Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիլիկիոյ Վեհափառ «Արքաները» Եւ Անթիլիասը

February 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, Սուրբ Իսահակ Պարթեւ հայրապետի տօնին յաջորդող կիրակի օրը կը նշենք մեր Սուրբ Աթոռին անմահ գահակալներուն եւ անոնց քաջարի զինուորներուն յիշատակին «տօն»-ը: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան հաւատացողներուն համար այդ օրը դուրս կու գայ սովորական «տօն»-ի մը պարունակէն ու կը վերածուի ոգեկոչական ձեռնարկի: Որովհետեւ յիշատակուող վկաները սովորական մահկանացուներ չէին, այլ` Աստուծմէ կանչուած առաքեալներ, օծեալներ, տէրերն ու ծառաները իրենց ժողովուրդին: Անոնք նաւապետներն էին կիլիկեան անխորտակելի նաւուն, վեհափառները` Կիլիկիոյ հայրապետական Սուրբ Աթոռին, որոնք այսօր հանգչած են Զարեհայ Առաջնոյ բազմերախտ կաթողիկոսին անունով կնքուած յուշարձան-դամբարանին մէջ: Այս դամբարանը միայն ուխտատեղի չէ հայուն համար, որովհետեւ անիկա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանին գործած ու դափնեպսակ ժառանգած վեց «Կիլիկիոյ արքայ»-ներուն շիրիմներուն համատեղ ներկայութիւնն է: «Արքայ»-ներ, որոնց մեծութիւնը իրենց ծառայութիւնն էր հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին: «Արքայ»-ներ, որոնց առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ծաղկազարդումն էր եւ ազգին վերականգնումը: «Արքա»-ներ, որոնք ջահակիրները դարձան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ու շարժիչ ուժը` սփիւռքի տարածքին հայ համայնքներու առաւել կազմակերպման:

Sahag-Khabayan-gatoghigosՍահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան առաջինն էր այդ «արքայ»-ներէն, որ իր կեանքի վերջալոյսին հովուեց իր հօտը Անթիլիասի նոր կայքէն: Ան կենդանի վկան էր օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ու ականատեսը`  իր ժողովուրդին կենդանի պատարագման: Աքսոր ապրած,  աստանդական ու ալեհեր հայրապետը հայոց, պանդուխտի ցուպը ձեռքին թափառելէ ետք Հալէպ, Երուսաղէմ ու Դամասկոս, «Կիլիկեան արծիւ»-ին յատուկ հեռատեսութեամբ եւ իմաստութեամբ, վերականգնումի յոյզերով ու վերընձիւղման հաւատքով 1930 թուականին եկաւ Անթիլիաս ու հոն հաստատեց հայոց դարաւոր ու պատմական Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը: Կիլիկեան թագաւորութեան փառապանծ անցեալին միակ ժառանգորդը եւ այդ աննիւթական հարստութեան կենդանի վկայարանը հանդիսացող մեր հայրապետական Սուրբ Աթոռը մնաց, արմատ նետեց, փթթեցաւ ու վերածաղկեցաւ Անթիլիասի հողին վրայ` շնորհիւ Սահակ հայրապետին ջանքերուն: Տարագիր Աթոռի աքսորական աթոռակալը առաքելատիպ անձնուրացութեամբ իրեն վստահուած Աթոռին տէրն ու պաշտպանը եղաւ` զայն պահելով հաստատուն, կանգուն եւ ամուր: Երանաշնորհ հայրապետին փափաքը եւ երազը այսօր թանձրացեալ իրականութիւն է դարձած, թէ` «Անթիլիասը իբրեւ կաթողիկոսարան` ազգին հոգեւոր կեդրոնը պիտի ըլլայ»:

Papken-I-Atoragits-gatoghigosՍահակ կաթողիկոսին գահակալութեան անթիլիասական շրջանին, Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս Կիւլեսէրեան մղիչ ուժը հանդիսացաւ Անթիլիասի` Սահակ կաթողիկոս, Բաբգէն աթոռակից եւ Շահէ վարդապետ եռեակին: Օրմանեաններու եւ Դուրեաններու շունչով սնած արմաշական Բաբգէն հայրապետը, Արմաշի վանքին մէջ վարած վերատեսչութեան պաշտօնի իր փորձառութիւնը ի գործ դնելով Մայրիներու երկրին մէջ` Անթիլիասի խաղաղ ծովափին հիմնեց «Նոր Արմաշ»-ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Իրեն յատուկ ձեռներէցութեամբ ան Անթիլիասի որբանոցի շէնքերը բարեփոխեց կաթողիկոսարանի: Հիմնեց տպարան, տպեց «Հասկ» պաշտօնաթերթին առաջին թիւը, հիմը դրաւ Անթիլիասի մատենադարանին` ըսելով. «Կարելի չէ առանց մատենադարանի կաթողիկոսարան ու դպրեվանք պահել»: Շինեց գանձատուն-թանգարան, բացաւ մանկապարտէզ-նախակրթարան եւ քահանայից դասընթացքի յատուկ լսարան: Տեսլական ունեցող հայրապետը թթխմորը հանդիսացաւ Անթիլիաս անուն խմորին: Անթիլիասական շրջանի կիլիկեան երկրորդ «արքայ»-ին համար Անթիլիասը սովորական վայր մը չէր, այլ` «Անթիլիասի կալուածը այլեւս նուիրագործուած է իբրեւ նստավայր Կիլիկիոյ Ս. կաթողիկոսներու, իբրեւ դպրեվանք իր մատենադարանով ու տպարանով, իբրեւ ուխտավայր` Ս. Լուսաւորչի տօնին առիթով, իբրեւ աշխարհամասը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան…»:

Bedros-Sarajian30 մայիս 1940 թուականին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նորակառոյց մայր տաճարին մէջ կաթողիկոսական ընտրութեան համար կազմուած Պատգամաւորական ժողովին ատենապետը` Լեւոն Շանթ կը յայտարարէր Պետրոս Ա. կաթողիկոս Սարաճեանին ընտրութիւնը` որպէս հայրապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Թէեւ տեւողութեան իմաստով չորս ամիսներու կարճատեւ շրջան մը եղաւ երջանկայիշատակ վեհափառին գահակալութիւնը, սակայն ամբողջ կեանք մը կը խտանար անոր մէջ, որովհետեւ անոր համար Աթոռը հանգրուան չէր, այլ, ինչպէս պատմագիրը կը վկայէ, «աշխատանքի պատուանդան»: Անթիլիասական շրջանի երրորդ «արքա»-ն շինարար էր: Ան շինեց ու վերակառուցեց Անթիլիասը` իր դպրեվանքով, վեհարանով, Նահատակաց մատուռով: Վերջինիս հանդիսաւոր օծման առիթով Ան կ’ըսէր. «Ուխտի եկած ենք այսօր մեր նահատակներու նշխարներուն: … պիտի չկորսուինք, պիտի ապրինք, պէտք է ապրինք, մեր իրաւունքն է այդ…»: Սակայն անոր մեծագոյն իրագործումը մայր տաճարին կառուցումն էր, որուն շինարարական աշխատանքներուն մշտարթուն հսկողը եղաւ ան: Պետրոս հայրապետ Անթիլիասի մայրավանքը, իր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարով, հայութեան կեդրոնի ու Ցեղասպանութիւն ճաշակած հայ ժողովուրդի հոգիի ծննդավայրի վերածեց:

Karekin-I-HovsepianԱնթիլիասի յուշարձան-դամբարանին մէջ անմահացած հայոց չորրորդ վեհափառ «արքա»-ն Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսն է: 1943 թուականին ընտրեալ հայրապետը Միացեալ Նահանգներէն կը յայտարարէր` ըսելով. «Պիտի աշխատիմ, որ Շնորհալիներու երբեմնի փառապանծ այս Աթոռը ազգային, եկեղեցական ու մշակութային կեդրոն դառնայ»: Արդարեւ, լուսամիտ մտաւորական Գարեգին Ա. հայրապետը իրականացուց իր երազը եւ  Անթիլիասը վերածեց մշակութային կեդրոնի, իսկ դպրեվանքը` շքոլայի: Շնորհիւ Գարեգին Ա. գիտնական ու բանասէր հայրապետին` Անթիլիասը սկսաւ խունկին հետ միասին մագաղաթ բուրել, հաւատքին կողքին` գիրքի տարածման առաքեալը դառնալ, նշխարին հետ` գիր ու գրականութիւն բաշխել: Երջանկայիշատակ հայրապետը հոգեւոր ու ազգային ապրումներու անյատակ շտեմարանի եւ հայ միտքի ծաղկազարդման կեդրոնի վերածեց Անթիլիասը: Ֆիզիքապէս ան չկայ այսօր, բայց իր գործերը կը վկայեն իր մասին: Իր ցանած հունտերը պտղաբերած են եւ կու տան մէկի տեղ երեսուն, վաթսուն ու հարիւր:

Zareh-Payaslian1956-ին հայ ժողովուրդը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահին բազմեցուց Զարեհ Ա. Փայասլեանը: Տառապանքի ճանապարհէն քալելով` մեծցաւ Կիլիկեան այս «ոսկի արքայ»-ն, որովհետեւ գիտակցաբար բարձրացաւ «փշոտ» գահ ու կամաւորաբար իր անձը զոհեց ու ընծայեց` որպէս կենդանի պատարագ Քրիստոսի Սուրբ եկեղեցւոյ: Նահատակ հայրապետը իր օծումէն մինչեւ իր վախճանումը, եօթը տառապալից տարիներ միշտ հայրական մօտեցում ցուցաբերեց իր ժողովուրդին ու շրջապատին նկատմամբ: Ան մեռաւ Անթիլիասին համար եւ յաւիտեան պիտի ապրի Անթիլիասին ու անթիլիասականներուն կեանքին ընդմէջէն: Յիսուսաբոյր ու սրբակենցաղ Զարեհ Փայասլեան հայրապետը Անթիլիասը վերածեց ազգի տան: Անթիլիասը իր օրով դարձաւ յոյսի աղբիւր աշխարհացրիւ հայութեան ու սրբութիւն սրբոցը հայ սփիւռքին: Ան դարձաւ բազմականթեղ տաճարը Աստուծոյ, որ լուսաւորեց իր ժողովուրդը իր կեանքով ու գործով: Լուսաւորչի Սուրբ Աջին իրաւատէրը Անթիլիասը վերածեց հոգեւոր առաքելութեան կեդրոնի եւ անոր օրով Անթիլիասը բացուեցաւ աշխարհին: Այսօր Անթիլիասի մայրական արգանդէն ծնած են նոր Զարեհ Սքանչելիներ, նոր սերունդ մը, որ իր սրտին մէջ ունի բարիին համար պայքարելու կամքն ու եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:

Khoren-ParoianԶարեհ կաթողիկոսին յաջորդեց Խորէն Ա. Բարոյեանը` «սպիտակ մոմը» Անթիլիասին: Իրմով կը բացուի նոր էջ մը անթիլիասական պատմութեան մէջ: Վերակազմակերպուածութիւն ու վերազարթօնք: Որպէս Անթիլիասի Պօղոս առաքեալը` Խորէն հայրապետը գնաց քարոզչութեան ու առաքելութեան, հասաւ մեր բոլոր թեմերը` Անթիլիասը միշտ տանելով իրեն հետ եւ մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան հաւատացող հայորդիները կապելով Անթիլիասին: Ան վերաշինեց Անթիլիասը եւ արդարօրէն կոչուեցաւ բարեշէն ու շինարար: Իր օրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ստանձնեց առաջնորդողի դեր` հոգեւոր, ընկերային ու մշակութեան անդաստաններէն ներս: «Ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել ժողովուրդին. ա՛յս եղած է մեր նշանաբանը անցեալին մէջ, ա՛յս է ներկայիս, եւ ա՛յս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային» յաճախ կը կրկնէր անթիլիասական շրջանի կիլիկեան վեցերորդ «արքան»:

Karekin-II-SarkisianԽորէն կաթողիկոսին յաջորդեց Գարեգին Բ. Սարգիսեան: Իր անուանատիրոջ` Գարեգին Ա. Յովսէփեանի ուղիէն ընթացաւ ան: Իրեն համար գիրն ու գրականութիւնը, գիրքն ու լեզուն, մշակոյթն ու մատենագրութիւնը իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին: Յատուկ կարողութիւններու տէր, պերճախօս ու հռետոր էր Գարեգին կաթողիկոս: Իր գահակալութեան օրերուն ան զարկ տուաւ հայ գիրքի տպագրութեան, գնահատեց ու քաջալերեց հայ գիրքի բարեկամներն ու բարերարները: Կառուցեց դպրեվանքի նոր շէնքը` Պիքֆայայի մէջ ու Անթիլիասը վերածեց հայ դպրութեան վերածաղկման օրրանի եւ հայ հոգեւոր զարթօնքի օճախի:

Aram-I-GatoghigosԻսկ այսօր Լուսաւորիչներու, Շնորհալիներու եւ Զարեհներու մաշկեակը` վերարկուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի ուսերուն վրայ է: Անթիլիասական շրջանի կիլիկեան ութերորդ «արքա»-ն Անթիլիասը վերածեց համաշխարհային կեդրոնի եւ երկխօսութեան քաղաքամայրի: Միջկրօնական ու միջեկեղեցական շարժումներուն մէջ իր առաջնորդողի դերակատարութեամբ, շատերուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց հայ ժողովուրդի արդար Դատին պաշտպանութեան վրայ: Մերազն ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար հնչող «անլռելի զանգակատուն»-ն է ան: Նորին Սրբութեան մէջ ի մի կը խմբուին իր երանաշնորհ նախորդներուն կարողութիւններն ու շնորհները: Անոր մէջ իրարու կը շաղկապուին շինարարն ու մտաւորականը, վարչագէտն ու կորովի առաջնորդը, հայ լեզուի պաշտպանն ու հայ գիրքի հրատարակութեան ջատագովը: Արեւշատ օրերու եւ բեղուն գահակալութեան մաղթանք հայոց հայրապետին, թող միշտ ծաղկուն մնայ կիլիկեան «արքայ»-ին հովուապետական ասան ու անսասան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռը:

Պատմութեան էջերուն մէջ իրենց կնիքը կը դնեն մարդիկ` իրենց կատարած իրագործումներով: Անոնք իբրեւ ֆիզիքական գոյութիւն կրնան մեռնիլ, սակայն կտակուած գործը նոր ընձիւղումներով կեանք կը ստեղծէ եւ կ՛անմահացնէ անոնց հեղինակները: Առաքելութիւններու հիմնադիրները մարդիկ են, որոնք կրնան մեծ զարկ տալ անոնց յառաջընթացին, սակայն  անոնց մահով կանգ չեն առներ անոնք, այլ կը շարունակուին նոր նուիրեալներու ինքնընծայումով:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-Ականի Յուշերէս

Յաջորդը

«Ճանաչել Զիմաստութիւն Եւ Զխրատ, Իմանալ Զբանս Հանճարոյ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.