Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լօխ-Կիներու Միջազգային Օր. «Մեր Գոյութեան, Ինքնութեան Պահպանման Մէջ Հայ Կինը Մեծ Դեր Ունի» Հաստատեց Աւօ Կիտանեան

March 11, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Avo-Guidanian_lokhԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 10 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ԼՕԽ-ական Նանիկ Գայթանճեանի:

Լենա Գալուստեան
Լենա Գալուստեան

Բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, որ 8 մարտը վերածուեցաւ իգական սեռի ազատագրութեան օրուան եւ կնոջ շինիչ դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու առիթի: Անոր համաձայն, կիներու նկատմամբ խտրականութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ անոր յառաջդիմութեան: Լ. Գալուստեան ապա անդրադարձաւ հայ կնոջ կարգավիճակին` յայտնելով, որ ան եւս պայքարած է իր իրաւունքներու ձեռքբերման համար, թէեւ հայ կինը միշտ ալ իր տեղն ու դերը ունեցած է հայկական իրականութեան, յատկապէս ընտանեկան միջավայրին մէջ` իբրեւ հայ ընտանիքի հիմքը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց կիները` մաղթելով, որ անոնք կը շարունակեն իրենց նուիրական առաքելութիւնը եւ պայքարը:

Օրուան բանախօսն էր Աւօ Կիտանեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ կնոջ ունեցած դրական ու կարեւոր դերակատարութեան` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, յատուկ կերպով շեշտելով հայ կնոջ ունեցած մեծ ու կարեւոր ներդրումը հայ սերունդներ կերտելու, հայօրէն ապրող եւ հայ զգացող  տղաք ու աղջիկներ կազմաւորելու իմաստով: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեր պատմութեան ընթացքին իր ուրոյն դրոշմը ունեցած հայ կինը արժեւորելու մասին եւս պէտք է մտածուի:

Աւօ Կիտանեան ըսաւ, որ եթէ այսօր կանք իբրեւ հայեր, եթէ հայ լեզուն տակաւին կը հնչէ, ատիկա հայ մօր եւ կնոջ շնորհիւ է անպայման. թէեւ կան կազմակերպութիւններ, որոնք կը պահպանեն մեր արժէքները, սակայն մեծ է հայ կնոջ ու մօր դերը, որոնք անհանդուրժելի պայմաններու մէջ իսկ կառչած մնացին լեզուն իրենց զաւակներուն փոխանցելու նուիրական առաքելութեան: Անոր համաձայն, նման մեծութեան դիմաց միայն կարելի է խոնարհիլ, որովհետեւ ցաւերուն ամէնէն ահաւորն անգամ չկրցաւ ընկճել հայ կնոջ կամքն ու կորովը:

Մերօրեայ կեանքին մէջ կնոջ ունեցած կրկնակի պատասխանատուութիւններուն մասին խօսելով` բանախօսը նշեց, թէ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեան եւ մարտահրաւէրներուն, հայ կինը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ` իր ուսերուն առնելով հայ ընտանիքի պահպանութիւնը:

Ապա Աւօ Կիտանեան հաստատեց, որ կիներու նուիրականութեան, համբերութեան, կամաւոր աշխատանքի ռահվիրայ ըլլալու իրողութեան լաւագոյն ապացոյցը ԼՕԽ-ն է, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ եւս ճանչցուած ու յարգուած կառոյց է` իբրեւ բարեսիրական, մարդասիրական, առողջապահական ծառայութիւններ մատուցող կեդրոն:

Ներկայիս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով` Կիտանեան յիշեց օտար ամուսնութիւններու ու հայ աշակերտներուն` օտար դպրոց յաճախելու երեւոյթը, նկատել տալով, որ հոս եւս հայ կինը եւ մայրը պարտականութիւն ունին կատարելիք, որպէսզի նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ կարելի ըլլայ հայ սերունդներ կերտել: Ան նշեց, որ եթէ ընտանիքին մայրը հայ է, ինքնաբերաբար զաւակները հայօրէն կ՛ապրին ու հայ կը զգան իրենք զիրենք: Բանախօսը անհեթեթ նկատեց այն մօտեցումը, որ կինը կրնայ երկրորդ մակարդակի անձնաւորութիւն ըլլալ ու ստորադաս նկատուիլ տղամարդուն հետ բաղդատելով` հաստատելով, որ տարբեր մարզերու մէջ կինը ինքզինք փաստած է, հասած է բարձր ու պատուաբեր մակարդակներու եւ դիրքերու: Իրողութիւն մը, որ ի զօրու է նաեւ հայկական իրականութեան մէջ, ուր տարբեր դիրքերու վրայ գերակշռող ներկայութիւն են իգական սեռի պատկանողները:

Իր խօսքի աւարտին Աւօ Կիտանեան դիտել տուաւ, որ հայ կինը իր ոգին փոխանցելով նոր սերունդին, ինք եւս կը շարունակէ մնալ երիտասարդ ու կորովի` միշտ դէպի լուսաշող ապագայ առաջնորդելով սերունդները:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարօ Քէլէշեանը` մեներգ, Նաթալի Գելխաչիկեանը` ասմունք, Կարօ Սվագճեանը` նուագ եւ Մարալ Անտոնեանը` պար:

 

Նախորդը

Շարունակւում Է Սփիւռքի Կրթօճախներին Ուսումնական Գրականութեան Եւ Ուսումնաօժանդակ Նիւթերի Տրամադրման Ծրագիրը

Յաջորդը

Անդամալուծութեան Դէմ Պատուաստի Արշաւը Ընթացք Առաւ «Գարակէօզեան» Հաստատութենէն` Առողջապահութեան Նախարարին Կողմէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.