Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ, ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐԸ

June 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարարական յանձնախումբի հերթական նիստը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի հերթական նիստին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ յանձնախումբը քննարկեց կառավարութեան գործադրելիք գաղթականներու հարցերու, ելեւմտական եւ կրթութեան վերաբերող բանաձեւեր:

Տաուք նշեց, որ նախարարական յանձնախումբը իր նիստը պիտի շարունակէ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:

Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Տաուք նշեց, որ յանձնախումբը տակաւին Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւը չէ քննարկած:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի անձնական պատուիրակ եւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Ազզամ Ահմետը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլայի, Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապու Արտաթի եւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան գործավար Աշրաֆ Տապպուրի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին միասնականութեան ամրապնդումը եւ Իսրայէլի դէմ պայքարելու ծիրին մէջ անոր կողմէ միացեալ կեցուածքի որդեգրումը պաղեստինցիներուն կու տայ անհրաժեշտ դիմադրողականութիւնը եւ կ՛արգիլէ Իսրայէլի` տիրանալու պաղեստինեան իրաւունքներուն եւ հողերուն:

Միքաթի հաստատեց, որ պաղեստինեան հարցը արաբական եւ իսլամական երկիրներու օրակարգերուն վրայ տեղադրուած իբրեւ կարեւորագոյն հարց նկատի ունենալը առաջնահերթութիւն է, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւն, որպէսզի խաղաղութեան  ջատագով պետութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրուի պաղեստինեան հարցին եւ պաղեստինցիներու իրաւունքներուն վրայ:

Վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան անշեղ  կը մնայ պաղեստինցի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու ծրագիրը մերժելու իր կեցուածքէն եւ սկզբունքէն` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու է պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան:

Վարչապետը նշեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի պաղեստինցի գաղթականներուն եւ գաղթակայաններուն իրավիճակը բարելաւէ:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած մնայուն ոտնձգութիւնները պէտք է մղեն լիբանանցիները` զգուշանալու իսրայէլեան վտանգէն եւ ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի հետ եւ անկէ պահանջեց հետաքննութիւն բանալ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն մասին, թէ Ռումիէի բանտին մէջ բանտարկեալները չարչարանքի ենթարկելու արարքներ կը գործուին:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։