Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այշէ Կիւնայսու . «Քեսապ Երրորդ Անգամ Կ՛ապրի Սպաննիչ Ողբերգութիւն»

May 9, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Kessab_ayse-gunaysu«Ազդակ» երեքշաբթի, 15 ապրիլին անդրադարձած էր թուրք յայտնի հրապարակագիր Այշէ Կիւնայսուի Քեսապի ողբերգութեան մասին յօդուածին: Ստորեւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տանք յիշեալ յօդուածին մասին:

Այշէ Կիւնայսու «Էօզկիւր Կիւնտեմ»-ի մէջ հրատարակած է «Քեսապ 1909» խորագրեալ յօդուած մը, ուր ան յուզիչ տողերով կը պատմէ, որ այսօր քեսապցի հայերուն գլխուն եկածը 1909-ի թուականէն ի վեր երրորդն է: Ան իր համակարգիչի պաստառին վրայ կը տեսնէ 30 յուլիս 1909 թուակիր «Իվնինկ Նիուզ Սիտնի» անուն թերթէն լուր մը, որ կը կրէ «Քեսապի մէջ կրակ եւ սուր» խորագիրը: Այշէ Կիւնայսուի համաձայն, այն, ինչ որ ապրիլ ամսուան ընթացքին քեսապցիներուն գլխուն եկաւ, նոյն աշխարհագրութեան վրայ ապրող 30 հազար հայերու սպանութեամբ վերջացած սարսափազդու Ատանայի սպանդին մէկ մասնիկն էր: Քեսապէն հոգեւորական Սթեֆան Վան Թրոպրիչ Աւստրալիոյ մէջ մէկու մը ղրկուած իր նամակին մէջ կը պատմէ որպէս առաջին ականատես իր տեսածներն ու իմացածները: 22 ապրիլ հինգշաբթի օր մը թուրքերը եւ արաբները «Մարթին» հրացաններով յարձակեր են Քեսապի վրայ: Գիւղաքաղաքը պաշտպանելու կոչուած 300 քեսապցիներուն հրացանները երկարաձիգ չէին, չէին հասներ գրաւիչներուն, ուստի անոնք հասկցան, որ գլուխ պիտի չելլեն եւ ժողովուրդը հրաւիրեր են հեռանալու եւ ապաստանելու Գալատուրան գիւղին մէջ:

Այշէ Կիւնայսու 1909-ին պատահած այս սպանդին մասին շատ սրտաճմլիկ նկարագրութիւն մը ունի նաեւ Ազնիւ հանըմ անուն կնոջ մը մասին, որ իր չորս զաւակներով ինկաւ հակառակորդներուն ձեռքը: Իր ամուսինը զանոնք պահած էր քարանձաւի մը մէջ, բայց նախայարձակները զանոնք գտած էին հոն: Երեխաներէն մէկը մէկ կողմի ժայռերէն, միւսը միւս կողմի ժայռերէն վար նետեցին: Ազնիւ հանըմն ալ դրին ձիու մը վրայ, բայց երբ ձիուն ոտքը սայթաքեցաւ, տարաբախտ կինն ալ ինկաւ ժայռերէն վար: Տասը օր վերջ մանչ զաւակն ալ կեանքը կորսնցուց: Քահանան կը գրէ, որ իր կեանքին մէջ պիտի չմոռնայ այն յուղարկաւորութիւնը, որ կատարուեցաւ այդ տղուն համար: «Երբ Գալատուրան էի, այդ փոքրիկ տղաքը ես իմ ձեռքերով թաղեցի: Կեանքիս մինչեւ վերջ պիտի չկարենամ մոռնալ այդ սրտաճմլիկ յուղարկաւորութիւնը, որ կատարուեցաւ ծառերուն ներքեւ», ըսած է քահանան: Ուրեմն, ինչ որ պատահեցաւ 1909 թուականին, կրկնուեցաւ թէ՛ 1915-ին եւ թէ՛ այսօր 2014  թուականին: Բոլորին մէջն ալ դերակատարները նոյնն են, նոյնն են նաեւ զոհերը:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Մէջ Կրակ Եւ Սուր

Յաջորդը

105 Տարի Առաջ, Ապրիլ 10-ին, Քեսապը Առաջին Անգամ Տեղահանուեցաւ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.