Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանամի, Գարնան Տօնը Ճափոնի Մէջ

April 12, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1104-sakura-1Ամէն տարի, ընդհանրապէս ապրիլ ամսուն սկիզբը ճափոնցիները կը տօնեն կեռասենիներուն (սաքուրա) ծաղկումը: Ասիկա անոնց համար առիթ մըն է պարտէզներուն մէջ պտտելու, ուտելու, խմելու եւ խրախճանքներ ընելու: Կեռասենիներուն տակ նստած` անոնք ժամանակնին կ՛անցընեն աւանդական հանամիով, որ պապերէն մնացած սովորութիւն մըն է: Հանամի կը նշանակէ` ծաղիկները դիտել:

Այս ձեւով, պարտէզներուն մէջ մենք կը հանդիպինք ծածկոցներու վրայ նստած ճափոնցիներու, որոնք ժամեր կ՛անցընեն իրենց նախասիրած ծաղիկը դիտելով եւ սաքէ խմելով:

1104-sakura-2Այս ծաղկումը շատ սպասուած առիթ մըն է: Ան նաեւ հանդարտութեան շրջան մըն է. ընտանիքները կամ բարեկամներ կը հաւաքուին կեռասենիներուն տակ, շրջանէ շրջան կը ճամբորդեն երթալու համար հոն, ուր ամէնէն գեղեցիկ ծաղկումը կարելի է տեսնել: Ճափոնցիները բնութեան շատ մօտ են, ամբողջ երկիրը կը տօնէ գարնան ժամանումը: Բոյսերու շուկայ, պարեր, վիշապներու տողանցք…

Սակայն այս տօնը շատ դիւրաբեկ բնոյթ մըն ալ ունի: Անիկա կը տեւէ միայն քանի մը օր եւ ունի թէ՛ գեղագիտական, թէ ալ հոգեւոր նշանակութիւն: Ճափոնցիներուն համար կեռասենիին ծաղիկներուն թափող թերթեր կը խորհրդանշեն մեր կեանքը, որ կրնայ գեղեցիկ ըլլալ, սակայն նոյն ատեն ան դիւրաբեկ է եւ` անցողական: Այս ծաղկումը կը խորհրդանշէ նաեւ գարնան վերանորոգումը:

 

«Ծպտուած» Հաւկիթներ

Զատկուան հաւկիթը նոր կեանքի մը ծնունդը եւ բերրիութեան խորհրդանիշ է: Զատիկին հաւկիթներ նուիրելը, ինչպէս նաեւ գարնան ժամանումը տօնելը շատ հին սովորութիւններ են, որոնք հաստատուած են հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր: Սակայն գիտէի՞ր, թէ պարսիկները արդէն իրարու հաւու հաւկիթներ կը նուիրէին իբրեւ բախտաբեր առարկայ` գարունը տօնելու համար:

* * *

Ահա քանի մը գաղափարներ` այս տարի Զատիկի հաւկիթները զարդարելու համար:

 

havguit-AԱ.- Պզտիկ մարդուկներ

Այս զարդարանքներուն համար պէտք պիտի ունենաս յատկապէս գունաւոր թուղթերու եւ հաւկթամաններու:

Այս պարագային կրնաս գործածել սրճագոյն հաւկիթներ, այս ձեւով պէտք պիտի չունենաս զանոնք նաեւ ներկելու:

Գունաւոր թուղթերուն վրայ գծէ եւ կտրէ իւրաքանչիւր կերպարի յատուկ մազերը եւ հագուստին մանրամասնութիւնները: Ինչպէս կը նշմարես, հաւկթամանն ալ զարդարանքին մաս կը կազմէ: Աչքերուն համար կրնաս պատրաստ ձեռային աշխատանքի յատուկ աչքեր փակցնել կամ զանոնք մելան ներկի մատիտով գծել:

havguit-BԲ.- Մանր նապաստակներ

Այս պարագային ալ պէտք չունիս հաւկիթները ներկելու եւ նախընտրաբար գործածես ճերմակ հաւկիթներ:

Այս նապաստակներուն համար պէտք պիտի ունենաս ծխամորճ մաքրելու յատուկ գունաւոր թելեր: Այդ թելերը փակցուր հաւկիթին շուրջ, գլխուն վրայ հանգոյցի ձեւ մը տալու համար: Կրնաս նաեւ բամպակէ պզտիկ գնդիկ մը փակցնել ետեւը` իբրեւ պոչիկ: Սեւ մատիտով գծէ նապաստակին աչքերը, քիթը, բերանը եւ պեխերը:

havguit-CԳ.- Սուզուող հաւկիթներ

Այս «ծպտուած» հաւկիթներուն համար հաւկիթի յատուկ ներկի պէտք պիտի ունենաս: Ճերմակ հաւկիթներուն մէկ երրորդը միայն ներկէ. ձգէ, որ չորնան:

Իւրաքանչիւր «սուզուողի» համար պէտք պիտի ունենաս ծալուող ըմպեղէգի (շալիմօ) եւ ջուրի շիշի կերպընկալէ կափարիչի եւ զօրաւոր խէժի:

Ըմպեղէգները կտրէ երկու ծայրերէն` ըստ հաւկիթներուն հասակին: Կերպընկալէ կափարիչներուն վրայ սեւ մատիտով գծէ աչքերը: Սուզուելու դիմակները եւ շնչելու խողովակները փակցուր հաւկիթին վրայ: Սեւ խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ ոտքերը, հաւկիթները անոնց վրայ փակցուր:

havguit-DԴ.- Գոյնզգոյն ծաղիկներ

Եթէ չես սիրեր երկար ժամեր յատկացնել ձեռային աշխատանքներու, կրնաս պարզապէս հաւաքել տարբեր գոյնի եւ չափի կոճակներ եւ զանոնք ծաղիկի ձեւով փակցնել ճերմակ հաւկիթներու վրայ:

Ե.- Գոյնզգոյն պարտէզ մը

havguit-EԿրնաս նաեւ որոշել` բոլոր հաւկիթները զարդարել ըստ նոյն նիւթին, ինչպէս, օրինակ, ծաղիկներու աշխարհը:

Պէտք պիտի ունենաս գարնանային գեղեցիկ գոյներով թուղթերու: Անոնց վրայ գծէ եւ կտրէ ծաղիկի տարբեր ձեւեր (կրնաս պատկերին օրինակներէն ներշնչուիլ) եւ զանոնք փակցուր ճերմակ հաւկիթներու վրայ:

Ուշադրութի՛ւն. Մի՛ մոռնար հաւկիթները զարդարելէ առաջ զանոնք խաշել:

 

Ձեռային Աշխատանք

Զատկուան Կողով

tserayin-1104

 

 

 

 

 

 

1104-tserayin-1Նապաստակներով եւ ծաղիկներով զարդարուած այս կողովը կրնաս գործածել մէջը Զատկուան գոյնզգոյն հաւկիթները կամ տուրմէ հաւկիթները դնելու համար:

 

Պէտք Ունիս

Բարակ խաւաքարտի, գունաւոր թուղթերու, ներկերու, խէժի, մկրատի, ակրաֆի գործիքի:

Բացատրութիւն

1.- Կէս կողովի շրջագիծը մեծցուր եւ բարակ խաւաքարտին վրայ ընդօրինակէ. նոյն ձեւով ընդօրինակէ նաեւ միւս բաժինը:

1104tserayin-61104tserayin-51104-tserayin-41104-tserayin-31104-tserayin-2

 

 

2.- Կտրէ կողովը:

3.- Ծալէ զայն:

4.- Անկիւններէն փակցուր:

5.- Խաւաքարտէ երիզ մը կտրէ եւ զայն ամրացուր ակրաֆի գործիքով կողովին վրայ կոթը ընելու համար:

6.- Գունաւոր թուղթէ երիզ մը կտրէ եւ զայն ձեռնադաշնակի նման ծալէ:

 

1104-tserayin-131104-tserayin-121104-tserayin-111104-tserayin-101104-tserayin-91104-tserayin-81104-tserayin-7

 

 

 

7.- Այս ձեռնադաշնակին երեսին վրայ նապաստակի գլուխը գծէ եւ զայն կտրէ: Պիտի ստանաս նոյն նապաստակի գլուխէն բազմաթիւ օրինակներ:

8.- Նապաստակի դէմքերուն վրայ գունաւոր մատիտներով գծէ մանրամասնութիւնները (աչքեր, քիթ, բերան, ակռաներ, պեխեր…)

9.- Կանաչ թուղթէ երկար երիզ մը կտրէ եւ անոր մէկ կողմը ծոպ մը կտրէ խոտը ընելու համար: Ապա զայն փակցուր կողովին չորս կողմերը:

10.- Գունաւոր թուղթերուն վրայ ծաղիկներ գծէ եւ կտրէ:

11.- Խոտերուն վրայ փակցուր նապաստակները եւ ծաղիկները:

12.- Շատ բարակ գունաւոր թուղթեր կտրէ յարդը ընելու համար: Կողովդ պատրաստ է. կրնաս զայն լեցնել զարդարուած հաւկիթներովդ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու օձերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու օձերը:
Կրնա՞ս օգնել այս ոստիկանին` գտնելու համար իր շան հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել այս ոստիկանին` գտնելու համար իր շան հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ի՞նչ կարգով մոմերը պէտք է հանել` առանց միւս մոմերը շարժելու:
Ի՞նչ կարգով մոմերը պէտք է հանել` առանց միւս մոմերը շարժելու:
Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1964)

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Առթիւ. Հայ Աւետ. Քոլեճի Պատմութեան Ակումբի 20-րդ Դարու Համբաւաւոր Հայեր Վաւերագրական Ցուցահանդէսը

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.