Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարայի Բեմականացումները 100-Ամեակի Յետհաշուարկի Առընթեր

May 3, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdogan-ateshyanՊոլսահայ համայնքի հոգեւոր թէ աշխարհիկ ներկայացուցիչներուն հետ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ունեցած հանդիպումը արտակարգ երեւոյթ չէ, չըսելու համար օրինաչափ նոյնիսկ: Բնական էր, որ գաղութի դասական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն  հանդիպումը հետեւէր Էրտողանի  ցաւակցական գործողութեան: Հայկական կողմը համազարկ բանալու պէտք չունի Պոլսոյ հայ ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած գերխանդավառ յայտարարութիւններուն եւ մանաւանդ Անգարայէն պահանջուած պատուէրային արձագանգումներուն վրայ: Այս առաջին հայկական արձագանգը իր ժամանակով, ձեւաչափով եւ բովանդակութեամբ սպասելի էր ըստ ամենայնի: Անտեղի պիտի ըլլար ներհայկական որեւէ բանավէճ ծաւալելը այս ուղղութեամբ: Բաւարարուիլ ուրեմն, այս պարագային արձանագրելով, որ Պատրիարքին ձիթենիի ճիւղի համեմատումը արդէն քաղաքական ապսպրանք է` նոյն մօտեցումը հրապարակող Անգարային կողմէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալու համար խաղաղասիրական բնոյթի այն ժեսթը, որուն դիմեց վարչապետ Էրտողանը: Այդպէս ալ պիտի ըլլար: Հակառակը ակնկալելը քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չնկատուէր:

Հայկական առաջին արձագանգը այսպիսով կը յստականար: Ուղերձին հասցէատէրերուն կարգը ճշդած էր փոխվարչապետը: Այսպէս. Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ փոխվարչապետը կը յայտարարէր. Էրտողան շատ կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է, եւ խօսած 1915-ի դէպքերու 100-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ կատարած քայլերուն մասին: «Թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ թէ՛ հայկական սփիւռքէն այդ ուղերձին պատասխանը կ՛ակնկալենք: Այդ հարցերու լուծման համար մենք յայտարարութեան եւ քայլերու կը սպասենք»:

Նախքան փոխվարչապետին սպասողական վիճակին անդրադառնալը, արագօրէն յիշենք  եւ որոշ տարբերութիւն նկատենք փոխվարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին այս մասին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ: Դիւանագիտական ըսելաձեւային խաղերու մասնագէտ նախարար Տաւութօղլուն ուղերձի հասցէատէրերուն մասին բաւարարուած էր բոլոր հայերը ըսելով: Յստակացնելով, որ ուղերձը ուղղուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ բոլոր հայերուն: Առաջնային հասցէատէրը մշուշի մէջ մնացած էր այս ձեւով:

Հիմա, փոխվարչապետը ճշդած է ուղերձին հասցէատէրերուն կարգը. նախ Միացեալ Նահանգները, ապա միջազգային ընտանիքը, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ապա սփիւռքը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ողջունած էր Էրտողանի ցաւակցութիւնը, մինչ Ֆրանսայի նախագահը զայն նկատած էր անբաւարար. այստեղ պէտք է նկատի ունենալ անշուշտ յայտարարութեան ժամանակն ու մանաւանդ միջավայրը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքին ունեցած հակազդեցութիւններուն մէջ որեւէ էական տարբերութիւն չկար, եւ այդ առումով Անգարան հակասութիւններ գտնելու խաղին մէջ մեծ առաւելութիւններ չունեցաւ: Պոլսահայ համայնքը այս հասցէատէրերուն շարքին տեղ չունէր ուրեմն: Թէեւ հանդիպման գործողութիւնը կազմակերպուած էր եւ անոր նախաբանը կատարուած, երբ նոյն պատուիրակութեան մէկ անդամը խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի արժանի նկատած էր Թուրքիոյ վարչապետը իր առած այս քայլին համար:

Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ընտանիքին անդրադարձները չեն բաւարարած Անգարան: Ցաւակցութիւնը յայտնաբար չէ աշխատած, այնպէս ինչպէս կը պատկերացնէին Անգարայի վարիչները: Հայկական կողմը միանշանակ արձագանգած է, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային ընտանիքը, տակաւին չեն բաւարարած Անգարան:

Ցաւակցելու, անցագրեր տրամադրելու, «հրամմեցէք»-ի եւ խաղաղասիրական դրսեւորումներու այս շարքը կը թուի, թէ պիտի շարունակուի: 100-ամեակի յետհաշուարկը (քաունթտաուն) սկսած է արդէն եւ այս օրակարգը տեղ գտած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Անգարան հետեւողականօրէն պիտի փորձէ գնդակը տեսնել տալ հայկական դաշտին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։