Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Հսկեցէ՛ք, Քանի Չէք Գիտեր Ձեր Տիրոջ Գալուստին Օրը…»

April 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, քառասնօրեայ Մեծ պահքին վեցերորդ եւ վերջին կիրակին կոչուած է «Գալստեան», որուն երկար ընթերցումը առաջին աւետարանիչէն` Ս. Մատթէոսէն, ներկայիս կրճատուած է. ուստի, Յիսուսի երկրորդ գալուստին մասին ակնարկութիւններն (Մտթ. 23,39. 24,3) ու գլխաւոր բաժինը (Մտթ. 24,26-44) մնացած են դուրս:

Այսպէս, դժբախտաբար, այսօր կարդացուած կտորը (Մտթ. 22,34-23,12) չի տար «Գալստեան» խորհուրդը, որով կը մատնանշուի Քրիստոսի երկրորդ ու վերջին գալուստը` նաեւ ակնարկուած «Դատաւորին» կարդացուած աւետարանին վերջին այս համարին մէջ.«Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս երբ գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրին վրայ» (Ղկ. 18,8):

Այո՛, Ս. Եկեղեցին կը հաւատայ եւ կը սպասէ իր Յիսուս Քրիստոս Հիմնադրին` «Մարդու Որդիին» երկրորդ գալուստին, որուն, սակայն, «օրը եւ ժամն ոչ մէկը գիտէ երկրին վրայ, ինչպէս նաեւ ոչ` հրեշտակները երկնքին մէջ» (Մտթ. 24,36):

Մարդերը հաւատան կամ չհաւատան, երկվայրկեանով ու պարունակով միայն Աստուծոյ յայտնի երկրորդ գալուստը պիտի դիպի աշխարհի կատարածին, երբ Դատաւոր-Թագաւորը պիտի ժամանէ ընելու համար «վերջին դատաստանը» թէ՛ «աջակողմեաններուն» եւ թէ՛ «ձախակողմեաններուն»: Առաջինները պիտի հրաւիրուին «յաւերժական կեանքին», իսկ երկրորդները պիտի ղրկուին «յաւիտենական տանջանքին» (Մտթ. 25,31-46):

«Աջակողմեաններուն» կամ, «Աստուած մի՛ արասցէ», «ձախակողմեաններուն» մեր պատկանիլը մեզմէ կախում ունի: Աստենական մեր կեանքը միայն պատրաստութիւն եւ սպասում է անդենական մեր կեանքին:

Այս ճշմարտութեան դիմաց` մարդասէր Տէրը կը հրահանգէ մարդերուն ու մեզի. «Հսկեցէ՛ք, քանի չէք գիտեր ձեր Տիրոջ գալուստին օրը (Մտթ. 24,42): Աղօթեցէ՛ք (Մտթ. 24,20), որովհետեւ ձեր չակնկալած ժամուն պիտի գայ Մարդու Որդին» (Մտթ. 24,44):

Մեր հսկումին եւ աղօթքին անպայման համընթանալու են մեր եղբայրասիրութեան ու օգնութեան արարքները նկատմամբ անօթիին, ծարաւին, պանդուխտին, մերկին, հիւանդին եւ բանտարկեալին, որոնք հարազատները` քոյրերն-եղբայրներն են Դատաւոր-Թագաւորին (Մտթ. 25,40):

Մեր կրօնը զարմանալի կրօն է, քանի անոր Աստուածամարդկային Հիմնադիրը շատ աւելի զարմանալի է: Ինչո՞ւ… Որովհետեւ մեր յաւիտենական ուրախութիւնը կամ տխրութիւնը կը պայմանաւորէ մեր մէ՛կ սիրարարքով` գործօն ընկերասիրութեամբ լոկ, որ ոչ միայն անբաժանելի է մեր աստուածասիրութենէն, այլ նաեւ կը գործնականացնէ զայն:

«Լսէ՛, ո՜վ իմ ժողովուրդ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է: Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ կարողութեամբդ: Ահաւասիկ նաեւ երկրորդը: Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս: Այս երկու պատուիրաններէն աւելի մեծը չկայ» (Մրկ. 12,29-31):

Գործնական աստուածասիրութեամբ ու գործօն ընկերասիրութեամբ պայմանաւորուած մեր յաւիտենական ուրախութեան անյետսկոչելի վճիռը լսե՛նք ամենագէտ եւ արդարատ Դատաւոր-Թագաւորէն, որ պիտի ծանուցանէ «աջակողմեաններուն»:

«Եկէ՛ք, իմ Հօրս օրհնեալները, առէ՛ք իբրեւ ժառանգութիւն` Արքայութիւնը, որ աշխարհին սկիզբէն ի վեր պատրաստուած է ձեզի համար:

Որովհետեւ անօթեցայ, եւ դուք կերակրեցիք զիս:

Որովհետեւ ծարաւի էի, եւ դուք խմցուցիք ինծի:

Որովհետեւ պանդուխտ էի, եւ դուք ընդունեցիք զիս:

Որովհետեւ մերկ էի, եւ դուք զգեստաւորեցիք զիս:

Որովհետեւ հիւանդ էի, եւ դուք այցելեցիք ինծի:

Որովհետեւ բանտարկեալ էի, եւ դուք եկաք տեսնելու զիս» (Մտթ. 25,31-36):

Զարմանահար` «աջակողմեանները», որոնք «արդարներն» են, պիտի պատասխանեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ տեսանք անօթի ու կերակրեցինք, ծարաւի` եւ խմցուցինք…: Ե՞րբ քեզ տեսանք պանդուխտ եւ ընդունեցինք, մերկ` ու զգեստաւորեցինք…: Ե՞րբ քեզ տեսանք հիւանդ կամ բանտարկեալ եւ այցելեցինք քեզի…» (Մտթ. 25,37-39):

Ուշադրութի՛ւն: Աստուածային Իրատեսին ու Հեռատեսին յայտարարութիւնները միշտ այժմէական են, բայց մանաւանդ` մեր ապրած օրերուն, երբ մեր «փոքր ածուին» մէջ մնալուն համար Սուրիայէն մեր քաղաքը կը հասնին տառապահար մեր ազգակիցները, որոնց հանդէպ մեր ունեցած կամ ունենալիք վերաբերումէն կախեալ է Դատաւոր-Թագաւորին պատճառաբանութիւնը` մեզ յաւերժօրէն ընդունող կամ մերժող:

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ, որ նման բարիք մը ըրիք մէկուն այս փոքրիկներէն, որոնք իմ եղբայրներս ու քոյրերս են, ինծի՛ ըրիք զայն» (Մտթ. 25,40):

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ, որ նման բարիք մը մերժեցիք մէկուն այս փոքրիկներէն, որոնք իմ եղբայրներս ու քոյրերս են, ինծի՛ մերժեցիք զայն»(Մտթ. 25,45):

Այսպէս Յայտարարողը նաեւ իր խօսքերուն Գործադրողն է, որուն յանկարծահաս «երկրորդ գալստեան» ժամուն գործնական աստուածասիրութեան ու գործօն ընկերասիրութեան արարքներով բեռնաւոր ըլլալիք «աջակողմեանները» իրենց  անմահացնող «Փեսային հետ կը մտնեն հարսնետունը» (Մտթ. 25,10) Դատաւոր-Թագաւորին արքայութեան մէջ:

Մինչ այդ, «միշտ պատրաստ վերադարձող Տիրոջ» (Ղկ. 12,35) եւ մեր «ժառանգութիւնն Արքայութեան» մէջ ստուգապէս ստանալու համար` Մարիամ Սիրամօր դիմե՛նք հայ շարականագիրին հետ. «Աստուածածին անհարսնացեալ, երկրէն երկինք ընծայուած Հարս, երբ բազմիս լոյսին նման, Քու Միածինիդ աջակողմը, այն ատեն մաղթէ՛, որ մեզ ազատէ ահեղ բոցէն եւ համադասէ արդարներուն, որպէսզի Քեզ երգենք երկնայիններուն հետ»: Ամէն:

Այնճար, 6 ապրիլ 2014

Նախորդը

Քեսապահայութեան Ու Քեսապին Զօրակցող Հաւաքներ Ֆրանսայի Մէջ

Յաջորդը

«Հրաշալի Քառեակի» Օրակարգը Սերժ Սարգսեանի Դիրքերը Թուլացել Են

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.