Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապահայութեան Ու Քեսապին Զօրակցող Հաւաքներ Ֆրանսայի Մէջ

April 14, 2014
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kessab_parisԻնչպէս աշխարհի բոլոր ծագերուն, Ֆրանսայի մէջ եւ հայութիւնը ցոյցերով եւ տարբեր նախաձեռնութիւններով իր ձայնը բարձրացուց` պահանջելով, որ արդարութիւն տնօրինուի Քեսապի եւ քեսապահայութեան հարցով:

Փարիզ

Մարտ 31-ին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ Քեսապի հայերուն պաշտպանութիւն յայտնող եւ տեղի ունեցածը դատապարտող բողոքի ցոյց մը` կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան:

Ցոյցին մասնակցեցան մեծ թիւով անձեր, հիմնականին մէջ` երիտասարդներ, որոնք կը բացագանչէին. «Ոճրագործ Էրտողան, Քեսապէն դո՛ւրս», «Քեսապը մե՛րն է», «Ո՛չ կը մոռնանք, ո՛չ ալ կը ներենք Թուրքիոյ» եւ այլ  կարգախօսներ:

Kessab_paris2Kessab_paris1Ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի կողմէ Յարութ Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» միութեան ատենապետ Լորիս Թուֆանեան: Անոնք իրենց խօսքին մէջ դատապարտեցին Քեսապի վրայ եղած յարձակումը եւ մեղադրեցին Թուրքիոյ կառավարութիւնը` կատարուածին մէջ իր ունեցած մեղսակցութեան համար: Նաեւ կոչ ուղղուեցաւ Արեւմուտքին եւ Ֆրանսայի կառավարութեան` անտարբեր չմնալու կատարուածին նկատմամբ:

Հրաչ Վարժապետեան խօսքը ֆրանսական իշխանութիւններուն ուղղելով` դիտել տուաւ, որ անոնց ֆինանսաւորած սուրիական ընդդիմութիւնն է, որ Քեսապի մէջ այս քայլը առաւ, իսկ ֆրանսահայերը կը պահանջեն բացայայտել այս արարքին ծալքերը: Անոր համաձայն, Ֆրանսա պէտք է ընդդիմութեան պարտադրէ, որ քաշուի Քեսապէն, որպէսզի անոր իսկական տէրերը վերադառնան իրենց բնակավայրը: Վարժապետեան շեշտեց, որ ասիկա միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս Ֆրանսայի պարտաւորութիւնն է:

Մարսէյ

Kessab_MarseillesԿազմակերպութեամբ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող մարմնինին, 7 ապրիլին Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած բողոքին դէմ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան շուրջ 500-600 հայեր, մեծամասնութեամբ` երիտասարդներ, որոնք իրենց բացագանչութիւններով եւ Թուրքիան ու Էրտողանը դատապարտող կոչերով թնդացուցին շրջանը:

Այս առիթով խօսք առաւ վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ Ժաք Տօնապետեան, որ անդրադարձաւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած ներթափանցման, որուն պատճառով քեսապահայութիւնը ստիպուեցաւ լքել իր հարազատ բոյնը եւ ապաստանիլ Լաթաքիա: Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը տեղի ունեցած դէպքերուն մէջ` դիտել տալով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ լուռ մնայ:

Kessab_Marseilles1Խօսք առին նաեւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Զոյգ ցոյցերուն ընթացքին հրկիզուեցան թրքական դրօշակներ եւ երիտասարդները պայթուցիկ նիւթեր նետեցին դեսպանատան ուղղութեամբ` ֆրանսական հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը գրաւելու միտումով:

Ֆրանսական լրատուամիջոցներ անդրադարձան ցոյցերուն:

 

 

 

Նախորդը

Քեսապի Համար Ժողովրդային Հաւաք Նիկոսիոյ Մէջ

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Հսկեցէ՛ք, Քանի Չէք Գիտեր Ձեր Տիրոջ Գալուստին Օրը…»

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.