Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

May 22, 2014
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի 90-Ամեակ

 

0505gabouyd-khatchՄայիս 5-ին Աթէնքի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի 90-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լիւսի Շանկայեան, որ անդրադարձաւ յոբելենական թուականներու նշումի անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, թէ անոնք նպատակներու եւ առաջադրանքներու վերարժեւորման, ինչպէս նաեւ հինին քով նոր արժէքներ որդեգրելու առիթներ են: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հ. Կ. Խաչի ունեցած գործունէութեան` 90 տարուան ընթացքին: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան եւ ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, որոնք գնահատեցին միութեան եւ նուիրեալ անդամուհիներու ազգային ծառայութիւնը:

Միութեան անցած ուղիին, 90-ամեայ ձեռքբերումներուն, հայ կնոջ եւ յատկապէս սփիւռքահայ կնոջ վերաբերող հարցերուն մասին անդրադարձաւ օրուան բանախօս Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Պոլիս

Սուրիահայերուն Ի Նպաստ
Նկարչական Ցուցահանդէս

Մայիս 11-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուեցաւ նկարչական ցուցահանդէս` մասնակցութեամբ 53 նկարիչներու. ցուցահանդէսին ամբողջ հասոյթը պիտի նուիրուի Սուրիոյ աղէտեալներուն:

Արամ արք. Աթէշեան շնորհաւորեց բոլոր այն նկարիչները, որոնք բարեհաճած էին նուիրելու իրենց ստեղծագործութիւնները: Ապա բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիա ապաստանած սուրիահայերու մասին:

Երուանդ Օտեանին Նուիրուած Օր

0305odianՄայիս 3-ին Պոլսոյ համալսարանի Համաժողովի մշակութային կեդրոնին մէջ, «Իսթանպուլ. Սիրողական թատրոնի օրեր» անուան տակ կազմակերպուեցաւ զրոյց մը` նուիրուած նշանաւոր թատերագիր եւ գրագէտ Երուանդ Օտեանին: Այս ձեռնարկը միասնական աշխատանքն էր թուրք եւ հայ թատրոնի մասնագէտներու: Օրուան բանախօսներն էին` Պոլսոյ Շեհիր համալսարանէն Մեհմեթ Ֆաթիհ Ուսլու, Էօզեղին համալսարանէն Ֆըրաթ Կիւլլիւ եւ Մուրատ Ճանքարա, իսկ ընթերցումով ներկայացման բաժինին մէջ` «Պէրպէրեան» խումբէն Պօղոս Չալկըճեան եւ Պոլսոյ համալսարանի ուսանողներ:

Մեհմեթ Ֆաթիհ Ուսլու լայն գիծերու մէջ ներկայացուց Երուանդ Օտեանը` որպէս թատերագիրի եւ գրագէտի, ապա անդրադարձաւ անոր գործերուն, ինչպէս` «Ընկեր Փանջունի», «Չարշըլը Արթին Աղա» եւ այլն:

Պօղոս Չալկըճեան ընթերցումով ներկայացուց Երուանդ Օտեանի գործերէն նմուշներ:

Ֆըրաթ Կիւլլիւ խօսեցաւ Երուանդ Օտեանի թատերախաղերուն մասին, իսկ Մուրատ Ճանքարա լայն տեղեկութիւններ տուաւ Երուանդ Օտեանի նշանաւոր «Չարշըլը Արթին Աղա», «Ընկեր Փանջունի» եւ «Հերոսախաղ» գործերուն մասին:

Թուրք Լրագրողը Վերահրատարակած Է
Մուսա Լերան
Պաշտպանութեան Մասին Գիրքը

osman-koker---AuthorՅայտնի թուրք լրագրող ու հրատարակիչ Օսման Քոքեր նոր խմբագրութեամբ  հրատարակեց «Անթաքիա, Իսքենտերուն, Մուսա Տաղ» գիրքը: Գիրքը կը պատմէ լերան հերոսական պաշտպանութեան մասին, ուր ներկայացուած են մինչեւ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին վերաբերող լուսանկարներ, բացիկներու եւ փաստաթուղթերու հաւաքածոներ` Օրլանտօ Քարլօ Քոլումելոյի հաւաքածոյէն, ինչպէս նաեւ եզակի լուսանկարներ` Ալեքսանտրեթի, Անտիոքի եւ Մուսա Լերան ստորոտի գիւղերու հայերու կեանքին մասին:

Օսման Քոքեր կը բերէ Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւնները, մասնաւորապէս` Մարաշի աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Տիգրան Անդրէասեանին վկայութիւնը, որ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ լերան պաշտպանութիւնը:

Օսման Քոքեր կայսրութեան սուլթաններու յայտնի ճարտարապետ, ծագումով հայ Սինանի ընտանիքէն է:

 

Կիպրոս

Հրայր Ճէպէճեան Կ՛արժանանայ
Դոկտորական Վկայականին

1405Hrair-JebejianԱստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Խնամակալ մարմինը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան, 14 մայիս 2014-ին ստացած է  դոկտորական վկայական` յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճառը` «Քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումը եւ  կիրարկումը հնդիկ աշխատաւորներու կողմէ անոնց արտերկեայ  աշխատանքային կեանքին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ»:

Ճէպէճեան իր վկայականը  ստացաւ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական  Ճեմարանէն` Աստուածաշունչի յանձնառութիւն ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալն ու  հասկնալը` մեկնելով անհատին  եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային  տուեալներէն:

Այս առիթով «Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր մնայուն աշխատակիցներէն Հրայր Ճէպէճեանը:

 

Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական»
Մասնաճիւղի Ձեռնարկները

hamazkayin_Cyprus* Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Դիմակ» թատերախումբը մայիսի սկիզբը Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատերասրահին մէջ  ներկայացուց Նաթաշա Թաւուգճեանին հեղինակած ու բեմադրած «Դրախտին ճամբան գիտե՞ս…» կատակերգութիւնը:

* 10  մայիսին Ստրովոլոսի քաղաքապետական հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը` ընկերակցութեամբ մանկապատանեկան «Նանօր» պարախումբին:

15 պարերէ բաղկացած յայտագիրը ընթացաւ սահուն կերպով, հայրենի արուեստագէտ եւ պարուսոյց Պետրոս Ղարիպեանի ղեկավարութեան տակ:

 

Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Երգչախումբերու Համերգ

Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբերուն համերգը, որ նուիրուած էր  տասնամեակներու խմբավարներ Վահան Պետելեանի եւ Հայրապետ Թորոսեանի յիշատակին:

Երգչախումբերու վարչութեան անունով Ալեք Ալթունեան դրուատեց Պետելեանին եւ Թորոսեանին անխոնջ աշխատանքը` հիմնելով եւ տասնամեակներ շարունակ ղեկավարելով երգչախումբը:

Նիկոսիոյ քաղաքապետ Կոստանիտինոս Եորկաճիս մատնանշեց երկու խմբավարներու ներդրումին կարեւորութիւնը` մայրաքաղաքի եւ ընդհանրապէս կղզիի երաժշտական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երէցներու, պարմանուհիներու եւ փոքրիկներու երգչախումբերը, որոնց միացան նաեւ ջութակի ընկերակցութեամբ` Լուսի Յովհաննէսեան, տհոլի վրայ` Հայկ Մահտեսեան, քանոնի` Ալիսա Ոսկանեան, իսկ դաշնակի` Նառա Սարտարեան, որ նաեւ խմբավարեց երգչախումբը: Փոքրիկներու երգչախումբին խմբավարն էր Վիքի Գույումճեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Դեսպան Ճէյմս Ուորլիք Այցելեց
Ազգ. Առաջնորդարան

IMG_0821Մայիս 2-ին առաջնորդ սրբազանը ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի այցելութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին` իր տուած այցելութեան ու հայ գաղութին հետ երկխօսութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց դեսպանին առարկայական մօտեցումը եւ ճշմարտութեան յանձնառութիւնը: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց հայկական եկեղեցիներու, գերեզմաններու եւ պատմական յուշարձաններու եւ մշակութային կոթողներու աւերման մասին, որոնք պատճառ կը դառնան հայկական ինքնութիւնը ջնջելու այն տարածքներէն, ուր դարեր շարունակ հայեր ապրած են:

Դեսպանը համաձայն գտնուեցաւ, որ այս քանդումները մտահոգիչ են, եւ միջոցներ պէտք է ձեռք առնուին պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնները: Իսկ Արցախի մասին անդրադառնալով` ան հաստատեց, որ թէեւ շատ դժուար հարց է, սակայն ինք կը յուսայ, թէ իսկական բանակցութիւններով կարելի է լուծման յանգիլ, եւ հաստատեց իր յանձնառութիւնը` մնայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան հասնելու համար:

Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանի ճիգերուն համար եւ աւելցուց, թէ սփիւռքահայութիւնը մտահոգութիւններ ու ակնկալութիւններ ունի, որոնք պէտք է նկատի առնուին: Այս աոիթով առաջնորդ սրբազանը յարգելի հիւրին յանձնեց արուեստագէտ Հրայր Բազէի «Երկիր 2 երկիր» նկարչական ալպոմը եւ Ճափոնի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան Տայանա Աղաբեկ Աբգարի «Ֆրամ տը պուք աֆ ուան թաուզընտ թէյլզ. սթորիզ աֆ Արմինիա էնտ ից փիփըլ» գիրքը:

Յայտնենք, որ 1 մայիսին առաջնորդ սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ յատուկ ընդունելութեան եւ հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ մշակութային հիմնարկութեան կեդրոնին մէջ:

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի 30-Ամեակը

HOM-30th-Anniversary2Մայիս 2-ին «Տաղլեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀՕՄ-ի 30-ամեակը:

Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ շրջանի ՀՕՄ-ի 30-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող տեսերիզ մը: Ապա սրտի խօսք փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, որոնք  բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի տեղական եւ հայրենանուէր գործունէութիւնները` խոստացան շարունակել իրենց նիւթական օգտակար ներդրումը կանացի այս մեծ կազմակերպութեան մարդասիրական ծառայութիւններու յաջողութեան համար:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լենա Պոզոյեան խօսք առնելով` հաստատեց, թէ շրջանի ՀՕՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` պիտի շարունակէ իր երթը հայակերտման եւ ազգային ծառայութեան մէջ:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց շրջանի ՀՕՇ-ի կապ Անի Քէշիշեան, որ շնորհաւորելով շրջանի ՀՕՄ-ի 30-ամեակը, վեր առաւ անոր տեղական եւ համահայկական մակարդակի աշխատանքները, յատկապէս ընդգծելով անոր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը հայոց լեզուի ու մշակոյթի ջահը վառ պահելու գործին մէջ:

Աւարտին, Շրջանային վարչութեան անունով յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան ամոլին` իրենց ունեցած ներդրումին համար: Գնահատանքի յատուկ յուշատախտակներ յանձնուեցան նաեւ ՀՕՄ-ի երկար տարիներու նուիրատուներ Յակոբ եւ Մինա Շիրուանեան ամոլին եւ Կարէն Բենեասեանին:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Րաֆֆի» Մշակութային Ընկերակցութեան
 50-Ամեակը

Raffy-Armenian-Cultural-AssociationՄայիս 3-ին Պեւըրլի հիլզի մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանահայ «Րաֆֆի» մշակութային  ընկերակցութեան 50-ամեակի  տօնակատարութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ  Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան գիրով գնահատած էր «Րաֆֆի» ընկերակցութեան  50-ամեայ գործունէութիւնն ու անոր նուիրեալ  ծառայողները:

Առաջնորդ սրբազանը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ անդրադարձաւ ընկերութեան գործունէութեան եւ անոր ունեցած ներդրումին` գաղութին մէջ:

 

Ռուսիա

Ատրիըն Պրոտի, Տասթին Հոֆման Եւ Ալեն Տըլոն`
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնի Մը Մէջ

adrian-brody«Արմինիա փրոտաքշըն» շարժապատկերի արտադրութեան ընկերութեան նախագահ,  շարժապատկերի ռուսահայ արտադրիչ Վալերի Սահակեան պիտի արտադրէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը, որուն գլխաւոր դերերը պիտի ստանձնեն` Ատրիըն Պրոտի, Տասթին Հոֆման եւ Ալեն Տըլոն:

Վալերի Սահակեան յայտնեց, որ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութենէն վերապրած է: Ան նետուած է բոցավառող թոնիրին մէջ, վստահ ըլլալով, որ պիտի մեռնի, սակայն ողջ մնալով ապրած է, իրեն պատմելով այն բոլոր սարսափներուն մասին, որոնց ականատես եղած է:

Ժապաւէնին նիւթը կը զարգանայ Փարիզի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ, եւ անոր հերոսն է Կոմիտաս վարդապետ:

Սահակեան վերջերս կապ հաստատած է Սերժ Թանգեանի հետ, որ համաձայնած է յօրինել ապագայ ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Օսկարակիր դերասան Ատրիըն Պրոտի պիտի ստանձնէ ժապաւէնին գլխաւոր դերը:

 

Նախորդը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Մայր Էք

Յաջորդը

Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի Սկաուտական Շարժման Բոցավառ Ջահը Կը Փոխանցուի Սերունդէ Սերունդ

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.