Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբխազահայութիւնը Վտանգի Առջեւ Կանգնած Է

March 25, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Abkhazia_copyԱրմէն Մկրտչեան araratnews.am-ի վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ հայերը Աբխազիոյ մէջ հաստատուած են միջնադարու սկիզբը, իսկ իբրեւ համայնք` բաղկացած են համիտեան ջարդերէն ետք եւ Մեծ եղեռնի տարիներուն Աբխազիա գաղթած տրապիզոնահայերէ:

Հայերը 19-րդ դարու վերջաւորութեան Աբխազիոյ մէջ կառուցած են եկեղեցիներ, բացած են դպրոցներ, հիմնադրած են տպարաններ, հրատակարած են «Լոյս» «Նոր Կեանք» եւ «Փարոս» թերթերը:

Խորհրդային շրջանին ալ հայերը Աբխազիոյ մէջ կազմած են բնակչութեան գերակշիռ մասը` շուրջ 100 հազար թուաքանակով: Հայերը հիմնականին մէջ կը բնակին Սոխումի, Օչամչիրա, Կակրա, Կուտաութա, Լեսելիծէ, Կանթիատ, Փիցուտա, Նոր Աֆոն եւ Կուլրիփշ ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` հայերու կողմէ հիմնադրուած բնակավայրերու մէջ:

2006-ի մարդահամարով, Աբխազիոյ մէջ հայերու թիւը 1992-ի մարդահամարի 80 հազարէն նուազած է 44 հազարի, եւ ասիկա` միայն ըստ պաշտօնական տուեալներու: Ընտրելու իրաւունք ունեցող հայերուն թիւը 32 հազար է:

Արտագաղթի նման կշռոյթները անկարելի կը դարձնեն Աբխազիոյ մէջ հայ համայնքին բնականոն գործունէութիւնը: Աբխազահայութիւնը, իբրեւ ազգային առանձին խումբ, կը կորսնցնէ այդ երկրին մէջ իր իւրայատուկ պատմական դերն ու նշանակութիւնը: Աբխազիոյ մէջ 56 հայկական դպրոցներէն մնացած են միայն 34-ը, աշակերտական թիւի նուազումին պատճառով: Հայ բնակչութեան զգալի մէկ հատուածը դադրեցուցած է նախկին բազմաճիւղ տնտեսական գործունէութիւնը եւ այժմ հիմնականին մէջ զբաղած է նարինջներու, կիտրոնի եւ այլ նման միրգերու աճեցմամբ ու արտածմամբ: Նախապէս, աբխազահայութիւնը ներգրաւուած էր երկիրի թէ՛ կառավարման, թէ՛ գիւղատնտեսութեան եւ թէ՛ այլ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ոլորտներուն մէջ:

Կառավարութեան մէջ հայութեան ունեցած նախկին տիրական ներկայութիւնը չքացած է: Ներկայիս կառավարութեան մէջ մնացած է միայն գիւղատնտեսութեան փոխնախարար մը, իսկ օրէնսդիր մարմինին մէջ` խորհրդարանի փոխնախագահը: Աբխազիոյ 33 երեսփոխաններէն միայն 3-ը հայ համայնքի ներկայացուցիչ են:

Թուրքիան ճնշումներու կ՛ենթարկէ Աբխազիոյ ղեկավարութիւնը` պահանջելով հայերու թուաքանակի արհեստական նուազում, պետական պաշտօններէն հայերու հեռացում:

Յատկանշական է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն բացարձակ անտարբերութիւնը աբխազահայութեան խնդիրներու վերաբերեալ:

Արմէն Մկրտչեան կը նշէ, որ անհրաժեշտ են արմատական լուծումներ սփիւռքահայ երբեմնի ամէնէն ազդեցիկ գաղթօճախներէն մէկուն` աբխազահայութեան ազդեցութեան վերականգնման համար:

Նախորդը

Աճարիայի Հայերին Սպառնում Է Ձուլում Եւ Թրքացում

Յաջորդը

Յետդարձի Ճանապարհ Դէպի Ջաւախք Ընտրում Են Քչերը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.