Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ԵՒՍ ԶԱՆՑ ԱՌԱՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

June 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման յանձնախումբի նիստը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները ծրագիրի զանազան բաժիններու մշակման շուրջ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ յանձնախումբը տակաւին կը շարունակէ քննարկել կառավարութեան գործադրելիք տնտեսական, ելեւմտական եւ բարգաւաճման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի, զբօսաշրջութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու, ընկերային հարցերու եւ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու դերակատարութեան աշխուժացման վերաբերող շարք մը հարցեր` առանց անդրադառնալու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանաձեւին:

Տաուք յայտնեց, որ ի վերջոյ այդ հարցը եւս պիտի քննարկուի եւ այդ իմաստով բանաձեւ մը պիտի որդեգրուի աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Ան նշեց, որ նախարարական յանձնախումբը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի շարունակէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:

Հոս պէտք է լուսարձակի տակ առնել, թէ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա ժամանեց վարչապետարան, ուր յայտնեց, թէ իր այցելութիւնը անձնական է:

Միրզա շեշտեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները ոչինչ տեղեկացած են նախնական ամբաստանութեան մասին:

Իր կարգին, երէկ երեկոյեան Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը հաստատեց, որ իր կիրարկելիք դատական աշխատանքներուն համաձայն պիտի ճշդուի, թէ նախնական ամբաստանութիւնը ե՛րբ եւ ի՛նչ բովանդակութեամբ պիտի արձակուի:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ

Ուիլիըմզ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական  ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կողմէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, որոնց շարքին` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութեան:

Ուիլիըմզ իր կարգին հաւաստեց, որ վարչապետ Միքաթի կառչած պիտի մնայ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն շարունակութեան` աւելցնելով, որ Միքաթի կը յարգէ Լիբանանի միջազգային բոլոր պարտաւորութիւնները:

Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուելիք նախնական ամբաստանութեան` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ինք այդ առնչութեամբ տեղեկութիւններ չունի եւ լիբանանեան մամուլէն կարդացած է այդ մասին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը նախորդ երկու օրերուն շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերու հետ` բիւրեղացնելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին առումով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին ընդգրկելիք բանաձեւը:

Ըստ վարչապետ Միքաթիի բանաձեւին, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին յանձնառութիւնը` բացայայտելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառները, այլ խօսքով` ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ պարտադրելու համար արդարութիւնը եւ պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ յառաջիկայ երկու օրերուն կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը ամբողջութեամբ կ՛աւարտի:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Եու Զիքսիանը, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը` յատկապէս տնտեսական մարզին պարագային:

 

 

Նախորդը

«ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ ՊԻՏԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆՔ ՆԱԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ

Յաջորդը

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ» ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։