Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 3 մայիսին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 56-51 արդիւնքով (20-15, 2-12, 13-16 եւ 16-13):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան (21 կէտ), ապա` Այտա Պախոս (15):


