Զինեալներ Հալէպի հին քաղաքին մէջ պայթեցուցին «Քարլթըն» պանդոկը, որ հիմնայատակ քանդուեցաւ: Քանդուեցան նաեւ պանդոկին մօտ գտնուող հնագիտական շէնքեր:
Պայթումին պատճառով արձանագրուեցան շարք մը զոհեր:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, պանդոկին յատակը հազարաւոր թոներու պայթուցիկ նիւթերով ականուած էր:


