Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապի Մէջ Կրակ Եւ Սուր

May 9, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՏԻ ԻՎՆԻՆԿ ՆԻՈՒԶ»

«Տի Իվնինկ Նիուզ» Սիտնիի մէջ հրատարակուած առաջին երեկոյեան օրաթերթն էր: Անիկա հրատարակուած է 29 յուլիս 1867-էն մինչեւ 21 մարտ 1931:
«Տի Իվնինկ Նիուզ» Սիտնիի մէջ հրատարակուած առաջին երեկոյեան օրաթերթն էր: Անիկա հրատարակուած է 29 յուլիս 1867-էն մինչեւ 21 մարտ 1931:

30 յուլիս 1909-ին «Իվնինկ Նիուզ Սիտնի»-ն հրապարակած է յօդուած մը` «Քեսապի մէջ կրակ եւ սուր` հայերու ջարդերու սարսռացուցիչ պատմութիւններ» խորագրով:

Աւետարանական դաշինքի քարտուղար Հ. Մարթին Կուչ ստացած է պատուելի Սթեֆըն Վան Ռ. Թրոուպրիճէն երկարաշունչ նամակ մը, որ զինեալ թուրքերու եւ արաբներու կողմէ Քեսապի աւերման եւ անոր բնակիչներէն շատերու ջարդին մասին ահաւոր բացայայտումներ կը պարունակէ (կ՛ըսէ լոնտոնեան «Տէյլի Կրաֆիք»-ի յունիս 19-ի թիւը): Պատմութիւնը սարսռեցուցիչ կերպով կը ներկայացնէ այր մարդոց, կիներու եւ մանուկներու քաջութիւնն ու տոկունութիւնը եւ, ինչպէս սպասելի է, կարգ մը պաշտօնատարներու արարքին եւ իսլամներու բարբարոսութեան վրայ լոյս կը սփռէ:

Թրոուպրիճ կը յայտնէ, որ Քեսապ 8000 բնակիչ ունեցող բարգաւաճ հայկական քաղաք մըն է, որ կը գտնուի Միջերկրականի ծովափին մօտ եւ Ալեքսանտրեթ-Լաթաքիա ճամբուն կիսուն գտնուող Կասիոս լերան (արաբերէնով Ժապալ Աքրա) լանջին: Այժմ անիկա սեւցած աւերակներու կոյտ մըն է: Դէպի ծովեզերք փախուստէն վերապրած եւ իրենց տուները վերադարձած 5000 այր մարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ իրենց տուները թալանուած եւ հրդեհուած տեսնել: Քեսապի շուրջ ձորերուն մէջ քրիստոնեայ բնակչութեամբ 9 գիւղեր կային: Անոնցմէ ոմանք հրոյ ճարակ դառնալով`ամբողջովին քանդուած են: Բոլորն ալ թալանուած են եւ անոնց անօգնական բնակիչները` տեղահանուած կամ սպաննուած:

Հինգշաբթի, ապրիլ 22-ի գիշերը Քեսապի պահակները լուր բերին, որ ամէնէն մօտ գտնուող իսլամական գիւղին մէջ զինեալ թուրքեր եւ արաբներ հաւաքուած են: Անձկալից գիշեր մըն էր: Ուրբաթ օր, լուսաբացէն առաջ, կրակոցներ զինեալներու յարձակումին ազդանշանը տուին: Հազարաւոր զինեալ իսլամներ երեք անջատ լեռնային ճամբաներով` հիւսիսէն, հիւսիս-արեւելքէն եւ արեւելքէն ձոր ներխուժեցին: Անոնց «Մարթին» տիպի հրացաններէն արձակուած փամփուշտները թիրախ դարձուցին Քեսապի բնակարանները, մինչ շրջանը պաշտպանելու համար դիրք բռնած 300 քրիստոնեաներուն հրացանները նոյնքան հեռահաս չէին: Անհաւասար պայքար մըն էր, եւ Քեսապի այր մարդիկը անդրադարձան իրենց կացութեան:

Փախուստ Դէպի Խարակներ

Կիներն ու աղջիկները մանուկները իրենց կռնակներուն եւ ձեռքերուն վրայ շալկեցին եւ ուղղուեցան դէպի Գալատուրան: Անոնք մագլցեցան Գալատուրանի խարակները, որոնք 5000 ոտք բարձրութեան վրայ կը գտնուին: Կարգ մը փոքր խումբեր, ուրիշներ ամբողջովին մեկուսացած, պահուըտեցան փշոտ անտառներուն կամ քարայրներուն մէջ:

Երեկոյեան մօտ այր մարդիկը ստիպուեցան նահանջել, սակայն այդ մէկը կատարեցին առանց իրարանցումի կամ աղմուկի: Եւ թուրքերն ու արաբները, որոնք քաղաքի փողոցներ ներխուժեցին, թալանելու ցանկութենէն այնքան տարուած էին, որ զանոնք չհետապնդեցին:

Ամէնէն ցաւալի փորձառութիւններէն մէկը Գալատուրանի քարոզիչին կնոջ` Ազնիւ Խանըմինն էր: Ջարդէն 10 օր առաջ ան ծննդաբերած էր երկուորեակ մը` մանչ մը եւ աղջիկ մը: Երբ դէպի լեռներ փախուստը տեղի ունեցաւ, ան ուրիշներու հետ լեռ բարձրանալու ուժ չունէր, ուստի անոր ամուսինը զինք եւ իրենց չորս զաւակները պահեց գիւղին մօտ գտնուող ժայռերուն մէջ եւ ինք ալ մօտակայ ժայռերուն մէջ պահուըտեցաւ: Նորածինները խանձարուրի մէջ փաթթուած էին: Թուրքերը շուտով գտան Ազնիւ Խանըմն ու անոր զաւակները: Թուրքերէն մէկը, հակառակ մօր աղաչանքին, խլեց խանձարուրը, եւ մանուկները ինկան քարերուն վրայ:

Ապա թուրքերը անոնց մօր կուրծքին ուղղեցին ատրճանակ մը եւ հրամայեցին, որ իսլամութիւնը ընդունի, սակայն ան քաջաբար մերժեց: «Ուրեմն իմ գերիս ես», ըսաւ թուրքերէն մէկը եւ իր սուրին տափակ մասով սկսաւ կինը ծեծել: Ան սկսաւ զինք քաշել` կապելու համար իր ձիուն, սակայն Ազնիւ Խանըմը գետին ինկաւ եւ երկար տարածքի վրայ տապլտկեցաւ: Այդտեղ արեւուն տակ մնաց վիրաւոր եւ ուժասպառ: Թուրքը թալանելու առիթ տեսնելով` զայն լքեց: Ապա թուրքերը անոր դրամը, հագուստը, կօշիկը եւ շուրջ 4 տարեկան աղջնակը առին: Լաւ էր, որ ողջ մնաց: Նորածիններէն մէկը մէկ շաբաթ ողջ մնաց, իսկ միւսը անկէ 10 օր ետք մահացաւ: Ծառերուն տակ յուզիչ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ:

Քեսապի մէջ արհեստաւորներուն բոլոր խանութներն ու առեւտրականներուն բոլոր պահեստանոցները հրկիզուած են: Իրողութեան մէջ ամբողջ շուկան մոխիրի վերածուած է: Կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները ամբողջովին հրկիզուած են: Վերջինս մեծ շէնք մըն էր, որ 1800 հաւատացեալ կրնար ընդունիլ: Ամերիկեան առաքելութեան բնակարանը, ուր կը բնակէր Ի. Մ. Չէյմպըրզը, հրկիզուեցաւ, նոյն ճակատագիրին արժանացան աղջկանց երկրորդական վարժարանն ու տղոց նախակրթարանը, ինչպէս նաեւ` աւետարանական երիցատունը:

Աւետարանական դաշինքը, ինչպէս անցեալին, նիւթական օժանդակութիւն կ՛ուղարկէ վերապրող հայերուն, որոնք շատ մը պարագաներու ամէն ինչ կորսնցուցած են:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Վրայ Յարձակումին Թուրքիա Օգնած Է Իսլամականներուն. «Թելեկրաֆ»

Յաջորդը

Այշէ Կիւնայսու . «Քեսապ Երրորդ Անգամ Կ՛ապրի Սպաննիչ Ողբերգութիւն»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.