Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Նախաձեռնութեամբ. Ներկայացում` Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական Մասնակցութիւնը Լիբանանեան Երեսփոխանական Ընտրութեանց. 1934-2009» Գիրքին

March 12, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

zavenmesserlianԿազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան, երէկ` երեքշաբթի, 11 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական ու կրթական մշակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական մասնակցութիւնը լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութեանց. 1934-2009» խորագրեալ նորագոյն աշխատասիրութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի «Սփիւռքահայութեան ուսումնասիրութեանց կեդրոն»-ի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքէն ետք դոկտ. Տագէսեան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Տի Արմինիըն Փարթիսիփէյշըն ին Լեպանիզ Իլեքշընզ. 1934-2009» խորագրեալ գիրքի հրատարակման պայմաններուն, բովանդակութեան ու անոր շահեկան ներդրումին լիբանանահայ գաղութի պատմագրութեան մէջ: Տագէսեան յայտնեց, որ գիրքին որոշ մասերը նախապէս լոյս տեսած էին Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի էջերուն մէջ:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արտա Էքմեքճիի, որ իր կարգին անգլերէնով եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս Ռիչըրտ Չէյմպըրի կենսագրականը: Բրիտանացի ակադեմական Ռիչըրտ Չէյմպըր վերջին տարիներուն կը վարէ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) խորհրդականի պաշտօնը: Ան մօտէն հետեւած է Լիբանանի եւ յատկապէս` լիբանանահայութեան  մասնակցութեանց` Լիբանանի երեսփոխանական  ընտրութեանց:

Ապա խօսք առաւ Ռիչըրտ Չէյմպըր, որ  վեր առաւ դոկտ. Մսըրլեանի նշեալ գիրքին կարեւորութիւնը` քաղաքական թէ պատմագրական մարզերուն մէջ: Ան խիստ բարձր գնահատեց Մսըրլեանի պատմագրական, վերլուծական պրպտումի ոճը: Գիրքը իր մատուցած պատմական հարուստ տեղեկութիւններով, վերլուծական մեթոտով կրնայ ծառայել իբրեւ աղբիւր հետագայ ուսումնասիրութեանց: Անդրադառնալով գիրքին մէջ վեր առնուած լիբանանահայութեան մասնակցութեան` Ռիչըրտ Չէյմպըր դիտել տուաւ, որ հոն զգալիօրէն ակներեւ է լիբանանահայ կնոջ բացակայութիւնը լիբանանահայ երեսփոխանական թեկնածուներու ցանկերէն: Ան նշեց, որ ընտրողներու 52 առ հարիւր համեմատութիւնը իգական քուէարկողներ են:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ թուեց այս գիրքի պատրաստութեան խթան հանդիսացած պայմանները` Մագիստրոսի վկայականի իր թէզի իբրեւ նիւթ պաշտպանելէն մինչեւ Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի խմբագրութեան մղումն ու քաջալերանքը, որ աշխատասիրութիւնը շարունակուի եւ ընդգրկէ աւելի համապարփակ տարողութիւն: Մսըրլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի հրատարակման նպաստողներուն` մի առ մի թուելով անոնց անունները:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` նշելով, որ գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայոց մասնակցութիւնը լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութեանց` նոր ու հարուստ պատմական տեղեկութիւններ բացայայտելով: Ան խոր դրուատիքով անդրադարձաւ գիրքի պատմական ու վերլուծական, գիտական ոճին ու փոխանցած կարեւոր տեղեկութեանց, որոնք նոր դռներ կը բանան լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ: Վեր. Հայտոսթեան մաղթեց, որ այս աշխատանքին յաջորդեն նմանօրինակ լուրջ ուսումնասիրութիւններ: Հայկազեան համալսարանի նախագահը այս առիթով ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննէսեանի եւ «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ներկայութիւնը: Այս առիթով դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Մսըրլեանի նախկին ուսանողներէն Արեգ Տաղլեան` ներկայացնելով հատուած մը Եդուարդ Աբրահամեանի գործերէն:

Աւարտին դոկտ. Մսըրլեան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքը, ապա բոլորը հրաւիրուեցան ընդունելութեան:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Փոխնախարարը Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Երկակի Չափանիշներ Կիրարկել

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.