Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մայիս Մէկի Ազգային Ընկալումը

May 1, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Poghok-TsuytsԴառն է իրականութիւնը, սակայն ներկայ ժամանակներուն մէջ պէտք է ընդունիլ, որ մայիսմէկեան խորհուրդը հեռացած է իր ակունքներէն, լաւագոյն պարագային վերածուած խորհրդանիշի, այլ աշխարհագրական միջավայրերու մէջ կարօտախտական մղումներով անցելապաշտութեան դրսեւորումներու, ընդհանրացածօրէն` ոչ աշխատանքային օրերու կողքին սովորական պահի:

Մայիս մէկը այս առումով իւրայատուկ կացութեան մէջ չէ: Խնդիրը նոր աշխարհակարգի ապագաղափարականացման հզօր ալիքին ազդեցութիւններուն տակ մնացող նման արժէքներու չէզոքացման ընթացքն է:

Ընկերվարական գաղափարաբանութեան ապրած ամբողջ դիմափոխութեան մասին է խօսքը այս պարագային` ընդունելով, որ առհասարակ գաղափարաբանութիւններու խեղման ականատես է ներկայ աշխարհակարգը: Տնտեսաքաղաքական վարչակարգերով առարկայացող տուեալ ընկերվարական գաղափարաբանութիւնը  եւ զայն մարմնաւորող որեւէ իշխանական կամ ընդդիմադիր ուժի ապրած առօրեան յաճախ կը յայտնուի տրամագծօրէն հակառակ դիրքերու վրայ` ընկերվարական տեսաբանութեան նկատմամբ:

Արդարութեան, հաւասար առիթներու ընծայման եւ նման արժէքներու հաւատացող ընկերվարական գաղափարախօսութեան զուտ տեսաբանականացումը կը մթագնէ արդար հասարակարգերու  ձեւաւորման ի խնդիր յայտարարուած առաջադրանքներու հեռանկարը:

Նման արժէքներու ներկայ անհեռանկարայնութիւնն է, որ աշխարհակարգի ապագաղափարականացման ներկայ ընթացքին դէմ պատնէշներ կանգնեցնելու եւ հակառակ ուղղութեամբ աշխատաւորական հոսանք ծաւալելու շարժումներու չ՛առաջնորդեր ժողովուրդները:

Քաղաքական շրջանակները միշտ կը փորձեն եւ յաճախ կը յաջողին շահարկել աշխատաւորական, սենտիքայական համադաշնակցութիւններու շարժումները: Շարժումին քաղաքականացումը այս պարագային  իր հունէն դուրս կը մղէ աշխատաւորներու կամ առհասարակ մարդկային իրաւունքներու ձեռք բերման համար մղուող պայքարը, որ ներկայ պայմաններու նկատառումով մնայուն արծարծ պահելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Այդ պատճառով ալ անոնք կը վերածուին պարագայական դրսեւորումներու` այս կամ այն պահուն քաղաքական որոշ շրջանակի համար առաւելներ ապահովելու իրենց արդիւնքներով:

Լիբանանի Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան երէկուան պատկերը մտածել կու տայ նոյն այդ արժէքներու օրակարգէ դուրս մղման ինքնահոսի ձգուած վիճակի մը մասին: Շարժումներու ահագնացումը, եթէ պայմանաւորուած մնայ միայն տուեալ պահու աշխատավարձերու յաւելումի ձեռք բերման առաջնահերթութեան վրայ, կը նշանակէ, թէ աշխատաւորականութիւնը մայիսմէկեան ընդհանուր խորհուրդին հետ աղերսներ չի պահեր արդէն:

Ընկերային-տնտեսական մարզը մեր հայրենիքի մէջ հեռու է մխիթարական համարուելէ: Չեն գործեր աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրները: Միջազգային ճգնաժամը կամ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը, առաւել եւս յետխորհրդային անցումային ժամանակահատուածի ազդեցութիւնը միակ պատճառները չեն այդ անմխիթարայնութեան: Արդար հասարակարգի ստեղծման համար բացակայող միջոցառումները, հովանաւորչութիւնն ու հարստապետական կարգերու արմատացումը կենսական եւ նոյնիսկ ռազմավարական առումով անվտանգութեան հետ կապուած այս ոլորտի բարեփոխման չեն նպաստեր երբեք: Հիմնախնդիրները սերտօրէն փոխկապակցուած են: Անարդարութիւնը, մենաշնորհը, արտօնեալն ու հովանաւորեալը կը խորացնեն անջրպետը հարստապետութեան եւ աշխատաւորական ու գիւղացիական դասակարգերուն միջեւ: Արդարութեան վերականգնման յոյսի բացակայութիւնը բարոյահոգեբանօրէն կ՛ընկճէ  օրապահիկի պայքարին լծուած անհատը, որ ամէն միջոցի կը դիմէ դուրս գալու երկրի սահմաններէն: Այս մղումն է, որ թափ կու տայ արտագաղթին եւ պատճառ կը դառնայ երկրի գուցէ թիւ մէկ համարուող ճգնաժամին` ժողովրդագրական նօսրացող համապատկերին:

Նոր աշխարհակարգը հետզհետէ կը հեռանայ մայիսմէկեան խորհուրդներէն` տեղի տալով համամարդկային արժէքներու սուր տագնապի: Մեր պարագային այդ խորհուրդներէն հեռացումը ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ նաեւ ազգային առումով: Մեր երկիրը իր աշխատաւորութիւնն ու գիւղացիութիւնը իր սահմաններուն մէջ պահելու անյետաձգելի հրամայականին առջեւ կանգնած է: Մայիս մէկը մեզի համար նախ եւ առաջ ա՛յս ուղերձը կը փոխանցէ:

Նախորդը

Կարմիր Խաչը Ազրպէյճանի Մէջ Այցելեց Հայ Գերիներուն

Յաջորդը

Պէյրութի Ընկերութիւններու 7-րդ Մարզական Խաղեր. «Աուտէ» Դրամատունը Հանդիսացաւ Առաջին

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։