
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Պատր Ուաննուս, Մոհամետ Քապպարա եւ Սամեր Սաատէ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց իր փափաքը` Թրիփոլիի ապազինման իմաստով: Ան կոչ ուղղեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպերէն վնաս կրածներուն հատուցում կատարելու, ինչպէս նաեւ նոյն շրջանին մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսոն եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան մէջ գործելու յաջորդ հանգրուանի իրենց պատկերացումը եւ գործադրելիք ծրագիրները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Քանատայի մարոնի համայնքի առաջնորդ Եուսեֆ Խուրի եպիսկոպոսը, որ նախագահին ներկայացուց Քանատայի լիբանանեան գաղութին իրավիճակը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննա:


