Ռուսիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Տմիթրի Ուլիանով հրապարակեց անունները այն 23 մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2014-ի զտումի մրցումներուն:
Ան նկատի առաւ նաեւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յառաջապահ Արշակ Քորեանը, որ կը նկատուի բաւական խոստմնալից ֆութպոլիստ մը:
Սակայն այդ 23 մարզիկներէն միայն 18-ն պիտի մասնակցին զտումի մրցաշարքին:
Ռումանիայէն բացի Ռուսիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Աւստրիա եւ Նորվեկիա:


