Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անբաւարար Քայլ Եւ Անտեղի Ակնկալութիւն

April 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

2604vahoԹուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` Թուրքիոյ պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը, որ ցաւակցութիւն կը յայտնէր «1915-ին մահացածներուն» թոռներուն: Էրտողանի յայտարարութիւնը խորքին մէջ շարունակութիւնն է 12 դեկտեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Երեւանի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին կատարած այն յայտարարութեան, թէ «տեղահանութիւնը, որ ես Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած բացարձակ սխալ կը նկատեմ, անմարդկային էր»:

Էրտողանի յայտարարութիւնը պէտք է դիտել Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ կեցուածքի եղափոխութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ: «Այդպիսի բան չէ եղած», «ատոր արժանի էին» եւ «երկու կողմերէն ալ զոհեր եղան» հանգրուաններէն անցնելէ ետք, այդ կեցուածքը ներկայիս մուտք գործած է նոր հանգրուան մը, որուն ազդանշանը Տաւութօղլուն տուաւ Երեւանէն: Ներկայ հանգրուանին շեշտը կը դրուի զգացական արտայայտութիւններու վրայ, սակայն որովհետեւ արձանագրուածը եղափոխութիւն է եւ ոչ թէ արմատական յեղաշրջում, նախկին կեցուածքներուն արձագանգը տակաւին յստակօրէն կ՛երեւի Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, հրապարակուած յայտարարութիւնը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ շատ ուշացած քայլ մըն է, որովհետեւ հարցը հայութեան համար զգացական հարթակէն շատոնց փոխադրուած է քաղաքական հարթակ եւ այժմ արդէն իսկ կը գտնուի իրաւական դաշտ մուտք գործելու շեմին: Այս յայտարարութիւնը թերեւս կրնար «գործի ծառայել», եթէ հրապարակուած ըլլար 1965-էն առաջ, սակայն ոչ` 2014-ին:

Այն իրողութիւնը, որ յայտարարութեան կողքին հրապարակուած են անոր ութ լեզուներով ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնները, ցոյց կու տայ, որ յայտարարութիւնը միայն հայ ժողովուրդին հասցէագրուած չէ, այլ նախ եւ առաջ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին 2015-ին Թուրքիոյ վրայ ճնշումները կարելի եղածին չափ մեղմացնելու համար, իսկ անմիջական նպատակը` Ապրիլ 24-ին միջազգային մամուլին մէջ Թուրքիոյ համար ժխտական անդրադարձները մեղմացնելն է: Միջազգային մամուլի արձագանգը չուշացաւ. յայտարարութիւնը նկատուեցաւ «անսպասելի», «առաջին բաց մեկնաբանութիւն» եւ մինչեւ իսկ «քաղաքական երկրաշարժ»,  որ չափազանցութիւն մըն է: Միւս կողմէ, մատնանշուեցաւ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը փոխարինուած էր «տեղահանութեամբ»:

Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնը ողջունելէ ետք յոյս յայտնեց, որ ապագային կրնայ տեղի ունենալ փաստերու ամբողջական ու արդարացի ճանաչման դէպք, ինչ որ կը նպաստէ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ իր կարգին ողջունեց յայտարարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ նոյն ոգիով քայլեր կը յաջորդեն ատոր: Այլ խօսքով Թուրքիոյ քայլը իրաւամբ ոչ բաւարար նկատուեցաւ:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը նաեւ իր մէջ կոչ մը կը պարունակէ` յոյս յայտնելով, որ այդ կոչը անպատասխան պիտի չմնայ: Թրքական կողմը այն ակնկալութիւնը ունի, որ իր «զիջում»-ին դիմաց հայկական կողմն ալ փոխզիջում մը կատարէ, ինչ որ ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ այդ յայտարարութեան մէջ նշուած զգացական արտայայտութիւններուն անկեղծութիւնը, այլ նաեւ` անտեղի ակնկալութիւն մըն է: Թուրքիոյ վարչապետին պաշտօնական յայտարարութիւնը հայ ժողովուրդին ակնկալութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Թուրքիոյ պետութենէն ցաւակցութիւն չի պահանջեր, այլ ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում:

 

 

Նախորդը

«Հայ Ժողովուրդը Ցաւակցութիւն Ու Բարոյախօսութիւն Չէ, Որ Կը Սպասէ Թուրքիոյ Պետութենէն, Այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը Կը Պահանջէ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Խմբագրական. Առաջնային Եւ Երկրորդական Հասցէատէրեր

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.