Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Բարձրացաւ Բ. Դասակարգ

April 23, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1904playersՇաբաթ, 19 ապրիլ 2014-ը բաւական կարեւոր օր մը եղաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին համար, որ քանի մը տարի մաս կազմելէ ետք Գ. դասակարգին, յաջողեցաւ իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրանալ Բ. դասակարգ` Իսլահ Պըրժ Շիմալիի հետ:

Շապապ Հումին Թահթայի դէմ տեղի ունեցած մրցումը, որ կ՛իյնար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «փլէյ-օֆ»-ի մրցումներուն վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շատ կարեւոր էր ՀՄԸՄ-ի համար, որովհետեւ միայն յաղթանակն էր, որ խումբը պիտի բարձրացնէր Բ. դասակարգ` արդէն իսկ իր տոմսը ապահոված Իսլահի հետ:

Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ Սաֆայի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին, ՀՄԸՄ 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-1) յաղթանակ մը արձանագրելով վերադարձաւ Բ. դասակարգ:

1904fansԻր 500-600 համակիրներուն ներկայութեան, ՀՄԸՄ ինքզինք պարտադրելով նշանակեց յաջորդական երեք կոլեր` շնորհիւ Յակոբ Գուճանեանի (20-րդ), Սագօ Ազնաւուրեանի (30-րդ) եւ Յակոբ Գուճանեանի (62-րդ):

Թահթա իր կոլը նշանակեց 43-րդ վայրկեանին:

ՀՄԸՄ այս մրցումէն կրնար 4-1 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ, բայց Քրիսթիան Թիմունեան թէեւ մրցումին վերջին վայրկեանին առանձին մնաց բերդապահին հետ, սակայն դժբախտաբար բախտը անոր կողքին չեղաւ, որ ան կոլի մը հեղինակ դառնար:

Այս յաղթանակը եւ Բ. դասակարգ բարձրանալը ՀՄԸՄ-ին վերադարձուց անոր անցեալի փառքին յուշերը, երբ ան մաս կը կազմէր Ա. դասակարգին:

Կ՛ակնկալուի, որ խումբը դարձեալ գտնէ իր երբեմնի փառքի օրերը եւ պատկանի այնտեղ, ուր է անոր իսկական տեղը` Ա. դասակարգ:

1904celebrationԿ՛արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այն կարեւոր եւ էական կէտին, որ եթէ մարզիկները դաշտին վրայ պայքարեցան, սակայն արձանագրուած յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցան համակիրները, որոնք ոչ միայն մրցումին, այլեւ անկէ ետք եւս իրենց յաղթական տօնակատարութիւնը շարունակեցին` Սաֆայի դաշտէն մինչեւ Պուրճ Համուտ իրենց վերադարձը:

Ինչ կը վերաբերի օրուան գլխաւոր իրաւարարին` Ժիհատ Ղարիպին, ան յաջողեցաւ շատ լաւ ձեւով կատարել իր պաշտօնը` գրեթէ ոչ մէկ թերացում արձանագրելով:

Գ. դասակարգի վերջնական դասաւորումը այժմ կը պարզէ հետեւեալը.

 

Յ.

Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ.

ԿԷՏ

1.- ԻսլահՊըրժՇիմալի

3

0 0 10 3

9

2.- ՀՄԸՄ   

2

0 1 6 6

6

3.- ՇապապՀումինԹահթա

1

0 2 2 5

3

4.- Շարք

0

0 3 3 7

0

 

Նշենք, որ 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը` գրաւողները մնացին Գ. դասակարգ:

Ինչ կը վերաբերի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պըժժէէն կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամշիթ – ՀՄԸՄ Առաջին Մրցումը` Ուրբաթ, 25 Ապրիլին

Յաջորդը

Հակառակ Անապահով Վիճակին. Դամասկոսի Հայ Գաղութը Նշեց Ս. Զատիկը

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.