Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճինիշեան» Հաստատութեան Եւ Նարեկի Տիրամօր Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Նախաձեռնութեամբ. Տարեց Մամիկներու Ու Պապիկներու Ս. Զատկուան Հաւաք

April 16, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1504dzererԵրէկ իւրայատուկ մթնոլորտ մը կը տիրէր Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ: Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ նշեալ կեդրոնին, շրջանին մէջ բնակող տարեց մամիկներն ու պապիկները համախմբուած էին միեւնոյն յարկին տակ` միասնաբար նշելու համար Ս. Զատիկը:

Միացեալ հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, որ «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնի այդ հաւաքը Աւագ շաբթուան ընթացքին մեր մէջ կ՛արթնցնէ քրիստոնէական կարեւորագոյն արժանիքներէն մէկը, որ եղբայրսիրութիւնն է:

Տոքթ. Եափուճեան յայտնեց, որ ներկայ դժնդակ օրերուն, երբ քրիստոնեաներու միակ ապաստան երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ կը մնայ Լիբանանը, օրէ օր կը քայքայուի Սուրիոյ հարիւրամեայ գաղութը, կը քանդուին մեր եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները եւ հայ ընտանիքը պանդխտութեան ցուպը ձեռքին կ՛ուղղուի օտարութեան: «Սիրենք մեր տեղահանուած եղբայրները, աղօթենք քրիստոնէավայել կերպով եւ տոկանք լիբանանեան ամրոցին մէջ», ըսաւ տոքթ. Եափուճեան:

Այս առիթով տոքթ. Եափուճեան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ նուիրեց մանրանկարչական գործ մը եւ խնդրեց հոգեւոր Տիրոջմէն, որ նոյնպիսի գործ մը հասնի գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշին, որ կեդրոնի բարերարներէն է:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեց հայրիկներուն ու մամիկներուն հետ հանդիպելուն համար: Հոգեւոր տէրը յատուկ կերպով ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնք Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ են:

«Մենք կարիքը ունինք ձեր փորձառութեան եւ տարիներու վրայ երկարող նուիրումին, որոնք երիտասարդութեան համար փարոսներ պիտի հանդիսանան: Դուք օտարներ չէք, դուք մեր հայկական մարմնին հիմնական մասն էք», ըսաւ հոգեւոր տէրը:

Ապա ան աղօթեց եւ պահպանիչով փակեց իր խօսքը: Կեդրոնը եւ տարեցները ջուրով օրհնելէ ետք հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ ջուրով օրհնելը կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի` ջուրով եւ Ս. Հոգիով մկրտութիւնը: «Հայը եթէ քրիստոնեայ չէ, հայ ըլլալէ կը դադրի», ընդգծեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:

Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը (գեղարուեստական ղեկավար` Գարմէն Աճէմեան) յաջորդաբար մեկնաբանեց Աշուղ Աշոտի «Հով գիշեր, զով գիշեր», Սայաթ Նովայի «Քամանչա», «Սարվորի երգ» եւ «Սիւնեաց սարեր» երգերը: Գարմէն Աճէմեան երգեց «Անջիգեար» երգը, իսկ վարժարանէն աշակերտ մը ջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը:

Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ, ապա` մատուցուեցաւ կէսօրուան ճաշ:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 0-20

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը` Փոքր Հայաստան Եւ Փոքր Ծիծեռնակաբերդ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.