Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Օրէնսգէտ Բժիշկին Դերը» Նիւթով Դասախօսութիւն

April 4, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
DSC04008
Տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի 2 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Օրէնսգէտ բժիշկին դերը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց օրէնսգէտ  տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, թէ օրէնսգէտ կամ դատական բժիշկը այն անձն է, որ երբ մահուան պատճառը կասկածի տակ առնուած է, կը ստուգէ ու հարցախոյզը կատարելէ ետք բժշկական վկայագիր կու տայ:

Տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան դասախօսութեան սկսաւ մանրամասնօրէն խօսելով դատական բժիշկի մը իրաւասութիւններուն եւ աշխատանքային դաշտին մասին: Ան նշեց նաեւ մանուկներու իրաւունքներուն հարցը ու անոնց ապահովութիւնը պաշտպանելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ճշդելու անձի մը ինքնագիտակցութիւնը, տարբեր դատական հարցերու մէջ, ու ներկայացնելու համապատասխան բժշկական հաստատագիրը: Նշուեցաւ նաեւ, որ թունաւորման պարագաներու, դեղերու, թմրեցուցիչ դեղերու գործածութեան ու անոնց հասցուցած վնասներու արդիւնքը հաստատելու վկայագիրներ կու տայ դատական բժիշկը:

Տոքթ. Գէօմպեճեան յատկապէս բացատրեց մահուան պարագան, անոր պատճառը, շրջապատող պայմանները` իր բոլոր տուեալներով: Դատական բժիշկին իրաւասութիւնն է հաստատել, որ մահը պատահած է, եւ բժշկականօրէն ներկայացնել այդ պատահածը իր մանրամասնութիւններով:

Բժիշկը իբրեւ օրինակ սահիկներու ցուցադրութեան օգնութեամբ ներկայացուց այն պարագան, երբ մանուկը ունեցած է գլուխի հարուած: Բժշկականօրէն ի՞նչ կը պատահի եւ ի՞նչ են հետեւանքները ու ինչպէ՞ս քննել ու բացայայտել ախտանշանները, ու անոնց հիմնական պատճառը, թղթածրարը պատրաստելով ներկայացնել իրաւական մարմիններուն:

Վերջին բաժինով տոքթ. Գէորգ Գէօմպէճեան խօսեցաւ դիահերձման պարագային մասին, ուր դատական բժիշկը ունի իր հիմնական դերը` աւարտին ներկայացնելու համար մահուան հաստատագիրը: Դիահերձումը կը կատարուի, երբ առկայ է կասկածելի երեւոյթ մը: Երկրորդ  պարագան, երբ մեծահասակ անձ մը (70 տարեկանէն վեր) պիտի պատրաստէ ու ստորագրէ իր կտակը: Իբրեւ օրէնսդրական պայման, պէտք է դատական բժիշկի կողմէ հետազօտուի, քննուի, ու բժիշկին հաստատագիրին աւարտին կը ճշդուի, թէ մեծահասակ անձը բժշկականօրէն իրաւասութիւնը ունի՞ ներկայացնելու ու ստորագրելու կտակը:

Աւարտին տոքթ. Գէօմպէճեան բացատրութիւններով եւ տարբեր օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Անդամ ԵՒ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Համբիկ Միսաքեանի Հետ

Յաջորդը

Ջաւախքի Շաբթուան Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Տէր Կանգնինք Ջաւախքին» Կարգախօսով Ուսանողական-Երիտասարդական Հանդիպում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.