Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

105 Տարի Առաջ, Ապրիլ 10-ին, Քեսապը Առաջին Անգամ Տեղահանուեցաւ

May 9, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter
1909-ի ապրիլին Քեսապի բնակչութիւնը Պասիթի ծովափէն մակոյկներով կը փոխադրուի ֆրանսական նաւ
1909-ի ապրիլին Քեսապի բնակչութիւնը Պասիթի ծովափէն մակոյկներով կը փոխադրուի ֆրանսական նաւ

1909-ի աղէտը (Թալանտէն) առաջին սեւ ու ցաւալի պատուհասն էր Քեսապ շրջանին համար: Ապրիլ 10-23 հինգ հազար հաշուող թուրք խուժան մը արեւելքէն կը ներխուժէ Քեսապ: Թուրքերը Սեւ Աղբիւր, Էսկիւրան, Չինարճըգ եւ Խայըթ գիւղերը կողոպտելէ ու հրկիզելէ ետք, երեք կողմէ կը պաշարեն Քեսապ աւանը: Աղէտեալ գիւղերուն բնակիչները խուճապահար կը հասնին Քեսապ, 300 տեղացի զինեալներ բուռն կերպով կը դիմադրեն, սակայն թուրքերը կը յաջողին գիւղին մէկ ծայրը այրել: Հայերը կ՛ապաստանին Գալատուրանի լեռներն ու ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք խուժանը կ՛ուղղուի դէպի Գալատուրան, այնտեղ եւս կ՛այրէ ու կը կողոպտէ վերի թաղի տուները: Հայերը Գալատուրանի ծովափէն կ՛ուղղուին դէպի Պետրուսիա թրքական գիւղը, անկէ` դէպի Պասիթ, ուր շուտով կը հասնի ֆրանսական «Ժիւլ Ֆերի» մարտանաւը եւ ժողովուրդը Լաթաքիա կը փոխադրէ:

Լաթաքիոյ մէջ Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեանի գլխաւորութեամբ կը կազմուի աղէտեալներուն օժանդակ մարմին մը, որ տարագիրներու անմիջական կարիքներն ու բնակութեան տեղեր կը հոգայ, հայոց հոգետան եւ արաբ եկեղեցիներու մէջ կամ առանձին ընտանիքներու մօտ:

1909-ի ապրիլին ֆրանսական «Ժիւլ Ֆերի» մարտանաւը 1450 քեսապցիներ Պասիթէն Լաթաքիա փոխադրեց
1909-ի ապրիլին ֆրանսական «Ժիւլ Ֆերի» մարտանաւը 1450 քեսապցիներ Պասիթէն Լաթաքիա փոխադրեց

Քեսապահայութիւնը աղէտին կու տայ 161 զոհ, բայց մեծ կ՛ըլլան նիւթական կորուստները:

Կացութիւնը խաղաղելէն ետք չտուժած գիւղերու բնակիչները կը վերադառնան իրենց տուները: Գաղթականները շուրջ մէկ տարի Լաթաքիա մնալէ ետք Քեսապ կը վերադառնան ու կը վերաշինեն իրենց տուները:

Աղէտին պատճառով, հայ եւ բարեսիրական հաստատութիւններ Քեսապի բնակիչներուն օգնութեան կը փութան:

Աղէտէն ետք Քեսապ կ՛այցելէ Սսոյ հայրապետ Սահակ կաթողիկոս Խապայեան:

Քեսապի մէջ շուտով կը բացուին այրիանոց, որբանոց եւ մանչերու արհեստանոց: Տնտեսութիւնը վերականգնելու ճիգեր կը թափուին, եւ մանաւանդ շինարարական բուռն թափ մը կը սկսի: Այդ օրերուն Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ կը սկսին վերակառուցուիլ եկեղեցա-դպրոցական եւ մշակութային վիթխարի բազմաթիւ շէնքեր, որոնք մինչեւ օրս կանգուն են եւ շատեր կը շարունակեն ծառայել շրջանի հայութեան:

Նախորդը

Այշէ Կիւնայսու . «Քեսապ Երրորդ Անգամ Կ՛ապրի Սպաննիչ Ողբերգութիւն»

Յաջորդը

Վանքուվըրի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.