«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիա¬Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող գաղթակայանի մը մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը 40 զոհ պատճառած է: «Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ պայթումը տեղի ունեցած է Սալամա սահմանային անցքին վրայ:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիա պահանջած է Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին քուէարկութիւնը յետաձգել յառաջիկայ շաբթուան:
Մինչ այդ, արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Ռաշա Թուտէյ»¬ին յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիա սուրիական թղթածրարը խլած է սէուտական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Պանտար պըն Սուլթանէն եւ զայն յանձնած ներքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն ՆայեՖ իշխանին:
Վերջինս անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ արաբ եւ արեւմուտքցի պաշտօնատարներու հետ մասնակցած էր Սուրիոյ ռազմաճակատի կացութեան քննարկման յատկացուած ժողովի մը:


