Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատիկ Է

April 19, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1904-zadigԶատկուան օրը կը նշէ Յիսուսի յարութեան յիշատակութիւնը:

Քրիստոնէութեան առաջին շրջաններուն Արեւելքի եկեղեցիները Զատիկը կը տօնէին գարնան գիշերահաւասար օրուան յաջորդող լիալուսինէն առաջ վերջին օրը` յիշատակելով Յիսուսի մահը: Յիսուսի յարութեան յիշատակութիւնը տեղի կ՛ունենար երկու օր ետք:

Սովորութիւններ

Եւրոպական երկիրներու մեծամասնութեան մէջ եկեղեցիի զանգակները, որոնք Զատիկի իսկական խորհրդանիշն են, հնչելէ կը դադրին Աւագ ուրբաթէն մինչեւ Զատիկի կիրակին, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, անոնք Հռոմ կ՛երթան հաւկիթներով բեռնաւորուած վերադառնալու համար: Վերադարձին անոնք կ՛անցնին պարտէզներուն մէջէն, ուր կը նետեն իրենց հաւկիթները:

Սակայն եւրոպական այլ երկիրներու մէջ Զատկուան լուրը բերողները զանգակները չեն. Թիրոլի շրջանին մէջ հաւն է, Զուիցերիոյ մէջ գուգուն է, Գերմանիոյ մէջ` ճերմակ նապաստակ մը, իսկ անգլիախօս երկիրներուն մէջ` վայրի նապաստակ մը:
Իտալիոյ մէջ վարդապետը կ՛օրհնէ Զատիկի հաւկիթները: Զատկուան կիրակիի ճաշին ընթացքին տանտիկինը այդ հաւկիթները կը դնէ սեղանին կեդրոնը, որուն շուրջ կը հաւաքուի ամբողջ ընտանիքը: Խրախճանքը կրնայ սկսիլ:

Աւստրալիոյ մէջ ալ Զատկուան օրը նապաստակն է, որ կը բերէ հաւկիթները եւ զանոնք կը պահէ պարտէզին մէջ: Մանուկները շատ հաճելի ժամանակ կ՛անցընեն այդ պահուած հաւկիթները փնտռելով:

* * *

13-րդ դարէն ի վեր է, որ ներկուած հաւկիթները իսկապէս յայտնուած են: Անոնք կը փոխանակուէին Մեծ պահքի վերջաւորութեան առիթով` այս ձեւով խորհրդանշելով ձմրան զրկանքներու շրջանին աւարտը:

Զատկուան այս հաւկիթները տուրմէ են: Այս սովորութիւնը համեմատաբար նոր է: Տարբեր կաղապարներով ձեւաւորուած տուրմերը յայտնաբերուած են 19-րդ դարու սկիզբը: Մարդիկ հաւկիթներ կը ներկեն եւ կը զարդարեն աշխարհի չորս կողմերը: Կարգ մը երկիրներու մէջ ասիկա իսկական արուեստ կը համարուի:

Իսկ դուն արդէն ներկած եւ զարդարա՞ծ ես քու հաւկիթներդ:

 

Երջանկութեան Միջազգային Օր

1904-ourakhԳիտէի՞ր, թէ 20 մարտը հռչակուած է Երջանկութեան միջազգային օր: Անիկա ստեղծուած է 2013 թուականին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ, որուն պաշտօնն է խաղաղութիւն ապահովել ամբողջ աշխարհին մէջ: Երջանկութիւնը մարդոց իրաւունքներէն մէկն է, որ պետութիւնները պէտք է ապահովեն իրենց ժողովուրդին համար, նոյնիսկ եթէ երկիրը պատերազմական վիճակի մէջ է կամ տնտեսական տագնապ կ՛ապրի:

Այս պատճառով է, որ 20 մարտին ՄԱԿ-ը իր անդամ 193 երկիրներէն կը պահանջէ որոշումներ կայացնել իրենց բնակիչներուն կեանքը բարելաւելու համար, յատկապէս` մանուկներուն:

Ամէնէն Երջանիկ Երկիրը

Պութանը Հիմալայայի շրջանին մէջ պզտիկ երկիր մըն է: Անոր թագաւորը որոշած է, որ իր երկրին արժէքը պիտի չհաշուըւէր ըստ ժողովուրդին շահած դրամին չափով, այլ անոր բնակիչներուն երջանկութեան չափով: Այս երեւոյթն է, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տուած է Երջանկութեան միջազգային օրուան գաղափարը: Սակայն Պութանի մէջ չէ, որ մարդիկ ամէնէն ուրախը կ՛ապրին, այլ` Դանիոյ մէջ:

2013 թուականին ան տակաւին կը գտնուէր ՄԱԿ-ի տարեկան երջանկութեան տեղեկագիրի ցանկին առաջին կարգին վրայ: Ահա 40 տարիներ է, որ ան այդ դիրքին վրայ կը գտնուի:

Սակայն դանիացիները ամէնէն շատ տուրք վճարող եւրոպացիներն են, անոնց երկիրը պարտքի տակ է, ձմեռները երկար են եւ անոնք քիչ արեւ կը տեսնեն…

Հակառակ անոր` դանիացիները իրենք զիրենք ապահով կը զգան իրենց երկրին մէջ, ուր շատ քիչ անհաւասարութիւններ կան եւ անգործներուն թիւը քիչ է: Ասոնք են ամէնէն կարեւոր կէտերը: Ըստ երեւոյթին, սկանտինաւեան երկիրները երջանկութեան «ձիրքը» ունին, որովհետեւ այդ ցանկին մէջ Դանիոյ կը յաջորդեն` Նորվեկիան, Հոլանտան եւ Շուէտը:

 

1904-tserayinՁեռային Աշխատանք.

Գոյնզգոյն Նապաստակներ

Պարզապէս գոյնզգոյն ծալուած այս թուղթերով նապաստակները կրնաս գործածել զարդարելու համար կիրակի օրուան ճաշի սեղանը` իւրաքանչիւր պնակի քով դնելով տարբեր գոյնի նապաստակ մը:

Այս աշխատանքը իրագործելու համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս գոյնզգոյն թուղթերու:

Ուշադրութեամբ հետեւիր ծալուածքի բացատրութիւններուն` նապաստակը շինելու համար:

 

Խոհագիր

Զատկուան Տուրմ

1904khoh-1Դուրսէն անոնք կը նմանին Զատկուան հաւկիթներու` գունաւոր եւ զարդարուած: Բայց երբ դուն անոր կեղեւը հանես, պիտի կարենաս համով տուրմ մը ճաշակել:

Պէտք ունիս
4 հաւկիթի, 200 կրամ կարկանդակի յատուկ սեւ տուրմի, 15 սանթիլիթր քրեմ ֆրեշի, քիչ մը կասիայի:

Պատրաստութիւն
1904khoh-21.- Հաւկիթները ջուրով լուա՛յ եւ չորցո՛ւր: Չափահասէ մը խնդրէ, որ հաւկիթներուն մէկ ծայրը դանակով մը պզտիկ ծակ մը բանայ:

2.- Կեղեւներուն մէջէն պարպէ հաւկիթները: Կրնաս անոնցմով կարկանդակ մը կամ ձուածեղ շինել:

1904khoh-33.- Հաւկիթի պարապ կեղեւները ջուրով լա՛ւ մը ցողուէ: Ետքը կրնաս զանոնք թեթեւ կրակով փուռին մէջ դնել 10 վայրկեան, որ չորնան:

4.- Պզտիկ կաթսայի մը մէջ դիր կտրտուած տուրմը: Վրան աւելցուր 10 սանթիլիթր քրեմ ֆրեշ:

1904khoh-45.- Պեն մարին պատրաստէ: Մեծ կաթսայի մը մէջ մինչեւ կէսը ջուր դիր, ձգէ՛, որ տաքնայ:

6.- Պզտիկ կաթսան դիր ջուրով լեցուն կաթսային մէջ եւ ձգէ՛, որ տուրմը դանդաղօրէն հալի:

7.- Տուրմը կրակին վրայէն հանէ:

1904khoh-58.- Պզտիկ դգալով մը հալած տուրմէն լեցուր հաւկիթներուն պարապ կեղեւներուն մէջ:

9.- Տուրմով լեցուած հաւկիթները հաւկիթի տուփին մէջ շարէ եւ զանոնք 1 ժամ սառնարանը դիր, որ պաղին:

Հաւկիթները տուրմով լեցնել առաջ կրնաս զանոնք ներկել ուտելիքի յատուկ ներկերով:

1904khoh-6Կրնաս նաեւ, երբ տուրմը սառի, հաւկիթները հանել սառնարանէն եւ զանոնք զարդարել վրան թուղթէ զարդարանքներ, փետուրներ դնելով` անոնց տարբեր կերպարներու ձեւը տալու համար:

1904khoh-81904khoh-7

 

 

 

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել մեծ մամային հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել մեծ մամային հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակները
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1964)

Յաջորդը

Լուսանկարը…

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.