Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹՇՆԱՄԱՆՔԻ ՀԱՄԱԶՕՐ ՉԵՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

June 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսի պահուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ նախորդ կառավարութեան մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող նախարարները Լիբանանի դէմ գործուած ոճիրներու համազօր էին. ան հեգնական շեշտով հարց տուաւ` ըսելով, որ անոնք զո՞վ կ՛ուզեն հաշուետուութեան կանչել:

«Մենք բոլորին գործած ոճիրները պիտի բացայայտենք, որովհետեւ մենք ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կը պահանջենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոնք լուրջ օրինազանցութիւններ կատարած են:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին բանաձեւ մը չըլլայ, ապա ատեանը պիտի չդադրի գործելէ, իսկ նախնական ամբաստանութիւնը պիտի արձակուի եւ լիբանանեան հասարակութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի չգործէ: Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբը այսօր իսկ (երէկ) աւարտէ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւին մշակումը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւին քննարկումը հիմնականին մէջ կը կատարուի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Հըզպալլայի միջեւ:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ իր ստացած ընթրիքի հրաւէրին` զօր. Աուն շեշտեց, որ նախագահ Սլէյմանի Ամշիթի բնակարանին մէջ տեղի ունենալիք ընթրիքը ի պատիւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին  պիտի սարքուի, «եւ անշուշտ քաղաքական տարակարծութիւնները պատճառ չեն դառնար, որ մարդիկ իրենց ընկերային պարտականութիւնները չկատարեն: Իսկ քաղաքական տարակարծութիւն թշնամանք չի նշանակեր», շեշտեց զօր. Աուն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարբեր նախարարութիւններուն գործադրելիք աշխատանքները:

Ակնարկելով սուրիական կացութեան` զօր. Աուն յայտնեց, որ ամերիկացիք ողջունեցին սուրիական ընդդիմութեան Դամասկոսի մէջ գումարած ընդհանուր ժողովը: Ան նշեց միաժամանակ, որ անցեալ ուրբաթ օրուան միջադէպերը ցոյցերուն ընթացքին բախումներ չէին, այլ` սուրիական ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներ:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն կէսօրէ առաջ ընդունեց Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական երկփեղկումին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատելու առիթ տալ եւ ապա քննադատել զայն:

 

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԷՆ ԱՖՐԱՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՃԱՆՉՆԱԼ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԾ ՋԱՐԴԵՐԸ` ՀԱՅՈՑ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։