Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական ժողովին վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին վերջնական դասաւորումը (տեսնել` ստորեւ):
Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Նեպի Շիթ եւ 2-րդ դիրքը գրաւած Շապապ Ղազիէ բաձրացան Ա. դասակարգ:
Իսկ Գ. դասակարգ փոխադրուեցան Շապապ Թրիփոլի, Նահտա Պար Էլիաս, Սալամ Սուր եւ Հարաքեթ Շապապ:
Նշենք, որ վերջին երկուքին արձանագրած բոլոր արդիւնքները չեղեալ նկատուեցան:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՇԱԲԱԹ, 12 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ – Շարք 3:30 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ԱՊՐԻԼ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Շապապ Հումին Թահթա 3:30 Ահտ
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Յակոբ Գուճանեան, որ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ կատարուած մրցումին իր երրորդ յաջորդական դեղին քարտը ստացաւ, մէկ մրցումով կախակայուեցաւ:
Ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն (դարձի առաջին հանգրուան), ՀՄԸՄ կիրակի, 27 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ պիտի մրցի Անսարի դէմ:
Ստորեւ կու տանք Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորումը, որ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ.
Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Նեպի Շիթ 18 1 3 64 18 55
2.- Շապապ Ղազիէ 12 7 3 46 25 43
3.- Ահլի Սայտա 12 1 9 54 31 37
4.- Ռիատա Ուալ Ատապ 9 7 6 32 26 34
5.- Խըյուլ 10 4 8 40 32 34
6.- Թատամոն Պէյրութ 7 9 6 35 33 30
7.- Սաժես 7 9 6 33 40 30
8.- Ամալ Թրիփոլի 7 6 9 38 30 27
9.- Շեպիպեթ Մազրաա 6 7 9 24 37 25
10.- Ահլի Նապաթիէ 5 5 12 30 42 20
11.- Շապապ Թրիփոլի 3 6 13 16 49 15
12.- Նահտա Պար Էլիաս 4 2 16 28 77 14
13.- Սալամ Սուր – – – – – –
14.- Հարաքեթ Շապապ – – – – – –


