գտնուող խողովակներու դրութեան եւ մակերեսին վրայ փոխադրակառքերէ յառաջացած թրթռացումներուն պատճառով:
Այս հսկայական ծակերը յաճախակի են երկրագունդին կարգ մը շրջաններու մէջ, յատկապէս` ամերիկեան բազմաթիւ նահանգներու մէջ, կամ` Չինաստանի մէջ, ուր 2009 թուականին յառաջացան 129 փոսեր:
Երկրագունդին Զոյգը
Աստղագէտներու խումբ մը գտած է, մեր արեգակնային դրութենէն դուրս, երկրագունդին չափով առաջին մոլորակը:
Ինչո՞ւ այս մոլորակը իւրայատուկ է:
Անոր իւրայատկութիւնը իր չափն է: Մինչեւ հիմա ամերիկեան անջրպետային աստղադիտակի` «Քեփլեր»-ի գտած մոլորակները երկրագունդէն 1,4 կամ 2 անգամ աւելի մեծ էին: «Քեփլեր -186ֆ» անուանուած այս մոլորակը մեր երկրագունդին նմանող մոլորակ մըն է:
Ինչէ՞ բաղկացած է անիկա
Շատ հաւանաբար ան կազմուած է ժայռերէ, եւ ջուր գոյութիւն ունի անոր վրայ: Անիկա կը գտնուի բնակելի շրջանի մը մէջ, իր աստղէն ո՛չ շատ հեռու, ո՛չ շատ մօտ: Հետեւաբար ան ո՛չ շատ տաք է, ո՛չ ալ շատ պաղ: Ըստ առաջին ուսումնասիրութիւններուն, մթնոլորտային պայմանները յարմար են, որպէսզի ջուր (հեղուկ վիճակի մէջ) գոյութիւն ունենայ անոր մակերեսին վրայ: Սակայն այժմ այս բոլորը ենթադրութիւններ են:
Արդեօք հոն կեանք կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ, կամ` գոյութիւն ունեցա՞ծ է:
Սկզբունքով հոն ջուր գոյութիւն ունի: Եւ այս դրութիւնը գոյութիւն ունի միլիառաւոր տարիներէ ի վեր: Հոն հաւաքուած են բոլոր պայմանները, որպէսզի կեանք գոյութիւն ունենայ:
Ամերիկեան անջրպետային նոր աստղադիտակ մը` «Ճէյմս Ուէպ», պիտի արձակուի 2018 թուականին: Արդեօք անիկա պիտի կարենա՞յ մեզ աւելի լուսաբանել:
Հաւանաբար` ո՛չ: «Քեփլեր-186ֆ» աստղը շատ լուսաւոր չէ: Եւ այս նոր մոլորակը մեզմէ շատ հեռու է, 500 լոյսի տարի (մէկ լոյսի տարին հաւասար է 9460 միլիառ քիլոմեթրի): «Ճէյմս Ուէպ» աստղադիտակը պիտի չկարենայ ուսումնասիրել անոր մթնոլորտը: Նման պատասխան մը ստանալու համար տակաւին պէտք է հնարել շատ զարգացած եւ ճշգրիտ գործիքներ:
2009-ին արձակուած «Քեփլեր» աստղադիտակը տակաւին մեզի անակնկալներ կը պահէ՞:
Սկիզբը աստղադիտակը յայտնաբերած է աւելի մեծ մոլորակներ: Արեւուն շուրջ 365 օրէն դարձող երկրագունդին չափով մոլորակներ գտնելու համար պէտք է քանի մը տարին ուսումնասիրել` նշան մը լաւ բացատրել կարենալու համար: Հետեւաբար այս բոլոր տուեալները կ՛ուսումնասիրուին տակաւին: «Քեփլեր -186ֆ» իր աստղին շուրջ կը դառնայ 130 օրէն: Յառաջիկայ ամիսներուն, տարիներուն ընթացքին, վստահաբար, ուրիշ յայտնաբերումներ տեղի պիտի ունենան:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ





- Ճոն Քոքըրի նախասիրած ժամանցը հրթիռներ շինելն է: Ան շինած է ութ հրթիռներ` անոնց տալով մոմէ մատիտներու հսկայական տուփի մը ձեւը: Վեց տարուան աշխատանքէ ետք ան ուղղուած է Նեւատայի անապատը` զանոնք թռցնելու համար: Միայն չորս մատիտներ արձակուեցան, սակայն անոնք հասան 892 մեթր բարձրութեան:
- Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին մէջ արգիլուած է գրպանին մէջ պաղպաղակ դրած պտտիլ:
- Երբ կը փռնգտաս, մանրէները եւ աղտոտութիւնները բերնէդ կ՛արձակուին ժամական 56 քմ արագութեամբ:
- Գոյութիւն ունի ձուկի տեսակ մը, որուն ակռաները անոր ստամոքսին մէջ կը գտնուին, իսկ երիկամները` անոր գլխուն մէջ:
- Աչքի քթթոց մը կը տեւէ մօտաւորապէս 0,3 երկվայրկեան:
- Թեւատները կրնան իրենց գլուխները դէպի ետեւ ծռել իրենց կռնակը քերելու համար: Անոնց վիզը ունի զոյգ յօդեր, որոնք անոնց կարելիութիւնը կու տան հասնելու իրենց մարմնին վրայ ամէնէն դժուար վայրերը:
- Նորվեկիոյ մէջ գոյութիւն ունի քաղաք մը, որուն անունը «Դժոխք» է:
- Բուերը երեք կոպ ունին:
- Անգլիացի ագարակապաններ նշմարած են, թէ իրեն կովերը տարբեր բառաջներ ունին, ըստ իրենց հօտերուն:
Ժամանց






