Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱՄԷՏ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

July 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամական երկիրներու կազմակերպութիւնը 28-30 յունիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովին ընթացքին որդեգրեց 22 կէտերէ բաղկացած ազրպէյճանամէտ բանաձեւ մը:

Բանաձեւը կը խօսի Հայաստանի կողմէ կատարուած երեւակայածին բռնարարքի մը մասին, ինչպէս նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերուն» վրայ «հայ բնակեցուածներու» տեղակայման առնչութեամբ: Բանաձեւը այս վերջին եզրով ընթերցողը կը մղէ իսրայէլացի բնակեցուածները մտաբերելու եւ այդպիսով իսլամական աշխարհին մէջ առանցքային տեղ գրաւող պաղեստինեան արդար դատը չարաշահելով կը փորձէ ազրպէյճանական յերիւրածոյ «դատ»ին նկատմամբ զօրակցութիւն հրահրել, սակայն ի զուր, որովհետեւ սրտխառնուք պատճառող այսպիսի զուգորդումներ շինծու եւ սնամէջ «դատ»ի մը խորք ու կշիռ չեն պարգեւեր, այլ պարզապէս անոր շուրջ զգացական տղայամիտ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն:

Բանաձեւը իր 10-րդ կէտով ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու մնայուն պատուիրակներուն կոչ կ՛ուղղէ` ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին իրենց քուէարկութեամբ զօրակցելու «Ազրպէյճանի հողամասերու անձեռնմխելիութեան», այլ խօսքով` կազմակերպութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ գտնուող` «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու մասին» բանաձեւին, եւ այլ պետութիւններէ ալ կը խնդրէ իր օրինակին հետեւիլ: ՄԱԿ-էն ետք անդամներու մեծագոյն թիւը ունեցող այս կազմակերպութեան բանաձեւին այս կէտը անոր միակ գործնական, ուստի եւ մտահոգիչ բաժինն է: Մնացեալ կէտերը ընդամէնը քարոզչական բնոյթ կը կրեն եւ ցանկութեանց աշխարհին կը պատկանին:

Նշեալ կազմակերպութեան որոշումները ընդամէնը անդամներուն ուղղուած յանձնարարականներ են եւ պարտաւորիչ բնոյթ չեն կրեր: Անիկա անցեալին եւս որդեգրած է նմանօրինակ ազրպէյճանամէտ բանաձեւեր, որոնք այժմ անդամ երկիրներուն դարակները կը խճողեն:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՃԱՓՈՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.