Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Ժիհատականներու Գոյութիւնը Կը Մտահոգէ Պաքուն

May 10, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0905AzerbaijanisԱզրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած է վաւերագրական ժապաւէն մը, որուն մէջ Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու դէմ կռուող Ազրպէյճանի քաղաքացի մը կը կտրէ իր զոհին գլուխը: Կայանը կը նշէ. «Միայն մեր քաղաքացի ազրպէյճանցիները Սուրիոյ մէջ մարդոց գլուխները կը կտրեն: Արդէն համացանցին վրայ տարածուած են Սուրիոյ կառավարական ուժերու դէմ կռուող Ազրպէյճանի քաղաքացիներու կատարած սարսափելի սպանութիւններուն եւ գազանութիւններուն մասին պատմող տեսանիւթեր: Տեսանիւթերուն մէջ ազրպէյճանցի մարտիկները գազանաբար կը կտրեն իրենց թշնամի կրօնական խմբաւորումի անդամի մը գլուխը»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշեալ պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազրպէյճանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Զահիտ Օրուճ յայտնած է, որ գաղափարական հրահանգներ ստացած այդ անձերուն գործողութիւնները յետոյ կրնան շրջուիլ Ազրպէյճանի դէմ, եւ ասոր համար պատկան կառոյցները պէտք է շօշափելի միջոցառումներու ձեռնարկեն: Ան նշած է, որ ազրպէյճանական օրէնսդրութիւնը խստացուած է, եւ Սուրիոյ մարտերուն մասնակցելու մեկնած Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն նկատմամբ 8-15 տարուան բանտարկութեան պատիժներ կը նախատեսուին:

Ազրպէյճանի մէջ մինչեւ հիմա Սուրիոյ մարտերուն մասնակցած ընդամէնը մէկ քաղաքացի ձերբակալուած է` Կապալայի շրջանի բնակիչ 25- ամեայ Ահմետ Հասանովը:

Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը հաստատած է ազրպէյճանցի ժիհատականներու` Թուրքիոյ տարածքով Սուրիա մուտք գործելու փաստը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

Յաջորդը

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Իսրայէլի Ընդդիմութեան Ղեկավարը Հանդիպում Ունեցած Է Սուրիական Ընդդիմութենէն Ղեկավարներու Հետ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։