Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

20 Փետրուար 1988. Արցախեան Շարժման Հերոսական Շղթայազերծումը

February 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն.

Փետրուարի այս օրերուն, Ստեփանակերտէն մինչեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափերը, մեր ժողովուրդը կը տօնէ արցախեան շարժման հերոսական շղթայազերծման 26-ամեակը:

Կը տօնէ`

– թէ՛ Արցախի իրաւունքները իր սեփական ուժերով վերականգնած ազգի ինքնավստահութեամբ,

– թէ՛ իրեն պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմէն յաղթական դուրս եկած ժողովուրդի հպարտութեամբ,

– թէ՛ հազարաւոր հերոսներու գերագոյն անձնազոհութեամբ յառաջ մղուած արցախեան պահանջատիրական շարժումը շարունակելու, ամբողջական ազատագրութեամբ պսակելու պետական հաստատակամութեամբ:

Պատմութիւնը արձանագրեց, որ 1988 թուականի փետրուար 20-ին, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կարգավիճակով Խորհրդային Միութեան մաս կազմող, բայց ստալինեան հրահանգով ազրպէյճանական ուղղակի հակակշռի տակ դրուած հայոց հայրենի Արցախը ծառացաւ իրեն պարտադրուած ստոյգ կործանման վտանգին դէմ:

Պատմակերտ այդ օրը, ինչպէս որ շարժման 25-ամեակին առիթով կը յայտարարէր Երիտասարդ արցախցիներու հրապարակած տօնական յայտարարութիւնը, «արտայայտելով ժողովրդին կամքը` ԼՂԻՄ մարզխորհրդի 20-րդ գումարման արտահերթ նստաշրջանը ընդունեց պատմական որոշում, որով ազդարարուեցաւ իր ճակատագիրը տնօրինելու արցախահայութեան վճռակամութիւնը»:

Պատմական այդ որոշումին հետեւեցան օրհասական պայքարի արիւնալի տարիներ, որոնք յատկանշուեցան մէկ կողմէ ազերի փանթուրքիստներու գործադրած հայասպանական ոճիրներով եւ Արցախի հայաթափման գործողութիւններով, իսկ միւս կողմէ` համաթրքական այդ մոլեգնութեան ֆետայաբար դիմադրող, պարտութեան մատնող եւ հայ ազգային-ազատագրական կռուի նորագոյն խոյանքի հերոսապատումով:

Արցախեան շարժման շղթայազերծումը իր յաղթական պսակումին արժանացաւ 1991 թուականի դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէով, երբ Արցախցի Երիտասարդներու նոյն յայտարարութեան շեշտադրումով` «Արցախի ժողովուրդը ամրագրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը` հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` որպէս ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն»:

Փետրուար 1988-ի օրհնաբեր այդ օրերէն ասդին 26 տարիներ թաւալած են եւ, Արցախի հետ, ողջ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման ուղին հարթած են: Վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հռչակուած ու կայացած է ազատ ու անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլին շնորհիւ` իրողապէս նուաճուած է հայկական Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը: Հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ ապահովուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային միացման կապը: Թէեւ ազատագրեալ տարածքներուն մեծ մասը տակաւին սուր կարիքը ունի վերանորոգման, վերաբնակեցման ու զարգացման, այսուհանդերձ, Արցախը հաստատուն քայլերով կը յառաջանայ պետական շինարարութեան` տնտեսական եւ հասարակական ընդհանուր վերականգնման ուղղութեամբ:

Ցեղասպանական «մաքրագործման», տեղահանութեան, աւերման ու աւարման ծանրագոյն հարուածներ եւ վտանգներ դիմագրաւելու, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակելու եւ մոլեգնած ոսոխին զինադադար պարտադրելու ճակատագրական շրջան մը ապրեցաւ հերոսական Արցախը: Մեծ զրկանքներու եւ գերագոյն զոհաբերութեան գնով արցախահայութիւնը ուղի հարթեց: Որքան պատերազմի ժամանակաշրջանը, նոյնքան զինադադարի եւ խաղաղութեան տարիները դժուար եղան: Արտաքին ու թշնամական ճնշումները հետեւողականօրէն փորձեցին, յանուն արցախեան հարցի բանակցային կարգաւորման, արցախահայութեան պարտադրել, որ արեան գնով ազատագրուած Արցախը վերստին ենթարկուի Ազրպէյճանի տիրակալութեան:

26 տարի առաջ Ստեփանակերտէն թափ առած միացման շարժումին հետ կազմաւորուեցաւ նաեւ սերունդ, որ չունի իր նախորդներուն` ազրպէյճանական լուծի տակ ապրուած դառն ու դաժան ժամանակներու յիշողութիւնը: Բայց ազատ ու անկախ Արցախի ծնունդ այդ սերունդը անկասկած ունի խոր գիտակցութիւնը իր ժառանգած մեծագոյն հարստութեան, որ սեփական ազգին ու հայրենիքին անբաժան մասը կազմելու, ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ամրագրումն է: Մանաւանդ որ այդ ժառանգութեան նուաճումին համար ծանրագոյն գին վճարուած է սեփական ընտանիքէն հարազատի կորուստով, որբացումով եւ հաշմանդամութեամբ…

Արցախեան շարժման 26-ամեայ աւանդին ընդհանուր արժեւորման նուիրուած որեւէ անդրադարձ անպայման իրեն հետ կը բանայ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, հայ քաղաքական մտքի ջրբաժանը հանդիսացող  հայ ազգային պահանջատիրութեան ու Հայ դատի մեր ժամանակներու ռազմավարութեան կիզակէտին` արցախեան արեւելումին նորովի արժեւորման մեծադիր հարցը:

Նախ յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու գլխաւոր պահանջին ու առաջադրանքին շուրջ միասնական դիրքորոշում ունենալով հանդերձ, հայ քաղաքական միտքը, շարժման առաջին իսկ պոռթկումի օրերէն, տարակարծիք եղաւ պայքարի յարմարագոյն ռազմավարութիւնը որդեգրելու հարցին շուրջ:

Սկզբնապէս զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ ազգային-ազատագրական պայքար շղթայազերծելու անհրաժեշտութեան շուրջ ծաւալեցաւ բանավէճը: Իսկ ժամանակի թաւալումին եւ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան բարդացման հետ` ջրբաժան յառաջացաւ մէկ կողմէ այսպէս կոչուած մեծապետական ճնշումներուն հետ քայլ պահելու «իրատեսութեան», իսկ միւս կողմէ` «ծայրայեղական» որակուած ազատագրուած հայրենականը ամէն գնով պահպանելու յեղափոխական արեւելումին միջեւ:

Արցախեան շարժման շրջադարձային բոլոր փուլերուն կրնկակոխ հետեւեցաւ հայ քաղաքական մտքի ներքին այս բեւեռացումը` ի վերջոյ 1997-ին յանգելու համար Հայաստանի անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» ձեւակերպումով յայտնի երկփեղկումին:

Յատկանշական է զուգադիպութիւնը, որ արցախեան շարժման 25-ամեակը տօնեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական 6-րդ ընտրութեան օրերուն: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ շարժման 20-ամեակի օրերուն, Հայաստանի 5-րդ նախագահական ընտրութեանց ժամանակ, եւ բնաւ ալ պատահականութիւն չէր 2008-ին, որ նախագահական ընտրապայքարի ամէնէն բուռն բանավէճերէն մէկը շիկացաւ նոյնինքն արցախեան հարցի կարգաւորման յարմարագոյն ուղին ճշդորոշելու եւ որդեգրելու միեւնոյն կիզակէտին շուրջ:

Մանաւանդ որ, իբրեւ գլխաւոր մրցակից, իրարու դէմ ընտրապայքար մղեցին արցախեան ռազմավարութեան հարցով իրարմէ բաժնուած եւ իրարու հակադրուած` վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին եւ երկրորդ նախագահներու ճամբարները:

Հայաստանի նախագահական 6-րդ ընտրութեանց պարագային, նոյնիսկ հպանցիկ բաղդատականով մը, հայ մարդը վստահաբար հպարտութեամբ պիտի արձանագրէ, որ արցախեան շարժման 25-ամեակին զուգադիպած նախագահական ընտրապայքարի ողջ ընթացքին հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր թեւերով ու հատուածներով միահամուռ տէր կանգնեցաւ արցախեան արեւելումին:

Շարժման 26-ամեակին կարեւորագոյն պարգեւը անկասկած ա՛յս յաղթանակն է, որ իրաւատէր հայութիւնը տարաւ իր ներսիդին ծուարած համակերպումի ու պարտուողական «իրատեսութեան» դէմ:

Ժամանակը, փաստօրէն, հիմնովին սրբագրեց 90-ականներէն եկած խարխափումի այդօրինակ տարազումներն ու բեւեռացման եզրերը:

Բիւրեղացաւ հայ քաղաքական մտքի պահանջատիրական կողմնորոշումը, որուն հետ նաեւ` պետական այն մտածողութիւնը, թէ արցախեան հարցի բանակցային եւ արդար կարգաւորման ուղին կ՛անցնի իրապէ՛ս փոխզիջումներու եւ ոչ թէ միայն հայկական կողմի զիջումներու կածաններէն:

Ազատագրեալ Արցախին ազգովին եւ պետականօրէն տէր կանգնելու, դէպի Հայ դատի պայքարին վերջնական յաղթանակը առաջնորդելու այս արեւելումին բիւրեղացումն ու արմատաւորումը կը մնան սրբազան պարտաւորութիւններ:

 

 

Նախորդը

26 Տարի Առաջ Այս Օրերուն Սկսաւ Արցախեան Շարժումը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Պաշտօնական Լոկոն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.