
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 71-63 արդիւնքով (15-11, 29-22, 50-44 եւ 71-63):
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակուեցան հետեւեալ ձեւով (նշուած է նաեւ իւրաքանչիւր մարզիկի դաշտ ներկայացած ժամանակը).
Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 26 կէտ, 4 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (2′ 52″), Ռալֆ Աքըլ (24′ 28″, 3 կէտ), Մարք Քորճեան (2′ 52″), Թերենս Լիթըր (38′ 22″, 22 կէտ, 12 ռիպաունտ), Ճօ Ղաթթաս (19′ 43″, 4 կէտ, 1 ռիպաունտ), Հայկ Կէօքճեան (40′ 00″, 9 կէտ, 8 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (31′ 40″, 7 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սանի Սքաքիին (22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ):
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն երէկ տեղեկացանք, որ 9-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումը` Մութթահետի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ, փոխան երեքշաբթի, 15 ապրիլին, պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 16 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սաֆատիի մարզահամալիրին մէջ:


