Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Անմահ Յիշատակին. «Հայ Գիրքի Մատենագիտական Գործեր» Եւ «Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր»

May 17, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Book_Ardashes-DerKhatchadourianԱրտաշէս եւ Լուսին Տէր Խաչատուրեաններու արժանաւոր զաւակները նախաձեռնած են ի յիշատակ իրենց հօր` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ազգանուէր գործերուն` «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր»-ուն եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր»-ուն հրատարակութեան: Առաջինը կը բաղկանայ 422 էջերէ, իսկ երկրորդը` 696: Զոյգ գիրքերը հրատարակութեան պատրաստած եւ խմբագրած է յայտնի մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեանը: Վերոյիշեալ երկու հատորները լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, 2014-ի սկիզբը, Պէյրութ: Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագիտութեան թուանշանային գրադարանի տնօրէն Մերուժան Կարապետեան հատորներուն անձնանուններուն եւ տեղանուններուն ցանկերը պատրաստած է:

Անձնապէս ծանօթ չէի հանգուցեալ մատենագէտ, մտաւորական, ուսուցիչ եւ խմբագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին, սակայն կը ճանչնամ այս մեծ մարդը իր գործերէն եւ կեանքի դրուագներէն: Ան կարճ կեանք մը ապրած է` բաղդատած ուրիշներու, սակայն իր ետին արժէքաւոր գործեր ձգած է: Հայերէնին հմուտ` ան հայոց լեզուի հայերէնէ հայերէն կարեւոր բառարանի մը հեղինակներէն մէկն է: Անոր հիմնական մասնագիտութիւնը եղած է մատենագիտութիւնը, որուն արգասիքներէն են ահաւասիկ այս երկու հատորներ, մէկը` գիրքերու, իսկ միւսը` մամուլի: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան անաչառ դատումով մօտեցած է բոլոր գրական եւ մատենագիտական գործերուն եւ լաւագոյնս քաջալերած է հազուագիւտ մատենագէտները մեր ազգին, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Ան «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսով նուիրուած է հայկական մշակութային արժէքները պահպանելու գործին, ինչպէս կ՛ըսէ խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան: Յովհաննէսեան անոր մամուլի մատենագիտական  կարեւոր գործերը թուելէ ետք կ՛աւելցնէ. «Ի զուր չէ, որ ոմանք զինք (Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը) կոչած են «Հայ մամուլի շրջուն դեսպան», իսկ ուրիշներ` «Հայ մամուլի պատմութեան աշխարհակալ…», անոնց խորքը գտնուող իրականութիւնը պիտի անմահացնէ անոր անունը մեր մամուլի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ»:

Տէր Խաչատուրեանի «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» հատորը կ՛ընդգրկէ հայ տպագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ գիրքի մատենագիտութեան նուիրուած աշխատասիրութիւններ: Սկիզբը հեղինակը թռուցիկ ակնարկով մը կը ներկայացնէ հայ տպագրութեան պատմութիւնը` յիշելով Մեղապարտ Յակոբ, Աբգար Դպիր եւ Յովհաննէս Տէրզնցի: Ապա ան կ՛անդրադառնայ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու տպագրական աշխատանքներու եւ անոնց հեղինակներու պատմութեան: Հեղինակը փաստացի տուեալներով կ՛օժտէ այս առաջին գլուխին մէջ ներկայացուած նիւթերը` յիշելով տպաքանակ եւ թուական «Շահեկան տեղեկութիւններ» խորագրին տակ: Ան առանձին գլուխ մը կը յատկացնէ հայ տպագրութեան նախակարապետին` Մեղապարտ Յակոբի կեանքին, գործունէութեան եւ տպագրական աշխատանքին:

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կը շեշտէ, թէ առաջին հայ գիրքը տպագրողը Մեղապարտ Յակոբն էր, ըսելով. «Հայ տպագրութենէն անցած էր 378 տարի, եւ սակայն հայ ժողովուրդը անտեղեակ էր տակաւին Մեղապարտ Յակոբի գործունէութեան»: Ան այս տխուր երեւոյթին պատճառը կը վերագրէ հայ ժողովուրդի քաղաքական վիճակին: Հեղինակը հայ գիրքի տպագրութեան պատմութեան մէջ կը խորանայ եւ Աբգար Դպիրի 1565-ին տպած «Սաղմոսարան»-էն առաջ տպուած գիրքերու մասին կը բացատրէ: Այդուհանդերձ, այս մասին դեր ու դէմ վարկածները շատ են: Քանի մը պարբերութիւններով Տէր Խաչատուրեան կը գրէ «Պարզատումար», «Ուրբաթագիրք», «Պատարագատետր», «Աղթարք» եւ «Տաղարան» գիրքերու տպագրութեանց պատմութեան մասին: Ան «Նոր տեսութիւններ» հատուածին տակ հայ գիրքի տպագրութեան 450-ամեակի առթիւ գրուած ուսումնասիրութիւններուն կ՛անդրադառնայ, կրկին յիշելով Մեղապարտ Յակոբի արժանիքը հայ գիրքի առաջին տպագրութեան առնչութեամբ: Վերջապէս,  հեղինակը յստակօրէն  կը բացատրէ տպուած գիրքերուն ժամանակագրական կարգը:

Հեղինակը առանձին գլուխով մը` «Մեղապարտ Յակոբի սաղմոսարանին հարցը» վերնագրեալ, յայտնուած զանազան վարկածներ օգտագործելով, կը բացատրէ հայ գիրքի տպագրութեան պատմութեան ծալքերը:

«Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» հատորին մէջ կը գտնենք նաեւ մատենագիտութիւնները Ռուբէն Զարդարեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Լեւոն Շանթի, Շահան Պէրպէրեանի գործերուն, ինչպէս նաեւ գիտական-քննական գրախօսականի մը` «Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով» մատենագիտութիւնը: Վերջապէս, հեղինակին գիրքերու մտենագիտական հատորը կ՛աւարտի

«Հ ՅԴաշնակցութիւն  եւ Հայկական Սովետական Հանրագիտարան» նիւթին մատենագիտութեամբ: Այս հատուծին մէջ հեղինակը Հ. Յ. Դաշնակցութիւն եւ Խորհրդային Հայաստան յարաբերութիւնները կը նկարագրէ: Ապա ան դաշնակցական մամուլի եւ կուսակցութեան կարկառուն դէմքերուն ցանկը կու տայ, ինչպէս որ համայնագիտարանին մէջ  յիշուած է: Ան իր եզրակացութեան մէջ կը թուէ համայնագիտարանին մէջ յիշուած Դաշնակցութեան վերաբերեալ կարեւոր հաստատումներ, ինչպէս` Մայիսեան ապստամբութիւնը, Պաթումի դաշնագիրը, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը եւ Սարդարապատի ճակատամարտը:

Կ՛անցնինք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի երկրորդ գիրքին` «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր»-ուն: Սկիզբը ան կը բացատրէ հայ մամուլին կոչումը եւ առաքելութիւնը` շեշտելով «հանրային կարծիք»-ին կարեւորութիւնը: Ապա ան համառօտ կերպով կը խօսի լրագրութեան ծագումին եւ զարգացման մասին: Ան կ՛անցնի հայ մամուլի պատմութեան` ընդգրկելով օսմանեան սահմանդրութեան հռչակման տարիները, Ա. Համաշխարհային պատերազմի շրջանը, ու կը հասնի սփիւռքահայ մամուլի ժամանակաշրջանին: Ան կը գրէ նաեւ հայրենական մամուլին մասին: Տէր Խաչատուրեան հայ խմբագիրներու մասին ալ կ՛անդրադառնայ ու հայ մամուլի պատմութեան մատենագիտութիւնը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ:

Հայ մամուլի նախակարապետ «Ազդարար» թերթին հիմնադրութեան մասին մանրամասնօրէն կը գրէ հեղինակը: Արդարեւ, 16 հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան հիմը դրած էր այս թերթին: Մատրասի հայկական գաղութը, Հայ ազատագրական խմբակին գործունէութիւնը, թերթին հիմնադրութեան նախընթաց դէպքերն ու անդրադարձները, Տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի կեանքն ու գործունէութիւնը «Ազդարար»-ի հետ առնչուող նիւթերն են: Շմաւոնեան քհնյ. տպած է նաեւ ուրիշ գիրքեր ալ, որոնցմէ են` «Պատմութիւն Մարիանէ կուսին», 1789-ին, Աղեքսանդր Ջուղայեցիի «Աղօթամատոյց»-ը, 1790, «Պատմութիւն կայսերն Փոնցիանոցի», 1790-ին, Թադէոս Սոգինեանցի «Ողբ Հայաստանեայց»-ը, 1791-ին, Յովսէփ արք. Արղութեանցի «Օրինակ հանդիսաւոր ծանուցման եւ ողբոց», 1791-ին, իսկ անոր Բ. տպագրութիւնը` տարի մը ետք, Պաղտասար Դպիրի 2 հատորնոց «Քերականութիւն»-ը, 1791-ին, Սիմէոն Երեւանցիի «Տաղարան փոքրիկ» գիրքը, 1791-ին, Յակոբ Թաղեանի «Երկրաչափութիւն» գիրքը, 1792-ին, Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս որդի»-ն, 1792-ին եւ ուրիշ գիրքեր, որոնց ցանկը կը գտնենք էջ 92-ի վրայ: Ընդամէնը 19 գիրքեր` մինչեւ 1809 թուական: Այս հատուածին մէջ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան մանրամասնօրէն կը գրէ Շմաւոնեան քահանայի գործունէութեան, գործակիցներուն եւ առնչուող հարցերու մասին: «Ազդարար» խորթութիւններէ ոչ զերծ գրաբարով լոյս կը տեսնէր, որովհետեւ քահանային գործակիցները հայերէնին չէին տիրապետեր:

Յաջորդ գլուխին մէջ կը տեսնենք հայ պարբերական մամուլին մատենագիտութիւնը եւ անոր մասին գիտական-քննական գրախօսութիւն մը: Հանրապետական Հայաստանի մամուլին մատենագիտութիւնը կը յաջորդէ ասոր:

Կ. Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթին մատենագիտական աշխատանքին առընչութեամբ, օսմանեան սահմանադրութեան բերած եռանդին մասին կը կարդանք էջ 211-215: Հեղինակը ապա կը գրէ Կ. Պոլսոյ հայկական թերթերուն խմբագիրներուն մասին: Ան իր եզրակացութեան մէջ կ՛ըսէ. «Ազդակ» շաբաթաթերթը իր կարելի բոլոր միջոցներով կը ջանար օրուան գրական, ազգային եւ քաղաքական, մանաւանդ քաղաքական ախորժակներն ու պահանջները գոհացնել»:

Յաջորդ մատենագիտական գործն է «Լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարին.- 1921-1971թթ.»: Սկսելով Լիբանանի հայկական գաղութին կազմութենէն, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան  այս յիսուն տարիները տասնամեակներու բաժնելով, կը յիշէ` «Փիւնիկ», «Ազդակ», «Ոստան», «Հայ Կեանք», «Արարատ», «Զարթօնք», «Երիտասարդ Հայուհի», «Հայ Գիր», «Ծիածան եւ ուրիշ օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր ու ամսաթերթեր: Որքան ժամանակը կը թաւալի նոր տասնամեակներու վրայէն, մամուլի օրկաններու նոր անուններ կը յայտնուին: Լիբանանահայ մամուլին օգուտին մասին խօսած ատեն ան կ՛ըսէ. «Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան հանքն է լիբանանահայ մամուլը: Մեր մամուլը արձագանգած է մեր ազգային կեանքին եւ մշակոյթին իրագործումներուն»: Ապա հեղինակը կը թուէ մամուլին թերութիւնները: Ուշագրաւ է հեղինակին մատնանշումը երգիծական գրականութեան պակասին: Իսկապէս որ Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի նման երգիծական շունչը բացակայ է լիբանանահայ մամուլին մէջ: Չենք ունեցած նաեւ տարեգիրք մը, ինչպէս` Կ. Պոլսոյ Թէոդիկինը:

Նոյն ձեւով Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան մեզի կը ներկայացնէ «Սուրիահայ մամուլի Մատենագիտութիւն»-ը: Ան գաղութին պատմականը ընելէ ետք, մամուլի շրջանները երեք մասերու կը բաժնէ: Առաջինը կը սկսի 1918 ու կ՛աւարտէ 1926-ին, երկրորդը` 1927-1944, իսկ երրորդը կը սկսի 1927-ին ու վերջ կը գտնէ 1963-ին: Ասկէ ետք հեղինակը սուրիահայ մամուլի ցուցակը կը ներկայացնէ:

«Արտասահմանի ներկայ հայ մամուլը» վերնագրին տակ Տէր Խաչատուրեան կը ներկայացնէ շատ ամբողջական եւ եզակի ցուցակ մը` արտասահմանի մէջ լոյս տեսած եւ տեսնող զանազան տեսակի հայկական թերթերու: Յաջորդ գլուխը յատկացուած է ՀՅԴաշնակցութեան 100-ամեայ մամուլի պատմականին եւ մատենագիտութեան: Այս բաժինը իր մէջ կ՛ամփոփէ պատմական կարեւոր իրողութիւններ: Նոյնն է պարագան ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան մամուլի պատմականին եւ մատենագիտութեան, զորս հեղինակը գիտականօրէն ներկայացուցած է: Ան կ՛անդրադառնայ Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլին` 1905-1915, ինչպէս նաեւ` Կարնոյ դաշնակցական մամուլին: Հեղինակին ուսումնասիրութեանց մէջ տեղ կը գրաւեն նաեւ Սոֆիայի «Հայաստան» թերթը Մեծ եղեռնի տարիներուն: Վերջապէս, հեղինակը կը ներկայացնէ Հայ մարզական մամուլը եւ ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ սկաուտ»-ի մատենագիտութիւնները` անոնց պատմականները ընելով:

Մատենագիտական իւրաքանչիւր նիւթ իրեն առնչուող յօդուածներուն հետ գեղեցիկ ու հետաքրքրական եւ երբեմն ալ տխուր նորութիւններ կը բերէ: Թէ՛ գիրքերու եւ թէ՛ մամուլի մատենագիտութիւնները հսկայական ու յոյժ կարեւոր աշխատանքներ են, զորս բծախնդրութեամբ եւ գիտական մօտեցումով կատարած է հեղինակը` յայտնի մատենագէտ եւ մտաւորական Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:

Յարգանք անոր անթառամ յիշատակին:

Պէյրութ

Նախորդը

Գրախօսական. «Անաւարտ Պահեր» (Միսաք Ուլնեցի)

Յաջորդը

«Երազանքի Երկիր Արցախը Մեզ Կը Սպասէ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.