Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Հայերը» Բ. Գիտաժողովը Եզրափակուեցաւ «Պատմական Պտոյտ Մը Պուրճ Համուտի Մէջ» Դասախօսութեամբ

May 17, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վիգէն Աւագեան
Վիգէն Աւագեան

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովի ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտը ներկայացնող դասախօսութիւն-ներկայացում մը:

Վիգէն Աւագեան ներկայացուց «Պատմական պտոյտ մը Պուրճ Համուտի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի զարգացման պայմաններուն եւ հանգրուաններուն: Ապա սահիկներու օգնութեամբ Վիգէն Աւագեան ներկայացուց Պուրճ Համուտի հիմնադրութեան եւ կազմաւորման տարիներէն մինչեւ այսօր երկարող հանգրուանային պատկերը, ան անդրադարձաւ 1929-1939 ժամանակաշրջանի կազմաւորման տարիներու հանգրուանին, ապա ներկայացուց Պուրճ Համուտի բնակչութեան 1939-1952 տարիներու ապրած տագնապի եւ խարխափումի հանգրուանը, որուն անմիջապէս յաջորդեց 1952-1975 ժամանակաշրջանը, որ Վիգէն Աւագեանի ներկայացուցած արժեւորումով կը ներկայացուէր իբրեւ բարգաւաճման եւ հայեցի դիմագիծը վերագտնելու հանգրուան, իսկ յաջորդող ժամանակաշրջանը` 1975-1990` իբրեւ ազգային միջնաբերդի տարիներ:

Վերջին բաժինով Վիգէն Աւագեան ներկայացուց 1990-էն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանը: Բոլոր հանգրուաններու ներկայացման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայութեան, յատկապէս Պուրճ Համուտի մէջ տիրող կրթական, մշակութային, միութենական, հոգեւոր դաստիարակութեան եւ քաղաքական-կուսակցական երեսներուն:

1605Kidajoghov2Կեդրոնանալով վերջին հանգրուանին վրայ` դասախօսը ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի դիմագրաւած այսօրուան դժուարութիւնները` ընդգծելով, որ «Պուրճ Համուտը այսօր կը գտնուի իր սեփական ինքնութիւնն ու դիմագիծը կորսնցնելու լուրջ վտանգի տակ: Դիմագրաւուած մարտահրաւէրները մեծ են եւ կ՛ենթադրեն մեծ ճիգեր, Պուրճ Համուտը պէտք է մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ` բովանդակ հայութեան շահերուն համար», շեշտեց Վիգէն Աւագեան:

Նշենք, որ դասախօսութեան յաջորդեց Պուրճ Համուտին նուիրուած լուսանկարներու եւ 1950-1970-ականներու լիբանանահայ երգիչներու եւ երգչախումբերու ձայնասկաւառակներու ցուցահանդէսի բացումը:

Նախորդը

«Լիբանանի Հայերը» Բ. Գիտաժողովի Երկրորդ Օրուան Զեկուցումները

Յաջորդը

Ամերիկացիներուն Կէսը Կ՛ուզէ Նախագահի Պաշտօնին Վրայ Տեսնել Հիլըրի Քլինթընը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.