Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻԱ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

June 28, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրիական գաղթակայան մը` Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Նիտալ Քապալան թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանը հատող եւ դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող ահաբեկիչներուն դէմ քայլերու դիմելու:

Դեսպան Քապալան «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համաձայնութիւն մը ունինք: Այս համաձայնութեան մէջ ներառուած է մէկ երկրէն միւսը ահաբեկիչներու եւ զինեալներու երթեւեկը: Վերջին ամիսներուն այդ համաձայնագիրին ծիրին մէջ ՔԱԿ-ի հազարաւոր ահաբեկիչներ յանձնած ենք: Ուստի, եթէ Իսլամ եղբայրներու կամ ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններու ոեւէ անդամ կայ, կը սպասենք, որ մեր թուրք բարեկամները զանոնք մեզի յանձնեն»:

Սուրիացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Հիւրրիյէթ»ին ըսաւ, որ «Սուրիա ուժեղ կերպով կը հաւատայ, թէ տասնեակներով զինեալ խմբաւորումներ բացայայտ կամ ծածուկ կերպով ներթափանցած են եւ Թուրքիա մուտք գործած են, ուստի Դամասկոս կը սպասէ, որ Անգարա այդ զինեալ խմբակները իրեն յանձնէ»:

Անգարայի մէջ Սուրիոյ դեսպանը նաեւ յուսախաբութիւն յայտնեց, որ սուրիական երեսփոխանական պատուիրակութեան մը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայաններ այցելել: «Անոնք 2.5 ժամ սպասելէ ետք վերադարձան, երբ իրենց ըսուեցաւ, որ համակարգիչի դրութիւնը խանգարուած է: Մենք նախարարութենէն մուտք գործելու թոյլտուութիւն ստացած էինք, սակայն անոնք որոշեցին վերադառնալ, որովհետեւ չէին կրնար գաղթակայաններ մուտք գործել կամ անոնց մօտենալ», նշեց դեսպան Քապալան:

Դեսպան Քապալան նաեւ ընդգծեց, որ նոյն օրը քուէյթցի երեսփոխաններու պատուիրակութեան մը գաղթակայաններ մուտքը արտօնուած էր: «Քուէյթեան պատուիրակութեան եւ Անժելինա Ժոլիին գաղթակայաններ մուտքը արտօնուեցաւ: Սակայն սուրիացի երեսփոխաններուն` ոչ: Կարեւոր էր, որովհետեւ երեսփոխանները տեղական կարգ մը կրօնական ղեկավարներու հետ էին: Անոնք չուզեցին լարուածութիւն ստեղծել: Տեղի ունեցածը երկակի չափանիշերու կիրարկում է», ըսաւ ան:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պիտի մեկնի միջինարեւելեան երկիրներ շրջապտոյտի մը. Տաւութօղլու սոյն շրջապտոյտին ընթացքին պիտի այցելէ Սուրիա, Յորդանան, Իրան եւ Սէուտական Արաբիա: Այդ երկիրներուն մէջ հանդիպումներուն օրակարգը պիտի կազմէ Սուրիոյ կացութիւնը, Պաղեստինի մէջ ազգային միութեան կառավարութեան մը կազմութիւնն ու շրջանային այլ հարցեր: Տաւութօղլուի շրջապտոյտին ժամանակացոյցը տակաւին յստակ չէ:

Թրքական պաշտօնական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիա «անհանգստութիւն կը զգայ սուրիական շարժումներէն, որոնք կրնան լարուածութեան մակարդակը բարձրացնել եւ դուռ բանալ անբաղձալի դիպաշարերու»: Աղբիւրները սուրիական զինեալ ուժերուն շարժումները «գրգռութիւն» նկատեցին:

Նշենք, որ սուրիական իշխանութիւնները արտօնած են միջազգային լրագրողներուն Սուրիա վերադարձը: Սուրիական «Թըշրին» օրաթերթը շաբաթ օր գրած էր, որ Սուրիոյ տագնապը վերջ գտած է, իսկ սուրիացիները կը պատրաստուին հակառակ ուղղութեամբ յարձակումի հանգրուանին:

Սուրիոյ ներքին ընդդիմութիւնը երէկ Դամասկոսի «Սամիրամիս» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովին` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը: Ըստ մասնակիցներուն, ժողովին մասնակցութեան համար հրաւէր ուղղուած է նաեւ արտերկիր գտնուող ընդդիմութեան, սակայն վերջինիս ներկայացուցիչներէն ոչ ոք ընդառաջած է հրաւէրին:

Նախորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ «ԺԱԶԻՐԱ» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՔՈՄԵՐՍԱՆԹ»Ի. ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՀԻԱՍԹԱՓԱԾ Է ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔԷՆ ԵՒ ԿՐՆԱՅ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՄԻՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐԷՆ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։