Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածը Մասնակցեցաւ Լոնտոնի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

April 19, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamaz_LONDONB4_n8-10 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը «Ըրլզ քորթ քոնֆըրընս» ցուցասրահին մէջ: Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի Համայնքային խորհուրդին, գործակցութեամբ Հայաստանի դեսպանատան եւ կազմակերպութեամբ այս առիթով յառաջացած յանձնախումբին, կարելի եղած էր ունենալ հայկական յատուկ տաղաւար մը: Առաջին տարուան յաջող փորձառութենէն ետք, որուն օրին մասնակից դարձած էր Համազգայինի հրատարակչատան գրատարածը, այս տարեշրջանին հայկական տաղաւարին մէջ կարելի եղաւ համախմբել Հայաստանէն եւ սփիւռքէն 30 հրատարակչատուներ, հրատարակիչներ եւ գրողներ: Յատկանշական էր այս տարի Պոլսոյ հայկական հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը: Տաղաւարին մէջ ցուցադրութեան դրուած էին Հայ դատի մասին վերջին տարիներուն հրատարակուած պատկառելի թիւով գիրքեր, հայկական թեմայով օտարալեզու գրականութիւն, ինչպէս նաեւ` հայերէնով մշակութային, պատմական, գրական, բանասիրական եւ մանկական հրատարակութիւններ:

Hamaz_LONDONB5_nՀամազգայինի հրատարակչատունը այս ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով: Հայկական տաղաւարը արժանացաւ օտարներու մեծ գնահատանքին: Կարգ մը օտար հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ այցելեցին հայկական տաղաւարը եւ հայերէնով որոշ հրատարակութիւններու թարգմանութեան գծով կայացուցին նախնական համաձայնութիւններ:

Ապրիլ 8-ի երեկոյեան հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Լոնտոնի Համայնքային խորհուրդի, Հայաստանի դեսպանատան եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` օտար հիւրեր: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ հայկական տաղաւարի ներկայացուցիչ Չարլզ Մալաս ներկայացուց մասնակից հրատարակչատուները եւ հրատարակիչները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատարեցին այս ծրագրի յաջողութեան: Այս առիթով ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին նաեւ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեան, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի թեմի առաջնորդ սրբազանին ներկայացուցիչը:

Hamaz_LONDONB3_nՈւրբաթ, 12 ապրիլին, Լոնտոնի Համազգայինի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ գիրքերու ցուցահանդէս- վաճառք: Այս առիթով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Հրաչ Պօղոսեան: Ան բարձր գնահատեց Լոնտոնի Միջազգային ցուցահանդէսին այսքան մեծ թիւով հայկական հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը եւ մաղթեց,որ այս ծրագիրը կը ստանայ տարեկան հետեւողական բնոյթ: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքի ու գրականութեան կարեւորութեան մասին եւ մաղթեց, որ այսպիսի ձեռնարկներ նոր խթան հանդիսանան հայ լեզուի ու գրականութեան պահպանման ու զարգացման: Ապա բեմ հրաւիրեց Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը` այս առիթով փոխանցելու իր խօսքը:

 

Hamaz_LONDONB7_n

Hamaz_LONDONB2_n

Հաւաթեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Լոնտոնի Միջազգային ցուցահանդէսին- ինչպէս նաեւ Համազգայինի կազմակերպած ցուցահանդէս վաճառքին կազմակերպման սատարած բոլոր անհատներուն: Ան աւելցուց, որ Լոնտոնի մէջ այսքան մեծ թիւով հայ հրատարակիչներու ներկայութիւնը դրական եւ քաջալերական ցուցանիշ մըն է, եւ հակառակ հայ գիրի, գրականութեան եւ ընթերցանութեան դիմագրաւած այսօրուան մարտահրաւէրներուն` ահաւասիկ Եւրոպայի այս կարեւոր քաղաքին մէջ այս համախմբումը խոր վստահութիւն ներշնչող գործօն է եւ ապագայի հանդէպ ապահով գրաւական: Ան անհրաժեշտ նկատեց համահայկական զօրակցութեան եւ գուրգուրանքի մնայուն առանցք դարձնել հրատարակչական մարզը, որովհետեւ այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ երաշխաւորել հայ ժողովուրդին գոյութիւնը եւ անոր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանումն ու զարգացումը: Ան աւելցուց, որ հոսանքն ի վեր թիավարելու եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ այս գործը շարունակելու անհրաժեշտութենէն մեկնած` հայ հրատարակչական մարզի նոր ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները հարկ է, որ ստանան բոլոր գաղութներու զօրակցութիւնը: Լոնտոնի Գիրքերու միջազգային փառատօնը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան համար առիթ դարձաւ համագործակցութեան նոր ոլորտներ ստեղծելու հայկական տարբեր հրատարակչատուներու հետ, ինչպէս նաեւ նախնական համաձայնութիւններ` օտար հրատարակչատուներու հետ մանկապատանեկան արդիական եւ ժամանակակից նոր գործերու թարգմանութեան համար:

Ցուցահանդէսի աւարտին կազմակերպիչ մարմինի եւ մասնակից հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին նախնական պայմանաւորուածութիւն կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով յառաջիկայ տարի եւս հայկական տաղաւարը ներկայութիւն ըլլայ Լոնտոնի Միջազգային ցուցահանդէսին, եւ այս առիթով շեշտը դրուի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի հրատարակութիւններուն վրայ:

 

Նախորդը

Լուսանկարը…

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.