Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Թատերական Միաւոր. Ներկայացում` Սերկէյ Փարաճանովի «Սուրամի Ամրոցի Առասպելը» Շարժապատկերին

April 7, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cine-Club3Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան թատերական միաւորին, ուրբաթ, 4 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, թատերական միաւորը կազմակերպեց այս եղանակին  իր «Սինէ քլապ»-ի շարքին երրորդ ներկայացումը` Սերկէյ Փարաճանովի «Սուրամի  ամրոցի առասպելը» շարժապատկերը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց թատերական միաւորի ատենապետ Լեւոն Ակոբեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հակիրճ կերպով խօսեցաւ Փարաճանովի ծննդեան 90-ամեակին հետ զուգադիպող այս ձեռնարկին մասին եւ ներկաները հրաւիրեց դիտելու իր տեսակին մէջ եզակի արուեստի գործ մը, որ կը ցոլացնէ Փարաճանովի տեսիլքը եւ անոր գեղարուեստական թռիչքը:

Ապա Ակոբեան ներկաներուն ըսաւ, որ ապրիլ ամսուան աւարտին Համազգայինի թատերական միաւորը պիտի ներկայացնէ այս եղանակին «Սինէ քլապ»-ի շարքին վերջին ձեռնարկը,  որ Հայ դատին առնչակից պիտի ըլլայ, իսկ մայիս ամսուան աւարտին թատերական միաւորը եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը լիբանանեան հասարակութեան պիտի ներկայանան Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղով`  բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Ապա խօսք առաւ օրուան շարժապատկերը քննարկող դոկտ. Հրաչ Պարսումեան, որ լայն տեղեկութիւններով ներկայացուց ոչ միայն օրուան շարժապատկերը, այլ նաեւ Փարաճանովի տարբեր ստեղծագործութիւնները եւ շարժապատկերները` «Նռան գոյնը», «Աշուղ Ղարիպ» եւ այլն:

Ապա թատերասէր եւ ֆիլմարուեստի սիրահար ներկաները միասին դիտեցին «Սուրամի ամրոցի առասպելը» շարժապատկերը, որ 1984-ին նկարահանուած եւ բեմադրուած  է Սերկէյ Փարաճանովի եւ Տոտօ Ապաշիծէի կողմէ:

86 Վայրկեան վայելելէ ետք գեղարուեստական պատկերներու եւ գոյներու համադրութեամբ ու միացումով բեմադրուած այս շարժապատկերը, ներկաները առիթը ունեցան քննարկելու եւ իրենց հարցումները ուղղելու օրուան հիւր մասնագէտին` դոկտ. Պարսումեանին, որ համապարփակ ձեւով պատասխանեց բոլոր հարցադրումներուն` ըսելով, որ հետագային «Ազդակ»-ի էջերուն ընդմէջէն աւելի լայն ու մանրամասն ձեւով պիտի անդրադառնայ այս շարժապատկերին  գեղարուեստական եւ գրական արժէքներուն:

 

Նախորդը

«Մհեր Մկրտչեան» Թատերախումբ «Երկու Կին Մէկ Ամուսին» Կատակերգութեան Ներկայացում

Յաջորդը

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Միջդպրոցական Գծագրական Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.