Նախանցեալ օր իր մահկանացուն կնքեց լիբանանցի անուանի բանաստեղծ, գրող, «Ախպար» օրաթերթի խմբագրութեան խորհրդական Ունսի Հաժ: Ան եղած է լիբանանեան նորարար գրականութեան ռահվիրաներէն մէկը տակաւին 1950-ական թուականներէն, երբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պէյրութի գրական եւ մտաւորական ոսկեդարու կերտման, մանաւանդ «Նահար» օրաթերթի մշակութային յաւելուածին եւ «Շիըր» բանաստեղծական պարբերականին ընդմէջէն:
Ունսի Հաժի կորուստով հայութիւնը կը կորսնցնէ հայ մշակոյթի մեծ բարեկամ մը, որ մէկէ աւելի առիթներով արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այս գծով իր վկայութիւնները լոյս տեսած են լիբանանահայ մամուլին մէջ: Եղեռնի 60-ամեակին առիթով «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրին մէջ լոյս տեսած է Ունսի Հաժի վկայութիւններէն մէկը: 1985-ին «Նահար»-ի արաբական եւ միջազգային յաւելուածին մէջ կատարած է յատուկ անդրադարձ Հայոց ցեղասպանութեան իսկ այս իմաստով իր կարեւոր ներդրումներէն մէկը եղած է այն, որ իր ջանքերով «Նահար» օրաթերթին հետ լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ազդակ»-ի բացառիկ թիւ մը` արաբերէնով:


